Դիւանագիտական խաղերը, կեղծիքը, սուտը, ապատեղեկատուութիւնը, խաբէութիւնը, խարդաւանքներն ու ճնշումները, այս բոլորը բաղկացուցիչ մասը դարձած են հայ-թրքական «յարաբերութիւններու բնականոնացման» գործընթացին՝ ի սկզբանէ վարկաբեկելով բանակցութիւնները ու կասկածելի դարձնելով զանոնք ձեռնարկողներու լրջութիւնը՝ այդ բանակցութիւնները իրապէս լուծումի մը յանգեցնելու ուղղութեամբ:
Իրավիճակի այս գնահատումէն մեկնելով՝ կարեւոր կը գտնենք մեր կողմէ յստակացումներ կատարել, բանաձեւել մեր կեցուածքներն ու դիրքորոշումները՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բանակցութեանց գործընթացին վերաբերեալ:
Հայաստանը շրջափակումէն դուրս բերելու ու անոր առջեւ միջազգային բոլոր ճանապարհները բաց տեսնելու առաջադրանքը կը բխի մեր ժողովուրդի մարդկային տարրական իրաւունքներէն: Այդ հարցին հետապնդումը, ուրեմն, անկախ այն փաստէն, որ սահմաններու բացումով տնտեսապէս կը տուժենք կամ կը շահինք, կը նկատենք քաղաքական կարեւոր ու անհրաժեշտ աշխատանք: Սահմանները միտումնաւոր, տնտեսական շահադիտական նպատակներով փակ պահելը կրնայ ժամանակաւոր խնդիրներ լուծել՝ երկար ճանապարհի վրայ երկրի ռազմավարական ընտրութիւնները սահմանափակելու գնով:
Սահմաններու բացումը, սակայն, պէտք է հիմնաւորուի միայն ու միայն բարի դրացիական կամքի արտայայտութիւններով, միջազգային իրաւունքի ու օրէնքներու առաջ մղած սկզբունքներով, զորս մեր հարեւան Թուրքիան պարտի նկատի առնել, եթէ անշուշտ ի վերջոյ կÿուզէ մաս կազմել եւրոպական ընտանիքին:
Սահմանները բանալու եւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու համար որեւէ պայման, որեւէ նախապայման Թուրքիոյ կողմէ անբարոյական է ու անընդունելի:
Հիմնովին անընդունելի է Ցեղասպանութիւնը դոյզն իսկ կասկածի ենթարկող որեւէ նախապայման, ըլլայ ատիկա հայ-թրքական թէ միջազգային մակարդակի պատմաբաններու յանձնաժողով կամ յանձնաժողովներ կազմելու ծածկոյթով: Նման պայմանի համաձայնող իշխանութիւնը չի կրնար հայ ժողովուրդին անունով խօսելու յաւակնութիւնը ունենալ, ի՛նչ օրինականութեամբ ալ պսակուած ըլլայ անոր ճակատը:
Հիմնովին անընդունելի է այդ բանակցութիւնները հեռաւոր կամ մօտաւոր կերպով կապելը Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անկախութեան եւ անոր անվտանգութեան հարցի քննարկման հետ: Հազար անգամ կրկնուած է ու դարձեալ կը կրկնենք, որ Թուրքիան այդ հարցով չէզոք միջնորդ կամ դերակատար չի կրնար ըլլալ, ու պէտք չէ անոր իրաւունք տալ այդ խնդիրի արծարծումով զբաղելու, մանաւանդ հայ-թրքական բանակցութիւններու ծիրէն ներս: Հասկնալի է, որ Թուրքիան ձեռքով-ոտքով մասնակից է եւ որ քաղաքականօրէն, դիւանագիտօրէն ու նոյնիսկ ռազմականօրէն իր նպաստը կը բերէ իր «եղբայր» Ատրպէյճանին դատը պաշտպանելու գործին՝ բոլոր ատեաններուն ու դաշտերուն վրայ: Այդպէս ալ պիտի շարունակէ: Իր գիտնալիքն է, իր իրաւունքն է, բայց այդ իրաւունքը մեր երկրի ղեկավարութենէն պէտք չէ ստանայ:
Բանակցութիւններու ընթացքը փրկելու միտուած ամերիկեան «բարեմիտ» միջամտութիւնները, իրենց հետապնդած տարածաշրջանային ու միջազգային իսկական հաշուենկատութեամբ, եթէ կոպտօրէն պիտի անտեսեն Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին շահերը, ապա կÿակնկալենք, որ մեր երկրի ղեկավարութիւնը, Հայաստան պետութեան լծակները առաւելագոյն ճարտարութեամբ ու դիւանագիտօրէն օգտագործելով՝ կարենայ դիմակայել ու խուսափիլ իրեն ի վնաս քայլեր առնելէ:
Մեր կարգին, իբրեւ այս երկրի քաղաքացիներ, մենք ալ մեր հնարաւորութիւններու առաւելագոյն լարումով, ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան այդ տարածաշրջանին մէջ արտայայտուած յարատեւ կարճատեսութիւնը պիտի քննադատենք՝ այս երկրի օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութեանց մօտ լայնածաւալ աշխատանք տանելով, համոզելով ու պահանջելով:
Նաեւ, մեր քաղաքական, յարաբերական ու քարոզչական աշխատանքները բազմաթիւ աստիճաններով բարձրամակարդակ տանելու առաջադրանքով, մենք կը դիմենք մեր ժողովուրդի նեցուկին, անոր զօրակցութեան, հաւատալով, որ հայ մարդը չի՛ կրնար այլ կեցուածք ունենալ այս հարցերուն նկատմամբ, կրնայ խաբուիլ, կրնայ թակարդուիլ, սակայն այլ դիրքորոշում ունենալ՝ չի՛ կրնար: