ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 20րդ դարու կիսուն տեղի ունեցած Քալիֆորնիոյ եւ յատկապէս Լոս Անճելըսի փոխադրական մարզի բարելաւման հսկայական աշխատանքին մէջ կարեւոր ներդրում ունեցողներէն մէկը կը նկատուի հայազգի Հայկ Այանեանը, որ այդ մարզին մէջ իր 38ամեայ ասպարէզէն հանգստեան կոչուած էր 1975ին, սակայն անկէ ետք իսկ շարունակած էր խորհրդատուական սպասարկութիւններ տրամադրել:
Հանգստեան կոչուելուն առիթով, Այանեանի ի պատիւ մէկ շաբթուան վրայ երկարած ձեռնարկներ տեղի ունեցած էին Օգոստոս 1975ին, անոնցմէ վերջինն էր «Հայաթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած ճաշկերոյթը, որուն ներկայ եղած էին 400է աւելի տարբեր քաղաքներու եւ Քալիֆորնիոյ պետական անձնաւորութիւններ ու գործարարներ: Ճաշկերոյթին ընթացքին անոր երկարամեայ սպասարկութիւնները արժեւորող շնորհակալագիրներ յանձնուած էին քոնկրէսականներ Պէրի Կոլտուոթըրի, Էտ Ռոյպալի եւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ Արթ Թորէզի, Փօլ Փրիոլոյի եւ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Նիւթըն Ռասըլի, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Թամ Պրէտլիի, շարք մը գաւառներու եւ քաղաքներու, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու կողմէ:
Ան այս հաւաքին ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ շնորհակալութիւն յայտնած էր ու ըսած էր, թէ իր ասպարէզի ամենահետաքրքրական դէպքը կը նկատէ 1971ին Սան Ֆերնանտօն ցնցած երկրաշարժը եւ անկէ ետք կատարուած շինարարական արագընթաց աշխատանքները, որոնց շնորհիւ կարելի եղած էր գաւառին տարբեր շրջանները արագօրէն իրարու կապել:
ՀԱԿԻՐՃ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆԸ
Ամերիկեան քաղաքացիական ճարտարապետներու շրջանակներուն մէջ հանրածանօթ դարձած Այանեան ծնած է Նիւ Եորքի Նիակարա Ֆոլզ շրջանին մէջ ու 1920ին, Քալիֆորնիա հաստատուած է: Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն վկայուելէ ետք, 1937ին պաշտօնեայ դարձած է Քալիֆորնիոյ նահանգի Հանրային աշխատանքներու բաժանմունքի ազատուղիներու ենթաբաժանումին՝ սկսելով Սան Տիէկոյէն ու Սթաքթընէն, վերադառնալով Լոս Անճելըս:
Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին ան ծառայած է Միացեալ Նահանգներու ծովուժին մէջ:
Վերադառնալով Լոս Անճելըս՝ ան մաս կազմած է ազատուղիներու նոր ցանցի կառուցման հսկայ աշխատանքին ու ստանձնած է Հոլիվուտի ազատուղին կառուցելու պատասխանատուութիւնը (1949-4951), Լոս Անճելըսի քաղաքամէջէն անցնող ազատուղիներու այլ հատուածներու կառուցման աշխատանքին կողքին:
1967ին, ան նշանակուած է Քալիֆորնիոյ ազատուղիներու 11 բաժանմունքներէն մեծագոյն հանդիսացող 7րդին՝ Լոս Անճելըսի բաժանմունքին, շրջանային ճարատապետ, իսկ 1973ին՝ Լոս Անճելըս, Օրէնք եւ Վենթուրա գաւառներու փոխադրական հարցերու շրջանային վարիչ:
(Քաղուած Քալիֆորնիոյ փոխադրական հարցերու բաժանմունքի արխիւներէն)