ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Հայաստան» հիմնադրամը, որ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղն է, Չորեքշաբթի, Մայիս 6 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկանցէ, թէ ընտրած է իր նոր գործադիր մարմինը:
Ատենապետ Արա Ակիշեանի գլխաւորութեամբ, Հինգշաբթի, Ապրիլ 30ին տեղի ունեցած հոգաբարձական մարմնի ժողովին ընթացքին միաձայնութեամբ որոշուած է ընտրել հետեւեալ կազմը. Գօգօ Պալեան (փոխատենապետ), իրաւաբան Սիւզի Անթունեան (գանձապահ), տոքթ. Ժիւլիէթա Գրիգորեան (քարտուղար) եւ տոքթ. Ճէք Սարգիսեան (խորհրդական):
Գօգօ Պալեան երկարամեայ համայնքային գործիչ մըն է, որ զանազան պաշտօններ ստանձնած է: Ան եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ու ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ:
Սիւզի Անթունեան հարկային ու կալուածային հարցերու իրաւաբան մըն է եւ գործօն անդամ՝ Ծովածոցի հայ համայնքին մէջ: Ան նախապէս մասնակցած է Հայաստանի Տաւուշ շրջանի զարգացման «Հայաստան» հիմնադրամի գործունէութեան:
Տոքթ. Ժիւլիէթա Գրիգորեան ՀՕՄի երկարամեայ անդամուհի մըն է եւ Մոնթեպէլլօ համայնքին գործօն անդմներէն մէկը:
Տոքթ. Ճէք Սարգիսեան ասպարէզով ընտանեկան բժիշկ է եւ գործօն անդամ մը՝ Քալիֆորնիահայ բժշկական միութեան:
Վերոյիշեալ ժողովին ներկայ էին Լէոնարտ Մանուկեան՝ Հայկական մշակութային հիմնարկութենէն, Հրայր Շէրիքեան՝ Հայ կաթողիկէ համայնքէն, Վահէ Չարխուտեան՝ ՀԲԸՄէն, Սօսի Փօլատեան՝ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄէն, Խաչիկ Ճանոյեան՝ Թէքէեան մշակութային միութենէն, Րաֆֆի Քէնտիրճեան ու Մհեր Տէր Օհաննէսեան՝ Արեւմտեան զոյգ թեմերէն, Եղիկ Քէշիշեան՝ Հայկական համագումարէն, իսկ կամքէ անկախ պատճառներով կը բացակէին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան ու Նոր Սերունդ մշակութային միութեան ներկայացուցիչները: