ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հակասական լուրեր կը հասնին Ղարաբաղի Ազգային ժողովէն:
Անհանգստութեան առաջին ազդանշանները հնչեցին Ապրիլ 29ին, երբ տարբեր խմբակցութիւններու պատկանող արցախցի պատգամաւորներ, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանին հարցապնդեցին մատրիտեան սկզբունքներով բանակցութիւնները շարունակելու նպատակայարմարութեան մասին՝ անշուշտ շեշտելով իրենց անհամաձայնութիւնը այդ սկզբունքերուն կապակցութեամբ:
Արցախեան մամուլին մէջ յաջորդիւ լոյս տեսան լուրեր, ըստ որոնց ԼՂՀ Ազգային ժողովի անդամ քսան պատգամաւորներ արտահերթ նիստ գումարելու դիմում մը ստորագրած են՝ քննելու համար Ղարաբաղի խնդիրի լուծման ծիրէն ներս, Ատրպէյճանի հետ բանակցութեանց ընթացքին Հայաստանի մասնակցութեան նպատակայարմարութիւնը, ինչ որ Հայաստանի դիւանագիտութեան հանդէպ անվստահութեան ապացոյց կը հանդիսանայ:
Այս բաւական կոշտ հակազդեցութիւնը գոնէ ժամանակաւորապէս կասեցուած կը թուի ըլլալ:
Արդարեւ, «Ազատ Արցախ», «Արցախ Տուն» եւ «Հայրենիք» խմբակցութիւններու անդամ քսան պատգամաւորներ նոյնիսկ պատրաստած էին յայտարարութեան նախագիծ մը, ուր կը յայտնէին իրենց կեցուածքը՝ մերժելով որեւէ փաստաթուղթ, որ կը ստորագրուի առանց Ղարաբաղի մասնակցութեան կամ համամտութեան:
Երէկ, Ղարաբաղի Ազգային ժողովի տեղեկատուութեան վարչութեան պետ Միքայէլ Հաջէեան յայտարարած է, որ արտահերթ նիստ գումարելու դիմումի մասին լուրերը ապատեղեկատուութիւն են:
Այդքան ալ չե՛ն, կարծէք: Արցախի պատգամաւորները անհանգիստ են, ատիկա փաստ է: Անոնք Ապրիլ 29ի իրենց ելոյթներուն մէջ ակնարկներ ըրած են բանակցութեանց մէջ զիրենք ներկայացնելու իրաւունքէն Հայաստանը զրկելու մասին. ծայրայեղ քայլ մը, որ կրնայ բաւական լուրջ դրութեան մատնել Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ներկայացուցիչները:
Ինչո՞ւ պատգամաւորներու այս խումբը ետ կանգնեցաւ իր մտադրութենէն:
Յայտնի է, որ Արցախի նախագահական պալատէն միջամտութիւն եղած է: Նախագահ Բակօ Սահակեան կրնայ որոշած ըլլալ սպասել նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ Մայիս 9ին, երբ, ըստ ծրագրուած ժամանակացոյցին, Հայաստանի նախագահը պիտի ժամանէ Ղարաբաղ՝ մասնակցելու համար Շուշիի ազատագրման տարեդարձի տօնակատարութիւններուն:
Նկատի ունենալով, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան Արցախ պիտի ժամանէ՝ վերադառնալէ ետք Փրակայէն, ուր հանդիպած պիտի ըլլայ նախագահ Ալիեւի ու նախագահ Կիւլի հետ, ինչպէս նաեւ ան տեղեկացուած պիտի ըլլայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի Ուաշինկթընեան հանդիպումներու արդիւնքներուն մասին, նախագահ Բակօ Սահակեան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ լայնօրէն իրազեկ դառնալու բանակցութեանց գործընթացի այս հանգրուանին, որմէ ետք, վստահաբար, պիտի ճշդէ իր քաղաքականութիւնը՝ հակազդելու կամ զօրակցելու Հայաստանի վարած քաղաքականութեան: Այդ նկատառումով, ան թելադրած կրնայ ըլլալ պատգամաւորներուն՝ սպասել մինչեւ նախագահ Սարգսեանի ժամանումը, ու մինչ այդ ետ կանգնիլ արտահերթ նիստ հրաւիրելու գաղափարէն:
Յամենայնդէպս, անհանգիստ ղարաբաղցիներուն հետ տագնապ կ՛ապրի ամբողջ հայ ժողովուրդը՝ Երեւանէն մինչեւ Սփիւռքի տարբեր օճախները, ու բոլորս ալ կը սպասենք Հայաստանի իշխանութիւններու բացատրութիւններուն ու պարզաբանումներուն՝ ընթացող բանակցութեանց մասին: