Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքի դաշտը կ’ենթադրենք, որ Սփիւռքն է, իր աշխարհագրական հսկայական քարտէսով. Սփիւռքը, որ միատարր չէ, որ բաղկացած է Ցեղասպանութեան հետեւանքով տարագիր արեւմտահայութեան ժառանգներէն եւ վերջին տասնամեակներուն Հայաստանէն արտագաղթած բազմահազար հայորդիներէն:
Սփիւռքի նախարարութեան աշխատողները ի՞նչ տուեալներ պէտք է ունենան, ի՞նչ ուսման, կրթութեան ու պատրաստուածութեան տէր պէտք է ըլլան:
Նախարարութեան պատասխանատուները, վստահ ենք, որ ունին իրենց առաքելութեան եւ աշխատանքի բնոյթին, էութեան համապատասխանող պայմաններու ցուցակը եւ այդ պայմանները լրացնող թեկնածուներն են, որոնք գործի կը լծուին:
«Առաւօտ» թերթը, իր Ուրբաթ օրուան թիւով, այս հարցին մասին հարեւանցիօրէն կ’անդրադառնայ՝ արծարծելով սփիւռքի նախարարութեան աշխատողներուն արեւմտահայերէն սորվելու, կամ դասական ուղղագրութեամբ գրութիւններ կարդալու խնդիրը:
Այս հարցին շուրջ նախարարին պատասխանը հետեւեալն է. «Արեւմտահայերէն սովորելու պահանջ չի եղել: Եղել է առաջարկ, հեղինակն էլ ինքն է (նախարարը-Խմբ.): Սփիւռքի նախարարութիւնը ստանում է բազմաթիւ նամականեր, թերթեր եւ ամսագրեր, որոնք դասական ուղղագրութեամբ են, իսկ նախարարութեան աշխատողների 90 տոկոս ը, բնականաբար, չգիտի այդ ուղղագրութիւնը: Ես խօսել եմ մասնագէտների հետ, ասում են՝ ընդամէնը եօթը կանոն է եւ այդ եօթը կանոնը կարելի է մէկ ամսում սովորել: Դժուար չէ, եթէ մենք շաբաթը երկու օր՝ աշխատանքից յետոյ սովորենք: Ես կարծում եմ, որ մենք պէտք է կարողանանք իրար ճիշդ հասկանալ: Եթէ օտար լեզուներ սովորում ենք, ապա մեր լեզուի միւս ուղղագրութիւնը կարող ենք սովորել: ՀՀ պաշտօնական լեզուն արեւելահայերէնն է, բայց արեւմտահայերէնը պետութեան պաշտպանութեան կարիք ունի: Այսօր արեւմտահայերէնը կրում են անհատներ եւ կարող է կեանքի բերումով դառնալ լեզուի մեռած հատուած: Իսկ մենք արեւմտահայերէնով ունենք հսկայական ժառանգութիւն, որը չպէտք է թողենք անտէր»:
Յոյսով ենք, որ արեւմտահայերէնը անտէր թողելու մտահոգութիւնը չէ միայն հիմքը Սփիւռքի նախարարութեան կամ Հայաստանի կառավարութեան լեզուական քաղաքականութեան: Արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման խնդիրը հայեցակարգային խնդիր է, որ տեղ պէտք է գտնէ հայկական պետութեան որդեգրած ազգային քաղաքականութեան ռազմավարական սկզբունքներուն մէջ:
Այստեղ, վերադառնալով սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի անդամներու պատրաստուածութեան հարցին, առանց անշուշտ պահանջելու կամ պայման դնելու, որ կրնայ թիւրիմացաբար մեկնաբանուիլ իբրեւ սփիւռքահայերու միջամտութիւն պետական գործերու մէջ, կ’ենթադրենք, որ իբրեւ գործի ընդունման նուազագոյն պայման պէտք է ակնկալել, որ աշխատողները ըլլան մարդիկ, որոնք գիտակից են ու զգայուն՝ սփիւռքահայերու իւրայատկութիւններուն, զանոնք յուզող խնդիրներուն, լեզուական առանձնայատկութիւններուն, մշակութային ազդեցութիւններու ու փոխազդեցութիւններու ամբողջ թնճուկին, դասական ուղղագրութիւնը գործածելու սկզբունքային դիրքորոշումին:
Զգայնութիւնը՝ իբրեւ նուազագոյն նախապայման աշխատանքի:
Ոեւէ սփիւռքահայ նման պահանջ կամ ակնկալութիւն ունենալու խնդիր չունի: Այդ խնդիրը գործի հրաւիրողը՝ նախարարը կամ համապատասխան «քատրային» բաժնի պատասխանատուն պիտի ըլլայ: Այլապէս, չենք կրնար երեւակայել, թէ սփիւռքեան զանգուածներու, նոյնիսկ միայն այդ զանգուածներու ղեկավար օղակներուն հետ իրենց հաղորդակցութիւնը ինչպէս պիտի կարենան սահուն կատարել:
Մէկ այլ հարց:
Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան գնահատման մէջ, Սփիւռքը որեւէ ձեւով ներդրում կրնա՞յ ունենալ:
Գործնականապէս, օրինականօրէն ոչ: Կը հասկնանք այդքանը: Նախարարութիւնը ենթակայ է կառավարութեան ու նախագահին, եւ իր գնահատականը պիտի ստանայ անոնցմէ:
Բայց եթէ նախարարութիւնը չկրցաւ աշխատիլ Սփիւռքին հետ, չկրցաւ գտնել իր գործունէութիւնը արդիւնաւէտ դարձնելու կախարդական բանաձեւը, չկրցաւ լեզու գտնել սփիւռքահայութեան հետ իբրեւ ամբողջութիւն, անպայմանօրէն այդ անկարողութիւնը կը դրսեւորուի եւ վստահաբար կ’արժանանայ օրինականօրէն գնահատում կատարելու իրաւասութիւնը ունեցողներուն վերաբերմունքին: