ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 9 Մայիս 2009ի առաւօտեան, «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգ. վարժարանի շրջափակը արտասովոր եռուզեռի մէջ էր: Հոն էին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեան, տարուան «Տիպար ՀՄԸՄական» Զաքար Չորպաճեան, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 33րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Վահագն Թովմասեան, բազմաթիւ հիւրեր ու ՀՄԸՄականներ:
Ժամը 9ին, Griffith Park-էն, առաջին անգամ ըլլալով սկիզբ առաւ Նաւասարդեան քայլարշաւը դէպի «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս»ի բակը՝ մասնակցութեամբ շրջանի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու բազմաթիւ անդամ-անդամուհիներու, որոնք Նաւասարդեանի յաղթական ոգիով քալեցին որոշուած երկու մղոնը եւ ոգեւորութեամբ հասան վարժարանի բակը՝ մասնակցելու համար այնքան սպասուած Նաւասարդեանի բացման հանդիսութեան:
Հանդիսութիւնը վարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու Կարինէ Աւաննէս, որ նախքան պաշտօնական յայտագիրի սկսիլը, հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու յիշատակը մեզմէ առ յաւէտ բաժանուած ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներուն, մեր նահատակ ազատամարտիկներուն եւ թանկագին մայրերուն:
Ապա, հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ, զոր գեղեցկօրէն կատարեցին ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի արի-արենոյշները՝ գլխաւորութեամբ միաւորի խմբապետուհի Նաթալի Հինտոյեանի: Անոնք կարգապահ քալուածքով հրապարակ բերին ամերիկեան, հայկական, Արցախի, ՀՄԸՄի եւ Նաւասարդեան դրօշները: Հնչեցին Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները, իսկ ՀՄԸՄի քայլերգը խմբերգեցին ներկաները:
Դրօշակի տպաւորիչ արարողութենէն ետք ելոյթ ունենալով՝ Կարինէ Աւաննէս ընդգծեց, թէ Նաւասարդեան 34րդ մարզախաղերու բացումը կը կատարուի Շուշիի ազատագրման եւ մեր շատ սիրելի Մայրերու օրուան շաբաթավերջին, որուն համար անիկա պատմական եւ հպարտանքի օր է բոլորիս համար: Աւելին, քոյրը շեշտեց, թէ կազմակերպուած մարզախաղերը, Շրջ. վարչութեան տարեկան մեծագոյն ձեռնարկը ըլլալով հանդերձ, ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին չի պատկանիր միայն, այլ նաեւ շրջանի հայութեան, որուն քաջալերական ներկայութիւնը կը խրախուսէ մրցող խումբերը:
Նաւասարդեան ջահի օրհնութիւնը կատարեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, որ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնները փոխանցելէ ետք, շնորհաւորեց ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպման առիթով, որ հազարաւոր մարզիկ-մարզիկուհիներ կը համախմբէ մարզական մաքուր մթնոլորտի մը մէջ: Ան ակնարկելով օրուան խորհուրդին՝ կոչ ըրաւ մրցող խումբերուն յարգելու իրենց մայրերը եւ հաղորդուելու Շուշիի ազատագրումը իրականացնող ազատամարտիկներու քաջութեամբ, արձանագրելով նորանոր յաղթանակներ:
Այնուհետեւ քահանայ հայրը օրհնեց խումբ մը մարզիկ-մարզիկուհիներու կողմէ ներկայացուած Նաւասարդեան ջահը՝ բարի երթ մաղթելով Նաւասարդեան անզուգական մարզախաղերուն:
Օրհնուած ջահը յանձնուեցաւ Շրջ. վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեանին, որ հպարտութեամբ բացուած յայտարարեց ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ մարզախաղերը՝ արժանանալով ներկաներու երկարաշունչ ծափողջոյններուն:
Հպարտալի այս իրողութենէն ետք, Նաւասարդեան մարզախաղերու մասնակից հազարաւոր մարզիկ-մարզիկուհիներու անունով մարզական երդումը կատարեց ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի մարզիկուհիներէն Անի Գահվէճեանը, որ հրապարակաւ խոստացաւ՝ «Նաւասարդեան մարզախաղերու ընթացքին ցուցաբերել ՀՄԸՄականի մաքուր կեցուածք եւ ընկերական անկեղծ ոգի: Համագործակցիլ բոլորին հետ, հնազանդիլ մարզախաղերու օրէնքներուն եւ ՀՄԸՄի կանոնագրին: Միշտ հաւատարիմ մնալ ՀՄԸՄի «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին»:
Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց Շրջ. վարչութեան Նաւասարդեանի պատասխանատու Վարդգէս Շխրտըմեան, որ առաջին հերթին խօսքը ուղղելով քայլարշաւի մասնակից քոյր-եղբայրներուն՝ ըսաւ. «Քիչ առաջ դուք այս շրջափակէն ներս մուտք գործեցիք Նաւասարդեան հրաշալի քայլարշաւ կատարելով եւ հպարտութեամբ լեցուցիք մեր ու ձեր հոգիները: Դուք քալեցիք հաստատակամ ու ՀՄԸՄականի համոզումով: Ձեր դէմքերուն յոգնութեան փոխարէն, անսահման ժպիտ կը տեսնենք: Այո՛, ժպիտ եւ ուրախութիւն, որովհետեւ հաւատքով քալեցիք, ՀՄԸՄականի համոզումով քալեցիք»:
Ապա, ընդգծելով Նաւասարդեանի կարեւորութիւնը թէ՛ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին եւ թէ՛ յատկապէս շրջանի հայութեան համար, մատնանշեց միութեան կողմէ ի գործ դրուած այն զոհողութիւնները եզակի այս նախաձեռնութեան կազմակերպման համար եւ խօսքը ուղղելով մրցող մարզիկ-մարզիկուհիներուն՝ մատնանշեց, թէ «Շրջանային վարչութեան սպասումն է, որ դուք ՀՄԸՄականի հարազատ ոգիով մասնակցիք պատմական նշանակութիւն ունեցող այս մարզախաղերուն: Վերջապէս այս բոլոր զոհողութիւնները ձեզի համար կը կատարուին: Մենք վստահ ենք, որ ձեր կարգապահութեամբ, հայրենասիրութեամբ, հաւատքով եւ ՀՄԸՄավայել կեցուածքով պիտի իմաստաւորէք Նաւասարդեան մարզախաղերը եւ պիտի շարունակէք պատմական իրողութիւն դարձնել զայն հայկական մեր իրականութեան մէջ:
«Յուլիսի առաջին շաբաթավերջին, մարզական նոր չափանիշներով եզրափակուող այս մարզախաղերը եւ այդ առիթով կազմակերպուած փառատօնը, յաղթանակի պարահանդէսը եւ փակման հանդիսութիւնը, իրենց բացառիկ կատարողութեամբ, պէտք է իրաւ Նաւասարդի վերածուին եւ անցեալի պատմական փառահեղ օրերը վերակենդանացնեն մեր բոլորին էութեան մէջ: Բարի երթ կը մաղթենք Նաւասարդեան մարզախաղերուն: Իսկ նորանոր յաղթանակներ՝ մրցող բիւրաւոր մեր մարզական խումբերուն»:
Եզրակացնելով բացման տպաւորիչ հանդիսութիւնը՝ Կարինէ Աւաննէս Նաւասարդեան յանձնախումբի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ յատկապէս «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի տնօրէնութեան, որ վարժարանի ամբողջ տարածքը տրամադրեց ՀՄԸՄին, ինչպէս նաեւ Թաշճեան ընտանիքին՝ հանդիսութեան յաջողութեան համար իրենց օգտակար ներդրումը ցուցաբերելուն:
Նաւասարդեան մարզախաղերու բացումը յատկանշող այս հանդիսութենէն ետք, մարզախաղերը պասքէթպոլի մրցումներով սկիզբ առին նոյն վարժարանի մարզադաշտին վրայ: Առաջին մրցումը կատարեցին «Մասիս» եւ «Արարատ» մասնաճիւղերու մանչերու Է. դասակարգի խումբերը:
Մինչ մրցումները կ՛ընթանային, միւս կողմէ վարժարանի բակէն ներս կազմակերպուած էր Նաւասարդեան փոքրիկ փառատօն, ուր հնչեցին հայկական երգն ու երաժշտութիւնը, իսկ երեխաները մանկական խաղերով զբաղեցան: Հրամցուեցան նաեւ համադամ ճաշեր:
Նաւասարդեան մարզախաղերը պիտի շարունակուին ամէն շաբաթավերջ, շրջանի զանազան մարզադաշտերուն վրայ. անոնց մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար կարելի է այցելել Նաւասարդեանի առիթով ստեղծուած www.navasartiangames.com կայքէջը, կամ դիմել info@ navasartiangames. com համացանցի հասցէին: Կարելի է հեռաձայնել նաեւ Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ (323) 344- 4300 թիւին: