ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կառավարութենէն դուրս գալու որոշումի լոյսին տակ, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի որոշումով, դաշնակցական փոխնախարարներ Բագրատ Եսայեան (կրթութեան), Դաւիթ Երիցեան (հաղորդակցութեան եւ կապի) եւ Յակոբ Մաթիլեան (բնապահպանութեան) արձակուած են իրենց պաշտօններէն:
Վարչապետին որոշումով իրենց պաշտօններէն հեռացուած են նաեւ Արարատի, Գեղարքունիքի եւ Լոռիի փոխմարզպետներ Արտակ Չօբանեան, Արտաշէս Նիկոյեան եւ Զոհրաբ Թորոսեան, որոնք եւս ՀՅԴի անդամներ են: