ԳԻՐՔԸ
Առաջին անգամն ըլլալով անգլերէն հրատարակուող «Հայ Գողգոթան» ականատեսի ամենացնցիչ եւ համապարփակ պատումն է նորագոյն առաջին ցեղասպանութեան:
Ապրիլ 24ին, Գրիգորիս վրդ. Պալաքեան կը ձերբակալուի Կոստանդնուպոլսոյ հայ համայնքի շուրջ 250 այլ մտաւորականներու եւ ղեկավարներու հետ: Արարքը դարձաւ սկիզբը Օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան կանոնաւոր նկրտումներուն՝ ուղղուած Թուրքիայէն Հայ ժողովուրդի ոչնչացման եւ վերացման. արշաւ մը, որ շարունակուեցաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի եւ Օսմանեան կայսրութեան փլուզման տարիներուն, որոնց ընթացքին, աւելի քան մէկ միլիոն հայեր բնաջնջուեցան եւ տեղահանուեցան իրենց դարաւոր հայրենիքէն: Իր կարգին դատապարտուած Գրիգորիս Պալաքեանի համար, անիկա սկիզբ էր չորս տարուան անսահման տառապանքի, որուն ընթացքին ան պիտի դառնար այդ արիւնալի եւ անվերջ կարաւանի ականատեսն ու մասնակիցը:
Գ. Պալաքեան իր աչքերով կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս իր հայրենակիցները կը ղրկուէին կառքերով, աւանակներու վրայ կամ քալելով, ենթարկուելու անխուսափելի մահուան՝ Հիւսիսային Սուրիոյ անապատներուն մէջ: Շատերը պիտի չկարենային նոյնիսկ գոյատեւել մինչեւ այդ ուղեւորութեան վերջը՝ զոհ երթալով քաղցի, հիւանդութիւններու, մարմնային անդամահատումներու, բռնաբարութիւններու եւ այլ չարչարանքներու, նախքան մարդասպանութեան ենթարկուիլը՝ ճամբուն վրայ: Այս էջերով, վարդապետը կենդանի պատկերներով կը ներկայացնէ վերապրողներու, օտար ականատեսներու, կոտորածներուն մասնակից դարձած թուրք պաշտօնատարներու գործերն ու խօսքերը, ինչպէս նաեւ բուռ մը քաջասիրտ ու արդարամիտ թուրքերու, որոնք, Պաղտատի երկաթագիծին վրայ աշխատող կարգ մը գերմանացի պաշտօնեաներու հետ, դիմադրութիւն ցուցաբերեցին հայերը սպաննելու հրահանգներուն: Պալաքեան կը յաջողի մազապուրծ ազատիլ: Անտառներու միջով ու լեռներու վրայով, ծպտուած իբրեւ երկաթագիծի աշխատող, ապա՝ իբրեւ գերմանացի բանակային, Պալաքեանի փախուստը սահմռկեցուցիչ ոդիսական մըն է, որուն համար իր վկայութիւնը եզակի արժէք ունի:
Խորազնին վերլուծումներն ու ներթափանցումները Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական, մշակութային եւ քաղաքական կողմերուն, որոնք օգտագործուեցան իբրեւ պատճառաբանութիւն զանգուածային մարդասպանութեան համար, եւ իրենց արձագանգումը քսաներորդ դարուն եւ անկէ ետք, այս յուշագրութիւնը կը դարձնեն վերապրողներու եւ գոյատեւման պատմութեան դասական աղբիւր:
Արդարեւ, «Հայ Գողգոթան» կը ծառայէ խորացնելու մեր ըմբռնումը չարաղէտ ոճիրի մը մասին, զոր թրքական կառավարութիւնը, Օսմանեան պետութեան ժառանգորդը, մինչեւ օրս կ՛ուրանայ:
ՀԵՂԻՆԱԿԸ
Ծնած 1876ին, Գրիգորիս Պալաքեան եղած է իր սերունդի հայ առաջատար մտաւորականներէն մին: Օսմանեան կայսրութեան եւ Գերմանիոյ մէջ ուսանելէ ետք, 1901ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն եկեղեցական եւ կը ծառայէ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ՝ իբրեւ պատուիրակ Եւրոպայի եւ յատկապէս Ռուսիոյ համար: Ան հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, որոնցմէ քանի մը հատը կը բռնագրաւուին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 1915ին, քանի մը հատն ալ կորած են այդ տարուան իրադարձութիններու հետեւանքով: Ան հետագային դարձած է Հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդ եպիսկոպոսը: Մահացած է 1934ին՝ Մարսէյի մէջ:
Փիթըր Պալաքեան հեղինակն է «Հրկիզուող Տիգրիսը. Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Ամերիկայի արձագանգումը» վէպին, որ պարգեւատրուեցաւ 2005ին, «Ռաֆայէլ Լեմքին» մրցանակով եւ օրին դարձաւ «New York Times»ի մեծագոյն տպագանակով վաճառուած (Best seller) գիրքը, ինչպէս նաեւ New York Times-ի ուշագրաւ (Notable) գիրքը: Ան հրատարակած է նաեւ «Ճակատագրի սեւ շունը», որ արժանացած է PEN/Martha Albrand Award Յուշագրութեան արուեստի մրցանակին եւ «New York Times»ի ուշագրաւ (Notable) գիրքի գնահատանքին: Գրիգորիս Պալաքեանը եղած է Փիթըրի հօրը հօրեղբայրը:
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ՀԵՏ
ՀԱՐՑ.- Պարոն Փիթըր Պալաքեան. Գրիգորիս եպիսկոպոս Պալաքեան ձեր հօրը հօրեղբայրն էր։ Ինչպէ՞ս գիտցաք անոր եւ իր յուշագրութիւններուն մասին։
ՓԻԹԸՐ ՊԱԼԱՔԵԱՆ.- Երբ չափահաս դարձայ, իմացայ, որ Գրիգորիս Պալաքեան եպիսկոպոս եղած է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եպիսկոպոս։ Հայրս ու հօրաքոյրներս միայն առիթներով խօսած են անոր մասին։ Անոնք յիշած են իր գրած զանազան գիրքերը, սակայն յիշատակութիւն չեն ըրած իր այս թանկարժէք յուշագրութեան մասին։ Հետաքրքրականն այն է, որ երկու մօրաքոյրներս գրաքննադատներ էին, իսկ հայրս՝ պատմութեան լուրջ ուսանող։ Իմ «Ճակատագրի սեւ շունը» գիրքէս մէկ գլուխ յատկացուցած եմ անոր պատմութեան, ինչ որ զիս առաջնորդեց իր յուշագրութեան յայտնաբերման։
ՀԱՐՑ.- Իսկ ինչպէ՞ս իմացաք «Հայ Գողգոթան» գիրքին մասին։
ՓԻԹԸՐ ՊԱԼԱՔԵԱՆ.- Պատահական, կամ ալ ճակատագրով՝ եթէ կ՛ուզէք։ 1991ին ընկերներէս մէկը ինծի ղրկեց ֆրանսական հանդէսի մը յօդուածը, ուր գրուած էր իրեն նուիրուած հոգեհանգիստի եւ յիշատակի ձեռնարկի մը մասին, քանի որ իր կեանքի վերջին տարիներուն ան եղած էր Մարսէյի թեմակալ առաջնորդը։ Յօդուածին մէջ յիշատակութիւն կար Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իր յուշագրութեան մասին, որ տակաւին չէր սպառած միջին արեւելեան քաղաքներու գրատուներէն։ Անմիջապէս հայերէն օրինակ մը պատուիրեցի Պէյրութէն եւ 1991ին սկսայ անով աշխատիլ՝ ուրիշ թարգմանիչի մը հետ համագործակցաբար։
ՀԱՐՑ.- Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք յուշագրութեան թարգմանութեան աշխատանքը։
ՓԻԹԸՐ ՊԱԼԱՔԵԱՆ.- Ինծի համար համակող եւ ցնցիչ փորձառութիւն էր ու բարդ ուղեւորութիւն մը՝ յայտնաբերել հօրս հօրեղբօր գոյատեւման եւ վերապրելու պատմութիւնը, անոր լեզուն եւ կեանքը։ Թարգմանութեան ընթացքին հարուստ հայերէն բնագիրին համապատասխան եզրեր, բառապաշար եւ յանգաւորում գտնելը ժամանակակից անգլերէն լեզուին մէջ, դանդաղ, դժուարութիւններով լեցուն եւ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնեցնող գործ մըն էր. գիրքը կը պարփակէ 17 գլուխ, բոլորն ալ դժխեմ օրերուն մասին։
ՀԱՐՑ.- Ինչպէ՞ս վերակենդանացաւ հօրդ հօրեղբայրը քեզի համար։
ՓԻԹԸՐ ՊԱԼԱՔԵԱՆ.- Բոլորովին անտեղեակ էի, թէ ան եղած է այդպիսի ներգործող ղեկավար եւ ձեռնհաս մտաւորական՝ իր սերնդակիցներուն մէջ։ «Հայ գողգոթան» կը վերակենդանացնէ անսովոր արարում, իմաստութիւն, մարդասիրութիւն եւ նուիրուածութիւն, զորս երիտասարդ եկեղեցականը դրսեւորած է՝ անսովոր պայմաններու մէջ։ Իր յատուկ կարողութիւնը՝ թուրք ջարդարարներու հետ բանակցելու, միեւնոյն ժամանակ իր տառապած կառաւանի անդամներուն մխիթարելու եւ օգնութեան ձեռք երկարելուն մէջ, անսահմանօրէն ուշագրաւ է։ Ամբողջ պատմութեան ընթացքին ան կը մնայ խոնարհ եւ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած ուրիշներուն օգնելու վրայ, սակայն ան կը տառապի ի տես մարդկային տանջանքներու եւ իր ժողովուրդի մշակոյթին կործանման համար։
ՀԱՐՑ.- Ինչպիսի՞ ներդրում կ՛ունենայ «Հայ Գողգոթան» Հայկական Ցեղասպանութեան ըմբռնման գործին մէջ։
ՓԻԹԸՐ ՊԱԼԱՔԵԱՆ.- Չկայ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ինծի ծանօթ գրութիւն մը, որ ըլլայ այնքան հարուստ, բազմաշերտ ու բարդ, որքան այս գիրքը։ Պալաքեան մէկն էր այն 250 մեծահռչակ հայ մշակութային ղեկավարներէն, որոնք ձերբակալուեցան նախճիրի նախօրէին։ Ան գոյատեւեց մօտաւորապէս 4 տարի տեղահանութեան եւ բռնագաղթի ճամբաներուն վրայ եւ ականատես դարձաւ այնպիսի արհաւիրքներու, զորս շատ փոքրաթիւ վերապրողներ կրցած են նկարագրել։
ՀԱՐՑ.- Ան ինչպէ՞ս կրցած է տեսնել ուրիշներէ աւելի։
ՓԻԹԸՐ ՊԱԼԱՔԵԱՆ.- Իբրեւ եկեղեցական, ան իւրայատուկ դրութեան մէջ էր. բոլոր տեղահան եղածները իրենց հայեացքները անոր կը սեւեռէին՝ օգնութեան համար։ Ամբողջ ճամբուն ընթացքին, ան առաջնորդած է աւելի քան 100 գաղթականներէ բաղկացած խումբ մը։ Դէմ յանդիման եկած է այլ շրջաններէ եկած վերապրողներու հետ եւ ունկնդրած անոնց պատմութիւնները։ Թուրք ջարդարարներ ալ իրեն պատմած են սարսափելի պատահարներու մասին, կարծելով, որ ինք արդէն կը տարուէր դէպի անխուսափելի մահ։ Ան նաեւ երկար պատումներ լսած է երկաթագիծի գերմանացի, զուիցերիացի եւ աւստրիացի ճարտարապետներէ։ Ան ուղեւորուած է հարիւրաւոր մղոններ եւ աչքերով տեսած է մոխրացած ու քանդուած գիւղեր, աւաններ ու քաղաքներ։
ՀԱՐՑ.- Կրնա՞ք մանրամասն պատմել հայկական մշակոյթի եւ ենթակառուցուածքի կործանման մասին։
ՓԻԹԸՐ ՊԱԼԱՔԵԱՆ.- Ատիկա Ցեղասպանութեան կարեւոր մէկ մասնիկն է։ Իրաւաբանութեան միջազգային լեհ դասական Ռաֆայէլ Լեմքին, որ հիմք դրած է ցեղասպանութիւնը իբրեւ միջազգային ոճիր ճանչնալու գաղափարաբանութեան, ընդգծած է, թէ ցեղասպանութիւն է ոչ միայն խմբաւորումներ ոչնչացնլու արարքները, այլեւ՝ մշակութային հաստատութիւններու, արուեստի իրերու, լեզուի կամ կրօնքի բնաջնջումը։ Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային, թրքական կառավարութիւնը կործանեց աւելի քան 5000 եկեղեցի, դպրոց ու կառոյց, ինչպէս նաեւ գրական ու արուեստի գործեր։ Այս բոլորին ականատես Գ. Պալաքեան կը պատմէ նաեւ, թէ ի՛նչ եղաւ բռնի կերպով իսլամացած հայերուն ճակատագիրը։
ՀԱՐՑ.- Ինչո՞ւ կարեւոր է ուսումնասիրել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, երբ արդէն անցած է մօտ 95 տարի։
ՓԻԹԸՐ ՊԱԼԱՔԵԱՆ.- Պարզապէս, Հայոց Ցեղասպանութիւնը օգտագործուեցաւ իբրեւ հիմք եւ ուրուագիծ՝ նոր պատմութեան բոլոր Ցեղասպանութեանց։ Նոյնիսկ Հիթլեր ներշնչուած էր անկէ՝ համոզուելով, որ կարելի է մարդկային ատուած խմբաւորում մը ոչնչացնել, երբ 1939ին յայտարարեց. «Վերջապէս ո՞վ այսօր կը խօսի հայերու բնաջնջման մասին»։
Իր կարգին, Ռաֆայէլ Լեմքին, իր գաղափարախօսութիւնը ամրագրեց Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան վրայ։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը այս բառին ծննդոցն է, իսկ թրքական կառավարութեան ուրացումը վտանգաւոր հանգամանք մըն է։ Թուրքիոյ մէջ ոչ ոք իրաւունք ունի խօսելու, թէ ինչպէ՛ս անհետացան հայերը։ Սերունդներուն կը թելադրուի, որ կային փոքրաթիւ հայեր, որոնք անհաւատարիմ էին երկրին եւ ինչ որ պատահեցաւ իրենց, հետեւանք էր անոնց կատարած յանցանքին։ Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան բացայայտումը խստիւ արգիլուած է Թուրքիոյ մէջ, եւ թուրք լաւագոյն պատմաբաններն ու մտաւորականները, որոնք կը համարձակին բացայայտօրէն խոստովանիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը, ինչպէս ըրաւ Օրհան Փամուք, կը դատուին Թուրքիոյ ատեաններուն առջեւ։