Քարիւղի իր նկատառելի եկամուտը գործածելով, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը քարոզարշաւ մը կը շղթայազերծէ՝ սիրաշահելու համար ամերիկացի քաղաքական դէմքերը եւ աղարտելու համար Հայաստանն ու Արցախը (Ղարաբաղը)։
Այս երկու զոյգ նպատակակէտերը իրագործելու համար Ատրպէյճան վերջին երեք տարիներուն միլիոնաւոր տոլար ծախսած է՝ վարձելու համար լոպպիինկի շարք մը մեծ ընկերութիւններ, ինչպէս՝ «Տը Լիվինկսթըն Կրուփ»ը, «Ճէյ.Տապըլիու.Այ.»ը, «Չլոփաք, Լենըրտ, Շեշթըր եւ Գործակիցներ»ը եւ «Մելուուտ Քոմիունիքէյշընզ»ը։ Առաւել Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի ընդհանուր հիւպատոսը շուրջ մէկ տարի առաջ վարձեց «Սիթրիք Անտ Քամփընի»ն եւ հետագային զայն փոխարինեց «Տը Թուլ Շետ Կրուփ»ով՝ հիմնուած Ճէյսըն Քաթզի կողմէ, որ Ամերիկեան հրէական յանձնախումբի հանրային հարցերու նախկին տնօրէնն է։
Մինչ Ատրպէյճանի դեսպանատունը, իր լոպպիինկի խումբերուն հետ միասին, թիրախ ընտրած է մայրաքաղաք Ուաշինկթընի բարձրաստիճան պաշտօնատարները, եւ անոր հիւպատոսարանը Լոս Անճելըսի մէջ աւելի հետաքրքրուած է Քալիֆորնիոյ հայկական մեծ համայնքի քաղաքական ազդեցութեան հակահարուածներ տալով։ Բարեբախտաբար ո՛չ դեսպանատունը ո՛չ ալ հիւպատոսարանը մեծ յաջողութիւններ արձանագրած են։
Վերջերս Ատրպէյճանի դեսպանատունը փորձեց կարգ մը քոնկրէսականներէ Հայաստանը դատապարտող կեցուածքներ ձեռք ձգել, ինչ կը վերաբերի 1992ի Արցախի պատերազմին ընթացքին հարիւրաւոր ատրպէյճանցիներու ենթադրեալ սպանութեան։ Հակառակ մեծ ուժ ներկայացնող լոպպիինկի ընկերութիւններու համադրուած աշխատանքներուն, Ատրպէյճան յաջողեցաւ համոզել Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի 535 անդամներէն միայն մէկը՝ այդ գործը ընելու համար։ Քոնկրէսական Էտ Ուիթֆիլտ (հանրապետական, Քենթաքիէն), Թուրքիոյ հարցերը պաշտպանող քոնկրէսական խմբակի համանախագահ մը, Քոնկրէսի միակ անդամն էր, որ հաստատումներ կատարեց այդ մեծապէս խնդրայարոյց դէպքերուն մասին։
Ատրպէյճան տակաւին աւելի նուազ յաջողութիւն արձանագրեց Քալիֆորնիոյ մէջ, հակառակ իր ժամանակի, դրամի եւ մարդուժի մեծ ներդրումին։ 2005ին նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Ֆլեչըր Սքուլ Աֆ Լօ Անտ Տիփլոմասի»ն աւարտած Էլին Սիւլէյմանովը նշանակեց իբրեւ Ատրպէյճանի առաջին ընդհանուր հիւպատոսը Լոս Անճելըսի մօտ։ Սիւլէյմանով «Ազերի Փրես Էյճընսի»ին յայտնեց, թէ իր գլխաւոր պարտականութիւններէն մէկն է հակահարուած տալ Քալիֆորնիոյ հայկական համայնքի քաղաքական հեղինակութեան։ Ան անմիջապէս նամակ մը յղած էր Լոս Անճելըսի թատերասրահներէն մէկուն տիրոջ՝ խնդրելով ջնջել շրջանի հայկական խումբերէն մէկուն կողմէ կազմակերպուած արցախեան ձեռնարկ մը։ Դիւանագէտին բողոքը հակիրճ ձեւով մերժուած էր եւ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ծրագրուածին համաձայն։
Ընդհանուր հիւպատոս Սիւլէյմանովի ձախողութիւնը կարելի չէ վերագրել անոր խանդավառութեան եւ կորովի պակասին։ Ան աշխուժօրէն փորձած է յառաջ տանիլ Ատրպէյճանի շահերը, միւս կողմէ չփախցնելով Հայաստանն ու Արցախը նսեմացնելու առիթները։ Իր կառավարութեան կողմէ վարձուած լոպպիինկի ընկերութիւնները իրեն համար շրջապտոյտ մը կազմակերպած էին դէպի Քոլորատօ, Հաուայի, Այտըհօ, Միշիկըն, Օրեկըն եւ Ուայոմինկ, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ կարգ մը շրջաններ՝ համալսարանական ուսանողներու դասախօսութիւն տալու, տեղացի քաղաքական դէմքերուն հետ տեսակցելու, ինչպէս նաեւ յօդուածներ ստորագրելու համար օրաթերթերու մէջ՝ խաթարելով անոնց վարկը։
Սիւլէյմանով նոյնիսկ այցելեց Մոնթանայի հնդիկ համայնքին եւ այնտեղ հռչակեց, թէ ցեղային նմանութիւններ կան ատրպէյճանցիներուն եւ բնիկ հնդիկներուն միջեւ։ Մոնթանայի համալսարանէն ուսանող մը մէջբերում մը կատարեց Սիւլէյմանովէն, թէ՝ բնիկ ամերիկացիները ծագում առած են Ատրպէյճանի շրջանէն եւ թէ այդ պատճառով ընդհանուր հիւպատոսը «որոշ մօտիկութիւն մը կը զգայ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող ցեղախումբերուն նկատմամբ, այնպէս ինչպէս եղբայրներ կամ զարմիկներ կը զգան»:
Ատրպէյճանի լոպպիինկի ընկերութիւններուն գլխաւոր իրագործումը քալիֆորնիացի չորս օրէնսդիրներու Պաքու այցելութիւնը դասաւորելն էր 2007ին։ Փոխադարձաբար, վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Ատրպէյճանի խորհրդարանի շարք մը անդամներ եւ նախարար մը այցելած են Քալիֆորնիա մէկէ աւելի առիթներով։
Այդուհանդերձ, հակառակ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր շրջանակներուն մէջ Ատրպէյճանի լոպպիինկին, Պետական համագումարի եւ Ծերակոյտի հարիւր քսան անդամներէն միայն մէկը համաձայնեցաւ Փետրուար 2009ին նամակ մը յղել նախագահ Ալիեւին՝ ցաւակցելով «Խոջալուի զոհերուն» համար։ Այդ նամակը՝ ստորագրուած համագումարի անդամ Ֆիլիփէ Ֆուենթեսի կողմէ, ընդօրինակուած էր լոպպիիսթ Ճէյսըն Քաթզի կողմէ տրամադրուած օրինակէ մը։ Կ’արժէ նշել, որ Քաթզ առաջարկած էր բարեկամ օրէնսդիրներ Ատրպէյճան տանիլ խնճոյքներու համար։
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Փօլ Գրիգորեան (դեմոկրատական, Կլէնտէյլէն) աշխատանք տարաւ արգիլելու ուրիշ օրէնսդիրներու կողմէ նամակին ստորագրութիւնը՝ զգուշացնելով իր պաշտօնակիցները անոր մէջ գոյութիւն ունեցող սուտերուն մասին։ Համագումարի անդամ Ֆիլիփէ Ֆուենթեսի կողմէ ստորագրուած այդ նամակը ընդհանուր հիւպատոս Սիւլէյմանովի կողմէ ողջունուեցաւ իբրեւ Ատրպէյճանի համար մեծ յաղթանակ մը։ Ատրպեճանական մամուլը ամբողջ աշխարհով մէկ տարածեց այդ նամակը՝ սխալ կերպով զայն ներկայացնելով իբրեւ դատապարտութիւն հայերուն կողմէ կարծեցեալ «ցեղասպանութեան» մը…
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ անոր ներկայացուցիչները կարծես չեն անդրադառնար, որ իրենց շահին չի ծառայեր Քալիֆորնիոյ ազդեցիկ հայկական համայնքը նսեմացնելն ու գրգռելը։ Պատահական չէր, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ Սիւլէյմանովի վերջին ելոյթը ողջունուեցաւ ուսանողական բողոքի ցոյցով մը։
Եթէ Ատրպէյճանի ընդհանուր հիւպատոսը եւ իր վարձկան զէնքերը շարունակեն Հայաստանի եւ Արցախի մասին սուտեր տարածել արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, ապա ամերիկահայերը կրնան չէզոքացնել անոնց քարոզարշաւը՝ Լոս Անճելըսի մէջ հիմնելով Արցախի հանրային հարցերու գրասենեակ մը, իբրեւ մասնաճիւղը այն գրասենեակին, որ ներկայիս կը գործէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի խմբագիր