ՔՈԼՈՄՊՈՍ.- Օհայոյի քոնկրէսական երկրորդ ընտրատարածքէն Ներկայացուցիչներու տան 2010 ընտրութեանց թեկնածու Տէյվիտ Գրիգորեան Հինգշաբթի, Մաիս 14ին վերահաստատեց 2008ի քոնկրէսական ընտրապայքարին ընթացքին իր կատարած այն պնդումը, թէ իր մրցակիցը՝ քոնկրէսական Ճին Շմիթ, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու շարքին կը գտնուի, հակառակ այն իրողութեան, որ Շմիթ Գրիգորեանի դէմ այս պնդումին կապակցութեամբ բողոք մը ներկայացուցած էր Օհայոյի ընտրական յանձնաժողովին:
Գրիգորեան կը յայտնէ, թէ քոնկրէսականը այնքան վտանգուած կը զգայ, որ ընտրութիւններէն 18 ամիս առաջ արդէն իսկ իր դէմ քարոզչական արշաւի մը նախաձեռնած է՝ բողոքը ներկայացնելով ընտրական յանձնաժողովին:
Գրիգորեան, որ 2008ի ընտրութեանց իբրեւ անկախ թեկնածու մասնակցած էր, 2010ին ընտրութեանց պիտի մասնակցի իբրեւ դեմոկրատ թեկնածու:
Գրիգորեան 2008ի ընտրապայքարին ընթացքին մատնանշած էր, թէ Շմիթ թրքական կազմակերպութիւններէ ստացած էր 30,000 տոլարի նուիրատուութիւններ, որոնց հետեւանքով ան սկսած էր ուրանալ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:
Հետաքրքրական է, որ Օհայոյի քոնկրէսական երկրորդ ընտրատարածքին մէջ յատկանշական թրքական համայնք մը գոյութիւն չունի:
Օհայոյի նահանգապետ Թէտ Սթրիքլընտ 2007ին հաստատած էր Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Գրիգորեան, որուն նախահայրերը Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին Հայաստանէն փախուստ տալով Միացեալ Նահանգներ հաստատուած էին, նաեւ կոչ ըրաւ Շմիթի, որ նեցուկ կանգնի Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած թիւ 252 բանաձեւին, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը պահանջէ եւ ցարդ, 121 քոնկրէսականներու աջակցութիւնը ապահոված է: