ՎԱՏԻԿԱՆ.- Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, Մայիս 15ի առաւօտեան, Պենետիքթ ԺԶ պապը այցելած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան, ուր դիմաւորուած է պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանի, լուսարարապետ եւ պատրիարքական փոխանորդ Նուրհան արք. Մանուկեանի, միաբանութեան անդամներու, Երուսաղէմի հայ ժողովուրդի եւ ներկայացուցիչներու կողմէ:
Ս. Յակոբ եկեղեցիին մէջ հաւաքուած ներկաներուն առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, պապը պատրիարքին հետ հանդիպումը նկատած է բոլոր քրիստոնեաներուն միացնելու նպատակին ծառայող քայլ մը եւ ողջունած է «Երուսաղէմի վաղեմի հայկական բաժինին մէջ» իրեն ցուցաբերուած հիւրընկալութիւնը:
Պապը նշած է, թէ կաթողիկէ եւ հայկական եկեղեցիներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերջերս զգալիօրէն սերտացած են՝ ակնարկելով կաթողիկոսներ Գարեգին Բ.ի ու Արամ Ա.ի հետ Վատիկանի մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն, որոնց միջոցով կաթողիկէ եկեղեցին սերտացուցած է նաեւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ իր յարաբերութիւնները: