Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ դիւանագիտական փորձը դարերու պատմութիւն ունի եւ անցեալին իր ճկունութիւնն ու ազգային իր շահերու պաշտպանութեան տեսակէտէն բաւական յաջող գործողութիւնները կրնան տպաւորել համայն աշխարհը:
Այս տեսանկիւնէն է, որ չափազանց անհասկնալի կը դառնայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճանի վարքագիծը՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու գծով սուտ յայտարարութիւններ կատարելէ չխուսափելու իրողութիւնը:
Պապաճան գիտէ, թէ որքա՛ն զգայուն հարց է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը: Անշուշտ այդ զգայնութիւնը միայն կարելի է գնահատել, եթէ իսկական, անկեղծ մտադրութիւն կայ թրքական կողմէն՝ կանոնաւորելու յարաբերութիւնները: Այդ մտադրութեան հիմքերը թրքական պետական որոշ շահերն են, որոնցմէ են գլխաւորաբար Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման արշաւի դադրեցումը, Ղարաբաղի բանակցութիւններուն մաս կազմելու յայտնի փափաքը (յօգուտ Ատրպէյճանի լծակ մը դառնալով այս բանակցութիւններուն մէջ), եւ Կովկասի մէջ գլխաւոր դերակատար պետութիւնը դառնալու անթաքուն իղձը, որ կրնայ նաեւ զուգորդուիլ տնտեսական որոշ նկատառումներու հետ՝ միջցամաքամասային ճանապարհները առաւել ազատ ծրագրելու ու կառավարելու կապակացութեամբ:
Այս ծրագիրները կարեւոր են Թուրքիոյ համար եւ եթէ թրքական դիւանագիտութիւնը հրաշքով մը կարենայ Հայաստանի «անփորձ» դիւանագէտները համոզել, ապա հսկայական ձեռքբերում մը կրնայ ապահովել իր պետութեան հաշւոյն: Առաւել եւս, ուրեմն, թրքական դիւանագիտութիւնը պարտի զգուշաւոր ըլլալ իր Հայաստանի առնչութեամբ ուղղակի կամ անուղղակի բոլոր յայտարարութիւններուն մէջ:
Փաստ է, սակայն, որ Հայաստան-Թուրքիա երկկողմանի բանակցութիւններուն մասին թրքական դիւանագիտութեան գլուխը կանգնած անձը սուտ ու թիւրիմացութիւն յառաջացնող ելոյթներ կ’ունենայ գրեթէ ամէն անցնող օր: Կրնա՞յ պատահիլ, որ այս ամէնը կ’ըլլան անմեղօրէն, կամ միամտաբար: Կրնա՞յ պատահիլ, որ Պապաճան անհրաժեշտ կամ ճիշդ տեղեկութիւններ չի ստանար իր ստորադասներէն՝ ծիծաղի առարկայ դառնալով միջազգային հանրութեան առաջ:
Եթէ այս բոլորը անհաւանական են, կը մնայ դիւանագիտական խաղ տեսնել այս վարքագծին մէջ, որուն միակ մեկնաբանութիւնը կրնայ ըլլալ՝ վարկաբեկել ամբողջ երկխօսութեան գործընթացը, անմիջական շահեր ապահովելով գոհանալ ու շատ շուտով ձերբազատուիլ այս ամէն «գլխացաւ»էն, որ կարծես իրենց տրուեցաւ ֆութպոլի գնդակի անակնկալ հարուածով մը՝ հայկական դիւանագիտական դարպասէն նետուած:
Անմիջական շահերէն ամէնէն առաջինը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի քննարկումը Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու տան օրակարգէն դուրս պահելը պիտի ըլլայ: Թուրքիոյ համար այս հարցին կարեւորութիւնը երբե՛ք կարելի չէ թերագնահատել: Ան առանցքային տեղ կը գրաւէ Թուրքիոյ Ամերիկայի հետ քաղաքական յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ ու կ’արժանանայ պետական համապատասխան ուշադրութեան ու միջոցներու՝ թէ տնտեսապէս եւ թէ դիւանագիտական ճնշումներու ու լարախաղացութեան ձեւով:
Հայաստանի արտաքին դիւանագիտութեան կը մնայ չարտօնել, որ Թուրքիան իր խաղը տանի այսքան դիւրութեամբ, հակազդել անոր եւ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն նպաստել Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի հաստատման:
Նման քայլերով, Հայաստան նաեւ կրնայ մղել թրքական դիւանագիտութիւնը իր իսկական մտադրութիւնները դրսեւորելու եւ երկողմանի բանակցութիւնները քիչ մը աւելի լուրջ ու հիմնաւոր մակարդակով առաջ տանելու պայմաններ ստեղծելու: Միայն այդպիսի երկխօսութեամբ կարելի է յոյս ունենալ, որ երկու ժողովուրդներուն պատմութիւնը ունեցող հարեւան երկիրներ կարենան ի վերջոյ լեզու գտնել եւ աշխատիլ լուծել խնդիրները, որքան ալ ցաւոտ ըլլան անոնք, որքան ալ անլուծելի թուին: