ԵՐԵՒԱՆ.- Սփիւռքի նախարարութեան կից ատեանը Հինգշաբթի օր գումարած է իր հերթական նիստը, որուն ընթացքին, այլ հարցերու կողքին, քննած է սփիւռքագիտութեան զարգացման հեռանկարները:
Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ հիմնադրուած Երեւանի պետական համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ մասնագէտներու պատրաստման մասին զեկուցումով հանդէս եկած է ԵՊՀ սփիւռքագիտութեան ամպիոնի վարիչ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Եուրի Աւետիսեանը:
Ըստ Աւետիսեանի, 2009-2010 ուսումնական տարեշրջանին ամպիոնը պիտի սպասարկէ բանասիրական, պատմութեան, լրագրական եւ արեւելագիտութեան բաժանմունքներուն: Ամպիոնը նաեւ պիտի հաստատէ սփիւռքագիտութեան մասնագիտութեամբ բարձրագոյն վկայական:
Ամպիոնը, համապատասխան բաժանմունքներու հետ, պիտի կազմակերպէ սփիւռքահայ գրողներու եւ մամլոյ պատմութեան նուիրուած գիտական նստաշրջաններ:
Ամպիոնը պիտի դառնայ սփիւռքագիտութեան եւ յատկապէս այլ պետութիւններու մէջ գործող հայկական ամպիոններու քննարկման կեդրոն:
Ատեանը հաւանութիւն տուած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու կրթամշակութային խնդիրներու օգնութեան ծրագրին, որուն ֆինանսաւորումը սիրով ստանձնած է «Փիւնիկ» հիմնադրամը, որուն նախագահ եւ ատեանի անդամ Լեւոն Սարգսեանը վստահութիւն յայտնեց, թէ համատեղ ուժերով, եւ «պարոն Գաբրիէլ Չամպարճիի օգնութեամբ», անոնք պիտի իրականացնեն բոլոր ձեռնարկները: