ԷջՄԻԱԾԻՆ.- Ըստ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան, Մայիս 8ին, ձեռամբ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգէն եպս. Միրզախանեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի æաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան հոգեւոր դասուն, վերօծուեցաւ Ախալքալաքի Խանդօ գիւղի Ս. Խաչ եկեղեցին: Գիւղի բնակիչներուն նախնիները 1830ին հոս տեղափոխուած են Բասէնէն եւ Կարսէն:
Սուրբ Խաչ եկեղեցին հիմնադրուած է 19րդ դարու երկրորդ կիսուն, երբ գիւղի ծխական Ս. Աստուածածին (կամ Ս. Մարկոս) 10-11րդ դարու եկեղեցին արդէն փուլ կու գար:
Մայիս 8ին, Տարբեր վայրերէն ժամանած էին գիւղի նախկին բնակիչներ եւ հիւրեր՝ Հայաստանէն եւ Ռուսիայէն: Գիւղի բնակիչները հիւրերը ընդունեցին աղ ու հացով:
Վերօծման արարողութիւնը սկսաւ դռնբացէքի եւ եկեղեցւոյ օրհնութեան կարգով ու երգեցողութեամբ: æուրով ու գինիով մաքրագործուեցան եկեղեցւոյ 16 սիւները, ապա Վիրահայոց թեմի առաջնորդը կատարեց վերօծման հանդիսաւոր կարգը, որուն յաջորդեց անդրանիկ պատարագը՝ Ախալքալաքի Արաքովա գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Թադէոս քհնյ. Տէր Մկրտչեանի մատուցմամբ: Յաւարտ Ս. պատարագի, եկեղեցւոյ բակը տեղի ունեցաւ մեծ տօնախմբութիւն եւ մատաղի օրհնութիւն: Երգի ու պարի գեղեցիկ կատարումներով հանդէս եկաւ «Սայեաթ Նովա» ազգագրական երգի-պարի համոյթը՝ Թովմաս Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ: Տօնական մթնոլորտը տեւեց մինչեւ ուշ երեկոյ:
Կիսափուլ եկեղեցին հիմնովին նորոգուած է ծնունդով Խանդօ գիւղի զաւակներ Արկադի եւ Համբարձում Թորոսեաններու բարերարութեամբ. անոնք 2003 թուականին իրենց ընկերներուն հետ վերանորոգած են նաեւ 10-11րդ դարուն հիմնուած Ս. Աստուածածին եկեղեցին:
Well, my father, Hosrov was born in Ahalkalak in 1884. He take his education at Nersesian colege Tiflis and than in Petersburg Conservatory. During ww1 he was in Bessarabia which passed to Romania. This country closed his borders to USSR and it was after Rapallo agreament that my father find out by letters that entire his familiy was slaughtered by turcs. My oncle Tateos was an exception: he climbed on a tree and stood there three days. He moved after to Tiflis and become a profesor at Agronomical Institute. After ww2 the postal link ended. My grand mother was from Tosunian family .
There are some relatives of mine still in Ahalkalak?