ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, Մայիս 4ին, «Մոսկուա» թատերասրահին մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները հանրութեան ներկայացուցին մայրաքաղաքի զարգացման կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը:
Այս միջոցառման ընթացքին խօսք առնող ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը կարեւոր կը նկատէ այս ընտրութիւններու նշանակութեան ճիշդ ընկալումը երեւանցիներուն կողմէ: Ըստ Ռուստամեանի, իշխանութիւնն ու արմատական ընդդիմութիւնը կը ներկայացնեն երկու ծայրայեղ մօտեցումներ. առաջինը այս ընտրութիւններու քաղաքական նշանակութիւնը կը հաւասարեցնէ զերոյի՝ նշելով, որ քաղաքապետական ընտրութիւններու ճամբով պիտի լուծուին միայն ու միայն կենցաղային խնդիրներ, իսկ ընդդիմութիւնը ծայրայեղօրէն քաղաքականացնելով այդ ընտրութիւնները՝ անոնց կու տայ համապետական նշանակութիւն:
Այս երկու մօտեցումներն ալ Դաշնակցութիւնը անընդունելի կը համարէ, զանոնք նկատելով ընտրողները մոլորեցնելու կոչուած խաղեր, յայտնեց Ռուստամեան:
Դաշնակցութիւնը, Ռուստամեանի խօսքերով, կը ներկայանայ այնպիսի խումբով, որ ամբողջութեամբ ծանօթ է մայրաքաղաքի խնդիրներուն եւ կրնայ զանոնք լուծել:
«Այն ամէնը, ինչ կը խոստանանք մեր ընտրապայքարի ժամանակ, հաւատացէ՛ք, մեր ուժերից վեր չէ: Մեր ցանկի ամէն մի անդամը գիտի իր գործը, իր կենսագրութեամբ ցոյց է տուել, որ այս խնդիրների լուծմանը կարող է լաւագոյնս բերել իր նպաստը», յայտնեց Ա. Ռուստամեան:
Այս հաւաքի ընթացքին, Մայիս 31ին կայանալիք ընտրութիւններուն ՀՅԴ ցուցակը գլխաւորող Արծուիկ Մինասեան մանրամասնօրէն ներկայացուց կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը, որ կ՛անդրադառնայ Երեւանի մէջ առկայ բազմաթիւ ցաւոտ խնդիրներու՝ բնապահպանական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային, քաղաքական եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Մատնանշելով այդ հիմնախնդիրները՝ Դաշնակցութեան ծրագիրը կը ներկայացնէ իւրաքանչիւրի լուծման տարբերակները: Բոլոր ոլորտներուն մէջ ալ ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրը, ըստ Ա. Մինասեանի, կ՛առաջարկէ բարեփոխման ճիշդ ուղիներ, եւ հնարաւոր է զայն իրականացնել, եթէ ցուցաբերուի համապատասխան կամք եւ վճռականութիւն:
Դաշնակցութիւնը յաղթանակելու պարագային Երեւանի կառավարման համակարգին մէջ ան պիտի ընդգրկէ մարդիկ, որոնք մասնագէտներ են եւ կը վայելեն հասարակութեան վստահութիւնը:
«Մենք դուրս ենք եկել արշաւի յաղթելու տրամադրութեամբ: Որեւէ նահանջ այս տրամադրութեան մէջ չպէտք է լինի: Գործն է նպատակի իրականացումն ապահովում, եւ Դաշնակցութիւնը ընդառաջ է գնում գործին», նշեց ՀՅԴ թեկնածուն:
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ՀՅԴ ցուցակի երկրորդ ներկայացուցիչը՝ Ալբերտ Աճեմեանը, նշեց, որ Երեւանի աւագանին պէտք է դառնայ այն կամրջող օղակը, որ հասարակութեան եւ Երեւանի քաղաքապետի միջեւ պէտք է ապահովէ իրազեկութիւնը:
«Երեւանցին մասնակցելով աւագանու ընտրութիւներին՝ արդէն իսկ կը սկսի մասնակիցը դառնալ Երեւանի քաղաքի կառավարման գործընթացին», աւելցուց մասնագիտութեամբ ճարտարապետ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Աճէմեան՝ շեշտելով, որ Երեւանը այսօր քաղաքաշինութեան, բնապահպանութեան, կրթական, մշակութային բնագաւառներու մէջ կարիք ունի ռազմավարական ծրագրի ստեղծման եւ իրականացման:
Նշենք, որ ՀՅԴն Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու իր արշաւին իբրեւ կարգախօս ընտրած է Ռուբէն Հախվերտեանի յայտնի երգէն՝ «Սա Երեւանն է, այստեղ դու տանն ես» խօսքերը:
Ձեռնարկի ընթացքին հանրութեան ներկայացուեցան Դաշնակցութեան աւագանիի կազմի յիսուն անդամները:
Իբրեւ նախընտրական արշաւի առաջին ձեռնարկ, անցեալ Շաբաթ օր ՀՅԴն ծառատունկ կազմակերպեց Երեւանի Նուպարաշէն շրջանին մէջ:
«Այս ծրագիրը խորհրդանշական է՝ Երեւանը բարեկեցիկ դարձնելու մեր ծրագրի սկիզբը: Սրանով ուզում ենք վերականգնել բոլոր այն տարածքները, որոնք կանաչապատ էին: Ցաւօք, վերջին 18-19 տարիների ընթացքում Երեւանը կորցրել է իր կանաչապատ տարածքների շուրջ 40 տոկոսը: Մէկ մարդուն բաժին հասնող 7.5 քառ. մեթրի փոխարէն, այսօր երեւանցին ունի 4.5 քառ.մ. կանաչ տարածք: Մինչդեռ թէ՛ քաղաքաշինական, թէ՛ բնապահպանական նորմերով նախատեսուած է առնուազն 21 քառակուսի մեթր: Այս խորհրդանշական գործունէութեամբ սկսում ենք Երեւանը բարեկեցիկ դարձնելու եւ Երեւանի կառավարման նոր մշակոյթ ձեւաւորելու մեր քաղաքական ծրագիրը», յայտնած է ծառատունկին մասնակցող, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ՀՅԴ ցուցակը գլխաւորող Արծուիկ Մինասեանը: