ԵՐԵՒԱՆ.- «Ազատութիւն» ռատիօկայանը կը հաղորդէ, թէ դիւանագիտական շրջանակներէ իմացած է, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այս շաբաթավերջին պիտի ժամանէ Ուաշինկթըն, ուր պիտի հանդիպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկման գլխաւոր թեմաները, ըստ նոյն աղբիւրներուն, պիտի ըլլան հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: Այսուհանդերձ, հանդիպման ընթացքին վստահաբար երկու դիւանագէտները պիտի անդրադառնան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, մանաւանդ, որ ատրպեճանական աղբիւրներու համաձայն, պարզուած է, որ Մայիս 4-5ին, Ուաշինկթըն պիտի այցելէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով:
Մամետեարով, ըստ ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ. գործակալութեան, Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ ամերիկեան պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ խումբ մը քաղաքագէտներու հետ: