Ղարաբաղի հարցին վերաբերեալ Թուրքիոյ ատրպեճանական շահերն ու դիրքորոշումները պաշտպանելու նախանձախնդրութիւնը կասկածի տակ չենք կրնար առնել:
Մամուլի մէջ վերջերս հրապարակուած այն տեղեկութիւնները այն մասին, թէ՝ Ատրպէյճան, չբաւարարուելով թրքական քաղաքական գիծին մէջ յօգուտ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման իր տարբերակի պաշտպանութեան ուժգնութենէն, կամ կասկածելով, որ այդ գիծին մէջ որոշ շեղում եղած է, որոշած է պատժել Թուրքիան՝ բարձրացնելով անոր յարմարաւէտ գինով մատակարարած բնական կազին գիները, չեն կրնար հիմնաւոր ապացոյցներ նկատուիլ, որ Թուրքիան դարձած է աւելի չէզոք հայ-ատրպեճանական հակամարտութեան հանդէպ իր դիրքորոշման մէջ:
Նոյնիսկ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Թուրքիոյ մէջ ՄԱԿի հովանաւորութեամբ Ապրիլ 6-7ին տեղի ունենալիք «Քաղաքակրթութիւններու դաշինք» համաժողովին չմասնակցելու քայլը, չենք կրնար ընդունիլ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն՝ ընդդէմ թրքական քաղաքականութեան փոփոխութեան՝ Ղարաբաղի հարցի կապակցութեամբ: Թուրքիոյ նախագահի ու վարչապետի հաւաստումները, թէ՝ առանց ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման մէջ կարեւոր տեղաշարժի՝ Հայաստանի հետ սահմանները բանալու ոչ մէկ հնարաւորութիւն կայ, խօսուն ապացոյցներ են հակառակին:
Ինչո՞ւ ուրեմն Ատրպէյճանի այս անհանգստութիւնը:
Կրնա՞յ ըլլալ, որ Հայաստան-Թուրքիա, Թուրքիա-Ատրպէյճան, Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու շրջանակին մէջ Թուրքիան իր առջեւը դրած խնդիրները լուծելու մարտավարութեան մանրամասնութիւնները չ’ուզեր կիսել նոյնիսկ իր եղբօր՝ Ատրպէյճանի հետ, վախնալով, որ իր անփորձ կրտսերը կրնայ զգացական հակազդեցութիւն ունենալ որոշ նրբութիւններու հանդէպ, խանգարելով յստակ շահեր հետապնդելու կոչուած իր մեծ ծրագիրը:
Ծանօթ ըլլալով թրքական արտաքին քաղաքականութեան առանցքային առաջնահերթութիւններուն, կարելի է եզրակացնել, թէ՝
– Թուրքիա կը մնայ Ատրպէյճանի կողքին՝ Ղարաբաղի հարցի գծով, վերջնական նպատակ ունենալով Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը.
– Թուրքիա Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները կանոնաւորելու փափաքը ունի, սակայն այդ փափաքը ռազմավարական այնքան ալ ուժեղ հիմնաւորումներ չունի, որ մղէ Թուրքիան վերատեսութեան ենթարկելու իր արտաքին քաղաքականութիւնը.
– Թուրքիա միջազգային իր վարկն ու հեղինակութիւնը պահելու համար եւ ցեղասպանի խարանէն ձերբազատելու համար, կը խաղայ հայկական կողմին հետ՝ թուրք-հայկական սահմանները բանալու ձգտումը չարաշահելով.
– Բանակցութիւններու գործընթացը իր ստեղծած մթնոլորտով, իր լուրերու միտումնաւոր ու նպատակային սպրդումներով Թուրքիոյ համար միայն նպաստաւոր իրավիճակներ ստեղծելու կը ծառայէ, հետեւաբար որքան կարելի է, պէտք է ձգձգձել զայն, այլապէս կտրուկ պահանջները կամ դիրքորոշումներու յստակութիւնները կրնան պատճառ ըլլալ գործընթացի դադրեցման:
Իսկ ի՞նչ կը հետապնդէ հայկական կողմը:
Միայն սահմանները բանա՞լ:
Միայն սահմանները բանալու համար պատրա՞ստ է ղարաբաղեան հարցի գծով զիջումներ կատարելու:
Միայն այդ քայլին համար պատրա՞ստ է Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը վիճելի պատմական իրադարձութեան մը վերածելու դաւադրութիւնը իր կնիքով օրինականացնելու:
Միայն այդ քայլին համար պատրա՞ստ է ազգին մէջ պառակտում սերմանող մթնոլորտը ծաղկեցնելու:
Հայաստանը այս բանակցութիւններու գործընթացէն ի՞նչ կը շահի: Ղարաբաղի հարցով ժամանա՞կ, թէ թրքական կողմի ժամանակաւոր ճկունութիւն, մեղմացում: Այդքանը բաւարա՞ր է:
Ամբողջ ազգով ներքաշուած ենք այս գործընթացի խաղին մէջ, անձկութեամբ, մտահոգութեամբ, տագնապով: Մեր անհանգստութիւնը կու գայ անորոշութենէն, հայկական դիւանագիտութեան որդեգրած բանակցութիւնները մշուշոտ պահելու մարտավարութենէն, որ շատ դիւրութեամբ հայոց նաւը վտանգաւոր ու կործանիչ խութերու կրնայ առաջնորդել: