ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մայիս 12ին, Մատրիտի մէջ ընթացող Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբի 119րդ նիստին, անդրադառնալով Ղարաբաղեան հակամարտութեան խնդիրին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտնած է, որ Արցախի ժողովուրդը իր անվտանգութիւնը ապահովելու մտահոգութեամբ է որ կը հիմնաւորէ ինքնորոշման իրաւունքի օրինական պահանջքը: Ատրպէյճանը այդ իրաւունքին հակադրեց ազգային մաքրագործումներով, ապա անցաւ բացայայտ, լայնածաւալ պատերազմի՝ օգտուելով նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ կապ ունեցող վարձկաններու ծառայութենէն:
Խօսելով հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղղուած բանակցային գործընթացին մասին՝ նախարարը ընդգած է, որ 2001ին հակամարտութեան հանգուցալուծումը բաւական մօտ եղած է, սակայն Ատրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշումը եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն հրաժարումը պատճառ դարձած են, որ ձախողութեան մատնուին բանակցութիւնները: Նալբանդեան նշած է, որ Ատրպէյճան ապակառուցողական մօտեցում դրսեւորած է նաեւ 2007ին՝ ամիսներ շարունակ մերժելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած մատրիտեան սկզբունքները:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումները, 2008ի Մոսկուայի ու Հելսինքիի մէջ ընդունուած հռչակագիրներն ու յայտարարութիւնները գնահատելով իբրեւ առաջընթացի նախանշաններ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յոյս յայտնած է, որ եթէ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը հրաժարի ներկայ իր քաղաքականութենէն, դադրեցնէ ռազմատենչ ու հայատեաց քարոզչութիւնը, ապա Մինսկի խումբի մասնակցութեամբ ընթացող բանակցութիւններով հնարաւոր է համաձայնութեան գալ եւ հասնիլ հիմնախնդիրի կարգաւորման: