ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Մայիս 15ի ասուլիսին ընթացքին, Հայաստանի կալուածներու գրանցման (cadaster) կոմիտէի պետ Աշոտ Մուրատեան յայտնեց, որ թէեւ համաշխարհային դրամատնտեսական ճգնաժամը իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցաւ Հայաստանի անշարժ գոյքի շուկային վրայ, այնուհանդերձ յառաջիկայ ամիսներուն կ՛ակնկալուի որոշ աշխուժացում այս մարզին մէջ, ըստ կոմիտէին կատարած ուսումնասիրութիւններուն:
Այս տարուան Յունուարէն Մարտ ամիսներուն, Հայաստանի մէջ կատարուած է կալուածներու աւելի քան 28 հազար գործարք, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատութեամբ, միայն 18 տոկոսով պակաս է. իսկ այս Ապրիլին, կատարուած է 11.4 հազար գործարք, որ Մարտ ամսուան համեմատ աւելի է 3.9 տոկոսով:
Ա. Մուրատեան աւելցուց, թէ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, 8 տոկոսով աճած է անշարժ գոյքի վարձակալութեան գործարքներուն թիւը, իսկ եթէ աճման այս գործընթացը շարունակուի, ապա մինչեւ տարեվերջ, անշարժ գոյքի եւ յատկապէս նորակառոյց շէնքերու շուկան պիտի կայունանայ:
Ըստ կոմիտէի պետին, աշխուժացման եւ կայունացման գործին կը նպաստեն որոշ գործօններ, որոնցմէ են կառավարութեան հակաճգնաժամային ծրագիրները, գործարարներու կատարած ներդրումներն ու առքուվաճառքը: Ուշագրաւ է նաեւ, որ նոր շէնքերու շուկայի գնորդներուն 50-60 տոկոսը ԱՊՀ երկիրներէ են՝ գլխաւորաբար Ռուսիոյ հայ բնակիչներ, իսկ 20-25 տոկոսը՝ սփիւռքահայեր: