ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Երեքշաբթի, Մայիս 5ին, Հրանդ Տինքի բնակարանը այցելած է Նոպէլեան գրականութեան մրցանակի տիրացած թուրք այլախոհ հեղինակ Օրհան Փամուք՝ խորհրդակցութիւններ ունենալու համար թուրք ազգայնամոլներու կողմէ սպաննուած լրագրողի ընտանեկան պարագաներուն հետ:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Փամուք յայտնեց, թէ բառեր չունի իր տխրութիւնը արտայայտելու եւ աւելցուց. «Որոշ չափով մենք բոլորս պատասխանատու ենք սնոր սպանութեան:
Սակայն, գլխաւոր պատասխանատուները անոնք են, որոնք կը շարունակեն պաշտպանել Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածը: Անոնք, որոնք իր (Հրանդ Տինքի) դէմ արշաւ մղեցին, անոնք, որոնք մեծ երկրի զաւակը Թուրքիոյ թշնամի կոչեցին, անոնք, որոնք Տինքը թիրախ դարձուցին, անոնք են գլխաւոր պատասխանատուները: Սակայն վերջաւորութեան, մենք բոլորս պատասխանատու ենք»: