Մինչ կարգ մը հայեր կ’արձակեն Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախագահ Օպամայի քարոզարշաւի հանդիսաւոր խոստումը, թուրք ղեկավարները նախագահին խոստումը շատ լուրջի առած են։
Անգարան Ուաշինկթըն գործուղած է շարք մը բարձրաստիճան պատուիրակներ, թէ՛ Օպամայի պաշտօնի ստանձնման արարողութենէն առաջ եւ թէ՛ անկէ ետք՝ Սպիտակ տան եւ Քոնկրէսի գլխաւոր որոշում առնողներուն մօտ այդ հարցին գծով արագ լոպպիինկի աշխատանք տանելու նպատակով։
Սակայն նախագահ Օպաման Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէն ետ կեցնելու թրքական ծրագիրը լուրջ հարուած մը ստացաւ, երբ վարչապետ Էրտողան կոշտ կերպով քննադատեց Իսրայէլի կողմէ Կազայի ներխուժումը եւ զայրոյթի արտայայտութիւն ունեցաւ նախագահ Շիմոն Փերեզի հանդէպ Տաւոսի մէջ։ Էրտողանի խօսքերէն զայրացած՝ իսրայէլացի եւ հրեայ ամերիկացի ղեկավարներ այցելու թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն ըսին, թէ այլեւս դէմ պիտի չդնեն Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծերուն։
Մինչ 24 Ապրիլը կը մօտենայ, թուրք ղեկավարներ կ’արագացնեն իրենց երկսայրի քարոզարշաւը՝ փորձելով արգիլել քոնկրէսական օրինագիծը, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան տարեդարձին առիթով նախագահ Օպամայէն ակնկալուած յայտարարութիւնը։ Ուաշինկթընի մէջ իրենց դեսպանին, լոպպիինկի ընկերութիւններուն եւ խորհրդարանական պատուիրակներուն միջոցաւ Թուրքիոյ յարատեւ ջանքերէն անդին, թուրք ղեկավարները նաեւ ճնշում բանեցուցին Անգարայէն անցնող ամերիկացի պաշտօնատարներու վրայ, ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Միջին արեւելքի բանագնաց Ճորճ Միչըլին եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին վրայ։
Իրենց լոպպիինկի խնճոյքներէն տուն վերադառնալէն ետք, թուրք պաշտօնատարներ դիտել տուին, թէ Ուաշինկթընի մէջ իրենց յաճախակիօրէն ըսուած էր, որ եթէ Թուրքիա Հայաստանի հետ իր սահմանը անմիջապէս չբանայ, ապա մեծ հաւանականութիւն կայ, որ նախագահ Օպաման «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործէ 24 Ապրիլին իր արտասանած խօսքին մէջ։ Այդ էր պատճառը հաւանաբար, որ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան անցեալ շաբաթ նշեց, թէ «ռիսք» կայ, որ ամերիկացի նախագահը կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը յառաջիկայ ամիս։
Ուրեմն ինչո՞ւ Թուրքիան կը թուի իր շահերուն հակառակ գործել՝ շարունակելով սահմանները փակ պահել եւ ինքզինք նախագահին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման վտանգին տակ դնել։
Ըստ իս, մեծապէս փորձառու թուրք դիւանագէտները ուշացման մարտավարութեան խաղը կը խաղան՝ առաւելագոյն շահ ապահովելու համար Հայաստանի հետ սահմանին անխուսափելի բացումէն։
Թրքական խաղին ծրագիրն է արգիլել կամ մեղմացնել նախագահ Օպամայի 24 Ապրիլի յայտարարութիւնը, կա՛մ ընդհանրապէս առանց սահմանը բանալով, կա՛մ ալ այդ մէկը կարելի եղածին չափ ուշացնելով։ Թուրք պաշտօնատարներ կը ստեղծեն այն տպաւորութիւնը, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները հաստատ ընթացքով մը կը բարելաւուին, ինչպէս «գաղտնի» հանդիպումներու միջոցաւ, որոնց մասին լուրեր կը սպրդին մամուլին մէջ, ինչպէս նաեւ յայտարարուած բարձրաստիճան հանդիպումներու միջոցաւ։ Այդ ձեւի հանդիպումներ, ներառեալ՝ «ֆութպոլի դիւանագիտութիւն»ը, հանրային յարաբերութիւններու մարզին մէջ բարձր նիշ ապահոված են Թուրքիոյ համար, ինչպէս նաեւ վստահելիութիւն տուած անոնց այն տարաձայնութիւններուն, թէ՝ յարաբերութիւնները իրապէս կը բարելաւուին։
Թուրքերը շարք մը պատճառներ ունին ձգելու համար այն տպաւորութիւնը, թէ՝ շուտով պիտի բանան սահմանը, առանց իրապէս այդ մէկը ընելու։ Նախ եւ առաջ, Հայաստանի հետ որեւէ հաշտութեան քայլ պիտի վնասէ Ատրպէյճանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն։ Թուրք պաշտօնատարներ փորձած են այդ հարցը դասաւորել՝ Արցախի (Ղարաբաղի) վերադարձը Ատրպէյճանին իբրեւ նախապայման ճշդելով սահմանը բանալուն։ Տրուած ըլլալով, որ հայկական կողմը կը թուի մերժած ըլլալ այդ առաջարկը, Անգարան ստիպուած եղած է հրաժարելու սահմանի բացումէն եւ Արցախի տագնապին միջեւ կապ մը ստեղծելէն։
Երկրորդ՝ մնայուն կերպով կրկնելով, թէ իրենք «նուրբ բանակցութիւններ»ու մէջ են Հայաստանի հետ, թուրք պաշտօնատարներ փորձած են արգիլել ուրիշ երկիրներու, յատկապէս Միացեալ Նահանգներուն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը, հակառակ անոր, որ այդ երկու հարցերը ամբողջովին անկապ են։
Երրորդ՝ թուրք պաշտօնատարներ կ’անդրադառնան, որ արագ կերպով սահմանը բանալը իրենց շահին չի ծառայեր։ Որքան քաշքշեն բանակցութիւնները, այդքան աւելի զիջումներ կը յուսան ձեռք ձգել Հայաստանէն. երկար ժամանակի գոյատեւման վարկը շահած թրքական դիւանագիտական կիրառութիւն մը…
Չորրորդ՝ սահմանի բացումը ուշացնելով, Թուրքիա նաեւ յաւելեալ ժամանակ կը շահի Օպամայի վարչամեքենային հետ՝ հասնելու համար աւելի նպաստաւոր հասկացողութեան մը թէ՛ քոնկրէսական օրինագիծին, եւ թէ՛ նախագահին 24 Ապրիլի յայտարարութեան շուրջ։
Հինգերորդ՝ կայ նաեւ ուրիշ կարեւոր պատճառ մը վարչապետ Էրտողանի եւ իր իշխող կուսակցութեան կողմէ ուշացման մարտավարութեան օգտագործման վերաբերեալ. Հայաստանի հետ որեւէ համաձայնութիւն, որ կը կայացուի 29 Մարտին տեղի ունենալիք թրքական տեղական ընտրութիւններէն առաջ, պիտի վնասէ քուէարկութիւններուն։
Վեցերորդ՝ թուրք պաշտօնատարները հաւանաբար պիտի սպասեն մինչեւ Ապրիլի առաջին շաբաթը, երբ նախագահ Օպամայէն կ’ակնկալուի այցելել Թուրքիա՝ իրեն հետ ուղղակիօրէն քննարկելու համար մէկ կողմէ սահմանի բացման հարցին, եւ միւս կողմէ Իրաքէն հեռացող ամերիկեան զօրքերուն տարանցիկ իրաւունքներ տալու, Աֆղանիստան յաւելեալ թրքական զօրք ղրկելու, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ամերիկեան ճանաչումը արգիլելու միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը։
Հակառակ անոր, որ ամերիկահայերը ո՛չ կրնան հաւասարիլ Թուրքիոյ ընդարձակ աղբիւրներուն, ո՛չ ալ Ուաշինկթընի մէջ անոր հզօր հեղինակութեան, բնականաբար անոնք մեծապէս մտահոգ են թրքական խաղերով եւ լուրջ աշխատանքի լծուած են ապահովելու համար նախագահ Օպամային կողմէ՝ իր նախընտարական քարոզարշաւի Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տրուած խոստումին իրականացումը։
Հակառակ վստահելի աղբիւրներէ եկած տեղեկութիւններու, թէ Հայաստանն ու Թուրքիան համաձայնութիւն մը պիտի կնքեն, երբ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճանը այցելութիւն տայ Երեւան՝ 16 Ապրիլին, կը յուսանք որ հայաստանցի պաշտօնատարները կը յետաձգեն 24 Ապրիլէն առաջ Անգարայի հետ որեւէ փաստաթուղթի ստորագրութիւնը։ Այլապէս, Հայաստանի ղեկավարութիւնը ոչ միայն սրբապղծած պիտի ըլլայ հայ նահատակներուն յիշատակը, այլեւ կատարեալ պատրուակը տուած պիտի ըլլայ Օպամայի վարչամեքենային՝ չճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը յառաջիկայ Ապրիլին։ Սահմանի բացման տասնվեց տարի սպասելէ ետք, Հայաստան կրնայ քանի մը օր եւս սպասել։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր