ՄԱՐՈՍԹԻՔԱ, ԻՏԱԼԻԱ.- Լոս Անճելըսաբնակ ծաղրանկարիչ Քրիստ Հովեան երկորդ անգամ ըլլալով տիրացած է Ճատրակի տախտակի միջազգային «Կրանտ Փրի» մրցանակին: Իտալական Մարոսթիքա քաղաքին մէջ կայացած այս տարեկան մրցոյթին, Հովեան առաջին անգամ առաջին տեղը գրաւած էր 2005ին՝ իր «Խաղալիքներ» աշխատանքով:
Այս տարուան թեման՝ «Սուտեր» էր:
Մասնագիտութեամբ «կրաֆիք տիզայնըր», պատկերազարդող եւ սիրողաբար ծաղրանկարիչ Հովեանը, ուրախ եւ ընկերական բնաւորութեան տէր անձ մըն է:
Քրիստ Հովեան ծնած է Իրան, ուր ապաստան գտած են իր պապերը՝ թրքական հալածանքներէն փախչելով: Հետագային ինք գաղթած է Միացեալ Նահանգներ:
««Մարոսթիքայի հումորիստները» առաջինն է եղել, ուր ես մասնակցել եմ, եւ դա իրօք եզակի եւ առանձնայատուկ միջոցառում է: 1994 թուին, ստացուեց մի նամակ, որով կազմակերպիչները հրաւիրում էին ինձ մասնակցելու միջոցառմանը: Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ լցուեցի՝ ստանալով այդ նամակը: Այնուհետեւ, ես իմ համաձայնութիւնը տուեցի եւ 1999 թուին ներկայացրի իմ գործերը: Ինձ համար մեծ պատիւ էր դրանք տեսնել հրատարակուած կատալոգի ձեւով: Չբաւականանալով այդքանով, ես մասնակցեցի նաեւ 2005 թուին կազմակերպուած մրցոյթին եւ շահեցի «Կրանտ Փրի»ի մրցանակը առաջին անգամ», յայտնած է Հովեան:
Հովեան այս տարի եւս արժանացած է «Հիւմորիսթիա Մարոսթիքա» միջազգային ծաղրանկարի փառատօնի գլխաւոր մրցանակին:
Նշենք, որ սոյն փառատօնը կը նկատուի իր տեսակին մէջ ամէնէն հռչակաւորը, եւ կը դասուի 5 աստղային փառատօներու շարքին: Նշենք նաեւ, որ Մարոսթիքա քաղաքը յայտնի է իբրեւ ճատրակի քաղաք, եւ ամէն 2 տարին մէկ անգամ, քաղաքի մը գլխաւոր հրապարակին վրայ կը խաղարկուի ճատրակ՝ կենդանի քարերով, ի յիշատակ 15րդ դարուն կայացած ճատրակի մենամարտին, որ տեղի ունեցած էր երկու ազնուականներու՝ Ռինալտօ տը Անգառանոյի եւ Վիէրի տա Վալլոնառայի միջեւ, Մարոսթիքա ամրոցի տիրակալին գեղեցկուհի դստեր՝ Լիոնոռայի հետ ամուսնանալու նպատակով: