ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Քանի մը օր առաջ պաշտօնապէս սկսաւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն քարոզարշաւը։ Հայաստանի մայրաքաղաքի բնակիչները Մայիս 31ին պիտի ընտրեն քաղաքապետական խորհուրդի անդամները՝ 65 անդամ հաշուող Երեւանի աւագանին։ Աւագանին, իր կարգին, պիտի ընտրէ մայրաքաղաքի յաջորդ քաղաքապետը։ Վեց կուսակցութիւններ եւ քաղաքական 18 ուժեր համախմբող մէկ դաշինք կը մասնակցին ընտրութիւններուն։ Ըստ Հայաստանի նոր սահմանադրութեան, կուսակցութիւնները եւ դաշինքները քուէներու յաջորդաբար 7 եւ 9 տոկոսը պէտք է ստանան, որպէսզի ներկայացուցչութիւն ունենան քաղաքի ղեկավար մարմնին՝ աւագանիին մէջ։
Քարոզարշաւի առաջին իսկ օրէն բոլոր թեկնածուները աջ-ձախ խոստումներ սկսած են շռայլելու, իսկ արմատական ընդդիմութիւն համարուող Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած Հայ ազգային գոնկրէսը, այս առիթը կ՛ուզէ օգտագործել քաղաքական ազդեցիկ լծակներ ձեռք ձգելու եւ ընդդիմութեան դիրքերը ամրացնելու միտումով։ Դեռ ընտրապայքարը չսկսած, իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը, աւանդութեան համաձայն, Երեւանի վարչամեքենան գործի լծած է իր թեկնածուին ընտրութիւնը ապահովելու համար։ Դեռ շաբաթներ առաջ մարդիկ սկսած էին բողոքել, թէ Հարկային վարչութիւնը, դպրոցներու ղեկավարութիւնը, թաղապետարանները եւ պետական հովանիին տակ աշխատող բոլոր հաստատութիւնները քաղաքացիներուն վրայ ուղղակի եւ անուղղակի ճնշում կը բանեցնեն, դրամ ու պաշտօն կը խոստանան, առաւելագոյն քուէները խլելու նպատակով։
Ինծի համար սակայն ընտրութիւններու հերթական այս կատակերգութեան մէջ նորութիւն չկայ, հետեւաբար, լսածներս ու տեսածներս զարմանք չեն պատճառեր ինծի։ Այս օրերուն առաջնահերթութիւնս նոր գրասենեակ մը ճարել է, քանի որ մօտ ատենէն մեր աշխատակազմը պիտի աւելնայ 6 նոր պաշտօնեաներով եւ ներկայ գրասենեակը փոքր է ու չի բաւարարեր մեր կարիքներուն։ Անցնող երկու շաբաթներուն գործընկերներուս հետ բազմաթիւ տեղեր այցելեցինք ու վերջապէս, Ամիրեան փողոցը հատող Եզնիկ Կողբացի փողոցին վրայ գտանք յարմար գրասենեակ մը։ Երեւանի հին, միայարկանի բնակարան մըն էր անիկա, զոր տանտէրը լաւ նորոգած էր եւ վրան բարձրացուցած երեք յարկ։ Սենեակները քննելէ ետք իջանք ներքեւ, որպէսզի բանակցինք վարձակալութեան պայմաններուն մասին։ «Ասեմ, որ սա մի ժամանակ եղել է նաեւ դաշնակ Դրոյի բնակարանը», ի միջի այլոց ըսաւ տանտէրը։
Դաշնակ Դրոյի բնակարանը։ Ահաւասիկ հետաքրքրական նորութիւն մը, որ զարմանք պատճառեց ինծի։ Ինչո՞ւ յայտնի չէր այդ տունը, ուր Դրօ հաւանաբար անքուն գիշերներ անցուցած էր, հայ ժողովուրդի ամէնէն ճակատագրական օրերուն։ Տուն վերադարձին հեռաձայնեցի բանիմաց մարդոց եւ հարցուցի, թէ արդեօ՞ք ճիշդ էր այս տեղեկութիւնը։ Ի յայտ եկաւ, որ իրօք Դրօ, Հայաստանի առաջին անկախութեան տարիներուն, որոշ ժամանակ մը ապրած է այդտեղ, սակայն բնակարանը, անշուք ու համեստ ըլլալով՝ ուշադրութեան չէ արժանացած, եւ հակառակ հայաստանեան սովորութեան, ցուցատախտակ մը չէ դրուած անոր ճակատին՝ նշելով Դրոյի հոն ապրած ըլլալու հանգամանքը։
Քանի մը շաբաթէն պիտի տեղափոխուինք մեր նոր գրասենեակը եւ ես ամէն օր, դաշնակ Դրոյի, ընկե՛ր Դրոյի, Բաշ Ապարանի հերոս Դրոյի շունչն ու ոգին պիտի փնտռեմ այնտեղ։ Ամէն օր պիտի մտածեմ, թէ ի՛նչ պիտի ընէր Դրօ, տխրահռչակ Նակաշիձէի դահիճը, եթէ ապրէր այսօր եւ տեսնէր մեր հայրենիքի ու քաղաքամայր Երեւանի առօրեային լաւն ու վատը, ոգեշնչողն ու յուսալքողը։
Աւագանիի ընտրութիւններու նախօրեակին, հաւանաբար գան ու բնակարանի ճակատին փակցնեն պատեհապաշտ ու անարժան թեկնածուի մը նկարը։
Պիտի չարտօնեմ։ Դրոն չի՛ ներեր։
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com