«Պէտք Չէ Խուճապի Մատնուիլ, Այլ Ըլլալ Համբերող» Կ՛ըսէ «Շամլեան» Ազգ. Վարժարանի Տնօրէն Վազգէն Մատէնլեան
Վարեց՝ ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Ամերիկեան լրատուամիջոցների համաձայն, երկրում տիրող տնտեսական ծանր ճգնաժամը իր վնասակար ազդեցութիւններն է գործում ինչպէս տնտեսական, այնպէս էլ կրթական ոլորտներում, եւ իբրեւ արդիւնք, տեղեկանում ենք, որ երկրով մէկ, ներառեալ Քալիֆորնիայի պետական ու մասնաւոր դպրոցները դիմագրաւում են տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ։ Դուք որպէս ուսումնադաստիարկչական բնագաւառի փորձագէտ, ինչպէ՞ս էք անդրադառնում այս իրավիճակին եւ մասնաւորաբար որպէս Կլէնտէյլի «Շամլեան» Ազգային վարժարանի տնօրէն, ինչպէ՞ս էք գնահատում Քալիֆորնիայի ամենահայաշատ քաղաքում գործող «Շամլեան» վարժարանի տնտեսական խնդիրները։ Արդեօք երկրի տնտեսական այդ ճգնաժամը ձե՞զ էլ է ազդել։
ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Որեւէ ժամանակ, երբ տնտեսական տագնապ կ՛ըլլայ երկրի մը մէջ, բնականաբար առաջին ազդուող ծառայութիւնները կամ հաստատութիւնները անոնք են, որոնք կենսական չեն, այսինքն ձեւով մը շռայլութիւն, պերճանք կը համարուին, ինչպէս ոսկեղէնները, շատ ծախսալից արձակուրդ մը, շողշողուն նոր ինքնաշարժ մը։ Ապա կու գան կարեւոր բայց ոչ կենսական բաներ, ինչպէս սեփական դպրոցի թոշակը։ Երբ ծնող մը մտահոգուած է իր ընտանիքի ապրուստը, սնունդը ապահովելով, վայրկեան մը մտքէն կ՛անցնէ սեփական դպրոցի փոխարէն, զաւակը պետական ձրի դպրոց ղրկել։ Ընդհանուր այս վիճակը շատ մը սեփական դպրոցներու ազդած է։ «Շամլեան»ը բացառութիւն չէ, բայց մենք մեզ առայժմ, քիչ մը աւելի բախտաւոր կը նկատենք, որովհետեւ տակաւին այդ ազդեցութիւնը ուժգին ձեւով չենք զգար։ Այո՛, յաճախ ծնողներէ կը լսենք, թէ դժուարութիւններ կան. օրինակ, թոշակներու հոսքը քիչ մը դանդաղած է, սակայն մեր կացութիւնը բաղդատաբար աւելի փայլուն է։ Ասոր պատճառը ես յաճախ փորձած եմ գտնել։ Երկու պատասխան միտքս կու գան։ Մէկը այն է, որ մեր ծնողներուն համար շատ կարեւոր է ազգային վարժարաններու մէջ պահել իրենց զաւակները։ Ուրեմն, ծնող մը իր ամէն կարելին պիտի ընէ եւ վերջին բանը պիտի ըլլայ իր զաւակի ազգային կրթութիւնը զոհել։ Ամէն ձեւով պիտի փորձէ զայն պահել։ Երկրորդն ալ այն է, որ վերջերս, երբ մարդոց հետ կը խօսիմ, կը զգամ, որ մտահոգութեան կողքին որոշ լաւատեսութիւն մը կայ, թէ այս դժուարին շրջանը պիտի բոլորենք, պիտի անցնինք։
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Իսկ ի՞նչ կը թելադրէք այն ծնողներին, որոնք այդ մտահոգութեան մէջ են։
ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Այն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը ղրկեն հայկական վարժարաններ կամ ընդհանրապէս սեփական վարժարաններ, պէտք չէ խուճապի մատնուելով՝ արագ որոշում մը առնեն, ըսելով, որ՝ «Տնտեսութիւնը շատ վատ է եւ ես պէտք ունիմ այս գումարը ուրիշ բաներու յատկացնելու»։ Ես անձնապէս ժողովրդավար եւ ընկերվարական սկզբունքներու ջերմօրէն հաւատացող անձ եմ եւ իբրեւ այդպիսին, ջատագով եմ պետական դպրոցներու տուած ձրի կրթութեան։ Այսուհանդերձ, ամէն օրէնք իր բացառութիւնը ունի եւ այս պարագային պիտի ըսեմ, որ այս երկրին մէջ, զանազան պատճառներով, պետական ձրի վարժարաններու հանդէպ որոշ վերապահութիւն մը ունիմ։ Պատճառները շատ են, բայց այսօր հաւանաբար այդ մասին չկարենանք խօսիլ։ Այս պարագային, այս արդէն իսկ ոչ շատ նախանձելի կացութիւնը շատ հաւանաբար ներկայ տնտեսական տագնապին պատճառով աւելի վատթանարայ՝ հետեւեալ բացատրութեամբ. շատ մը ծնողներ, որոնք իրենց զաւակները կը ղրկեն սեփական վարժարաններ, կամայ թէ ակամայ, զանոնք պիտի ուղարկեն պետական վարժարաններ։ Պետական վարժարաններու աշակերտութեան թիւը պիտի բարձրանայ։ Այդ բոլորի կողքին պետական վարժարանները ներկայիս մեծ թիւով ուսուցիչներ գործէ կ՛արձակեն։ Այդ մասին կը լսենք ամէն օր լուրերէն։ Հետեւաբար, դասարաններու մէջ աշակերտներուն թիւը պիտի բարձրանայ, բան մը, որ չի սատարեր կրթական բարձր մակարդակ պահելու։ Նաեւ շատ մը ծրագիրներ պիտի կրճատուին։ Պետական վարժարանները ուժգին կերպով պիտի ազդուին։ Ուրեմն մեր ծնողներուն կը թելադրեմ, որ արագ կերպով որոշում մը չառնեն։ Համբերող ըլլան։ Եթէ պէտք ըլլայ, զոհեն այդ նոր ինքնաշարժը, այդ սուղ արձակուրդը, որպէսզի ապագային, ինչպէս ժողովրդական լեզուով կ՛ըսեն՝ «իրենց ծունկին չզարնեն» եւ չզղջան։ Ի վերջոյ ծնողքի մը համար ամէնէն կարեւոր բանը իր զաւակի ապագան, կրթութիւնը եւ ապահովութիւնն է։
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Դուք արդէն մասամբ պատասխանեցիք իմ յաջորդ հարցումին, որը հետեւեալն է. նկատի ունենալով, որ տնտեսական այս ճգնաժամը ծանր ազդեցութիւն է ունենում ընտանիքների եւ ծնողների վրայ, ընդհուպ սպառնալով նրանց եկամտի աղբիւրներին կամ նրանց հասցնելով գործազրկութեան վտանգի առջեւ, ձեր կողմից ի՞նչ ծրագրեր են մշակուել «Շամլեան» Ազգային վարժարանում աշակերտներ ունեցող նման ծնողների համար։
ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Տեղին հարցում է։ Առաջին հերթին նուազագոյն բանը, որ կրնանք ընել ներկայի թոշակները անփոփոխ պահելն է։ Այդ որոշումը առնուած է մեր Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին կողմէ եւ ի զօրու պիտի ըլլայ բոլոր ազգային վարժարաններուն համար։ Ընդհանրապէս ամէն տարի փոքր յաւելում մը կ՛ունենանք սղաճի պատճառով։ Մենք ալ մեր կարգին, մեր պաշտօնէութեան յաւելումներ պէտք է տանք, ուրեմն, որպէսզի դպրոցը իր պիւտճէն հաւասարակշռէ, թոշակները յաւելում կ՛ունենան։ Այս տարի սակայն, որոշած ենք ասիկա չընել։ Ծնողներուն համար արդէն դժուար տարի մը կը նախատեսուի եւ կ՛ուզենք իրենց բեռը մասամբ թեթեւցնել։ Ատկէ անկախ բազմաթիւ այլ ծրագիրներ կը մշակենք։ Օրինակի համար մեր կարելին կ՛ընենք եւ ներկայիս բանակցութեանց մէջ ենք գիրքեր վաճառող ընկերութեան հետ, որպէսզի գիրքերու գիները եթէ չկարենանք պակսեցնել, առնուազն նոյնը պահենք։ Ներկայիս լրջօրէն կը քննենք մեր գալ տարուան պիւտճէն եւ պիտի փորձենք կրճատումներ ընել, որպէսզի զանոնք փոխանցենք մեր ծնողներուն։ Օրինակ, դժուար, բայց կարեւոր որոշում էր մեր պաշտօէնութեան յաւելում չտալ այս տարի։ Ընդհանրապէս, ոչ ոք նման որոշումէ մը գոհ կ՛ըլլայ, հետեւաբար կ՛ուզեմ գնահատել այն, որ պաշտօնէութիւնը, ուսուցչական կազմը շատ հասկցող եւ ընդունող եղան։ Այդ բոլորին կողքին նաեւ, պէտք է քիչ մը աւելի ստեղծագործ ու գործնամէտ (փրօ-աքթիւ) ըլլանք եւ մտածենք նաեւ նիւթական նոր աղբիւրներու, նոր ներդրումներու մասին, որպէսզի կարենանք մեր եկամուտը բարձրացնել, առանց ծնողներու վրայ յաւելեալ բեռ ըլլալու։ Ուրեմն այս բոլոր ճիգերը կը թափուին դպրոցի կրթական մարմիններուն, ինչպէս նաեւ քոյր դպրոցներու տնօրէններուն հետ խորհրդակցաբար։
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Դուք արդէն խօսեցիք կրթաթոշակները չբարձրացնելու որոշման մասին։ Ձեր կարծիքով, արդեօք տնտեսական այս ճգնաժամը կարո՞ղ է պատճառ դառնալ, որ կրճատումներ կամ յապաղումներ տեղի ունենան «Շամլեան» վարժարանի կրթական ներկայիս կամ հետագայ ծրագրերի վրայ։
ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Նիւթական կրճատումներ միշտ, միշտ ու միշտ կարելի է ընել։ Ես հաւատացած եմ, որ երբ պայմանները նպաստաւոր են, մարդիկ աւելի առատաձեռն կը ծախսեն։ Մարդկային նկարագիրը, մարդկային խառնուածքն է։ Երբ շատ կը շահիս, մանրը չես փնտռեր։ Ուրեմն, այդ իմաստով, կը կարծեմ որեւէ հաստատութիւն, որ կ՛անցնի բարգաւաճ շրջանէ աւելի ժուժկալ շրջան, կրճատումներ կրնայ կատարել։ Կարեւոր է սակայն նիւթական կրճատումներ կատարել առանց կրթական մակարդակը տկարացնելու։ Երբ պիւտճէ մը մօտէն քննուի, յաճախ կրկնակի ու աւելորդ ծախսեր երեւան կու գան։ Կան նաեւ ծախսեր, որոնք կրնան յետաձգուիլ։
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Կարո՞ղ էք օրինակներ տալ։
ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Օրինակ՝ որոշ նորոգութիւններ, շէնքի արդիականացում, գրքերու փոփոխութիւններ։ Այս բոլորը յետաձգելի են։ Աւելացնեմ, որ ներկայիս բանակցութեանց մէջ ենք բոլոր այն անհատներուն եւ հաստատութեանց հետ, որոնք մեզի որոշ ծառայութիւններ կու տան, մեր համաձայնագրերը վերանայելու եւ աւելի նպաստաւոր պայմաններով աշխատակցելու նպատակով։ Դարձեալ կ՛ըսեմ, նպատակ չունինք որեւէ քայլ առնել, որ կրնայ մեր կրթական մակարդակին ձեւով մը վնաս պատճառել։ Օրինակի համար, բացարձակապէս դէմ ենք, որ դասարաններու մէջ աշակերտներուն թիւը յաւելում կրէ։ Նոյնպէս եթէ նոր համակարգիչներ պիտի գնենք, կամ ուսուցիչները վերապատրաստման նոր աշխատանիստերու պիտի մասնակցին, այս բոլորը պիտի չնուազին։
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Իսկ ի՞նչ խօսքով կը ցանկանայիք եզրափակել մեր այս հարցազրոյցը։
ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Ես կ՛ուզեմ կոչ ուղղել իրենց զաւակները հայկական վարժարան ուղարկող ծնողներուն, որ համբերող ըլլան ու խուճապի մատնուելով իրենց զաւակները այլ վարժարաններ չուղարկեն։ Բոլոր վարժարաններու տնօրէններու կամ վարչական մարմիններու հետ ես անխտիր կապի մէջ եմ։ Բոլորն ալ իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն, եթէ պէտք պիտի ըլլայ դռներ պիտի զարնենք, պիտի դիմենք մեր գաղութին, մեր բարերարներուն, որպէսզի կարենանք անխռով, հեզասահ կերպով այս շրջանը բոլորել։ Ես ալ շատ մը այլ մարդոց նման լաւատես եմ։ Յաճախ մօտէն կը հետեւիմ լուրերուն եւ ներկայ վարչակարգը ինծի վստահութիւն կը ներշնչէ։ Թէեւ տնտեսագէտ չեմ մասնագիտութեամբ, բայց տրամաբանական կը թուի, որ անցեալի սխալները շուտով պիտի սրբագրուին։ Այո՛, երկիրը պիտի ըլլայ քիչ մը աւելի զուսպ, քիչ մը աւելի ժուժկալ, անցեալի շռայլութիւններէն եւ մսխումներէն հեռու պիտի մնայ, որպէսզի տնտեսութիւնը հաստատ հիմերու վրայ դրուի։ Համբերութիւն եւ յաջողութիւն բոլորի՛ս։