ԼՈՆՏՈՆ.- «Իքոնոմիսթ» թերթը իր վերջին թիւին մէջ, Երեւանէն ու Անգարայէն յղուած տեղեկութիւններ համադրելով՝ Ապրիլ 30 թուակիրը ու «Լեռնային Ճատրակ» խորագիրը կրող յօդուածով մը անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող «ճատրակ»ի քաղաքական այն խաղին, որուն մասնակիցներն են Միացեալ Նահանգները, Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Ռուսիան եւ Թուրքիան, նպատակ ունենալով Թուրքիա-Հայաստանի յարաբերութիւնները բնականոնացնել եւ անոր միջոցաւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծում մը գտնել:
Թերթը կը գրէ, թէ այս նպատակները գրեթէ հասանելի թուեցան Ապրիլ 23ին, երբ Թուրքիա եւ Հայաստան յայտարարեցին, թէ նախնական համաձայնութիւն մը գոյացուցած են պաշտօնական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ սահմանը բանալու գծով, առանց մանրամասնութիւնները հրապարակելու:
«Եթէ սահմանը բացուի, ապա հայերը կրնան մագլցիլ իրենց սուրբ լեռը՝ Արարատը, իսկ Հայաստանի հետ բարեկամութիւնը կրնայ բաւարար ուժ տալ Թուրքիոյ, Ղարաբաղի հարցով համաձայնութիւն մը մէջտեղ բերելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ աւելի ընդարձակ դերակատարութիւն ստանձնելու նպատակով: Այս մէկը, իր կարգին, կրնայ մղել Թուրքիոյ բարեկամներուն, որ յաւելեալ քայլերու դիմեն Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու համար:
«Սակայն, համաձայնութեան անմիջական արդիւնքը այն եղաւ, որ Պարաք Օպաման «ցեղասպանութիւն» բառը չգործածեց Ապրիլ 24ի իր յայտարարութեան մէջ՝ հակառակ ընտրապայքարի ընթացքին իր տուած խոստումներուն: Փորձելով բոլորին միաժամանակ գոհացնել՝ Օպամա գործածեց հայերէն «Մեծ Եղեռն» բառերը, դրուատելով Հայաստանի ու Թուրքիոյ խաղաղարար ջանքերը: Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ կարծր դիրքորոշում որդեգրած կողմերը զայրացած էին՝ խոստումնադրուժ համարելով Օպաման, մինչ Թուրքիոյ մէջ ընդդիմութիւնը կը բողոքէր, թէ Օպամա անգլերէնի փոխարէն հայերէն խօսելով՝ նոյն հաստատումը կատարած է:
«Վերջնական համաձայնութեան դէմ կեցող աւելի մեծ խոչընդոտ մը կը նկատուի Ատրպէյճանը, որ կը սպառնայ Ռուսիոյ կողմը դառնալ ու Թուրքիոյ տրամադրած իր կազին գինը բարձրացնել: Այս է պատճառը, որ Թուրքիա վերադարձած է իր աւանդական կեցուածքին՝ պնդելով, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կախեալ են Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնութենէն, հակառակ այն իրողութեան, որ Ապրիլ 23ի յայտարարութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը չէ նշուած:
«Ոմանք կը յայտնեն, թէ Թուրքիա այս միջոցաւ կը փորձէ ապահովել հայկական ուժերուն նահանջը Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններէն դուրս գտնուող Ատրպէյճանի գրաւեալ հողերէն: Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները, Իլհամ Ալիեւ եւ Սերժ Սարգսեան յառաջիկայ շաբաթ պիտի հանդիպին Փրակի մէջ, սակայն անհաւանական կը նկատուի, որ 2008ի ընտրութիւններուն հետեւանքով որոշ չափով վարկաբեկուած Սարգսեան յաւելեալ զիջումներ կատարէ: Անոր համախոհական կառավարութեան կրտսեր դաշնակիցներէն մէկը արդէն իսկ քաշուած է կառավարութենէն, Թուրքիոյ հետ համաձայնութեան պատճառով, իսկ տնտեսական ճգնաժամը սկսած է արդէն իսկ նեղ կացութեան մատնել երկիրը:
«Սակայն, իսկական խանգարողը կրնայ Ռուսիան ըլլալ: Հայաստանը միակ երկիրն է, որ ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիոյ սահմանակից ըլլալով՝ ունի նաեւ ռուսական ուժեր եւ խարիսխ մը: Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն մը կրնայ պատճառ դառնալ, որ Հայաստան հաստատուած ռուսական ուժերը հեռանան: Կամ, Ռուսիոյ կրնայ յանձնուիլ Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կցող շրջաններու ապահովութեան հսկողութիւնը: Միաժամանակ, Ռուսիա կը փորձէ Ատրպէյճանի հետ բնական կազի համաձայնութիւն մը գոյացնել, ինչ որ կրնայ մահացու հարուած մը հասցնել Կեդրոնական Ասիոյ եւ Ատրպէյճանի կազը Թուրքիոյ միջոցաւ Եւրոպա հասցնելու նպատակով առաջադրուած «Նապուքօ» կազատարի ծրագրին՝ ուժանիւթի մարզին մէջ Եւրոպան կախեալ պահելով Ռուսիայէն», կը գրէ թերթը: