ՓՐԱԿԱ, «Ազատութիւն».- Հրաչ Մելքումեան կը տեղեկագրէ, թէ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած է Եւրոասիական հարցերով Ամերիկայի արտաքին գործոց փոխնախարար Ռիչըրտ Մորնինկսթարի հետ:
Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» (APA) գործակալութեան թղթակիցին հետ խօսելով՝ Մամետեարով յայտնած է, որ Մորնինկսթարի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր՝ կապուած Մայիս 8ին Փրակայի մէջ տեղի ունենալիք «Հարաւային միջանցք» ծրագրին նուիրուած գագաթնաժողովին հետ:
Քննարկուած է նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս ԱՄՆի ուժանիւթի քաղաքականութիւնը:
Մեկնաբանելով մօտ ապագային Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հնարաւորութիւններու մասին կարծիքները՝ Էլմար Մամետեարով յայտնած է. «Այդ մասին խօսիլը հիմա դժուար է: Առաջին հերթին, կարեւոր է, թէ ի՛նչ դիրքորոշում պիտի ցուցաբերէ Հայաստանը բանակցութիւններուն մէջ: Մենք պէտք է իմանանք՝ արդեօ՞ք անոնք իրապէս կ՛ուզեն, որ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն ըլլայ ու առաջընթաց արձանագրուի բանակցութեանց մէջ, թէ ոչ: Այդ ամէնը պարզ կը դառնայ Փրակայի մէջ: Հարցը ամբողջովին կը յստականայ համանախագահներու տարածաշրջան կատարելիք այցելութենէն ետք:
Մամետեարով յայտնած է նաեւ, որ Թուրքիոյ նոր դերակատարութեան յստակացման համար, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով հանդիպած է Թուրքիոյ նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի հետ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը հաստատած է, թէ ամերիկացի իր պաշտօնակից Հիլըրի Քլինթընի հետ Երեքշաբթի օր նախատեսուած հանդիպման ընթացքին քննարկուելիք հիմնական թեման Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացն է: