ԵՐԵՒԱՆ.- Այս տարուան Յուլիսին, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան պիտի ունենայ ռուսական երկու «Sukhoi Superjet 100» օդանաւ:
«Շուտով այդ ինքնաթիռները, որոնք արդէն փորձարկւում են, կը թռչեն Հայաստան, որպէսզի բարձրալեռնային պայմաններում անցնեն փորձարկումների վերջին փուլը», յայտարարեց Ռուսիոյ փոխվարչապետ Սերգէյ Իւանով՝ Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ երէկուան իր հանդիպման ընթացքին:
«SSJ-100» ընտանիքին պատկանող բոլոր օդանաւերը մաքրութեան եւ առողջապահութեան իմաստով կը համապատասխանեն միջազգային պահանջներուն, որուն շնորհիւ «Superjet 100»ը մրցունակ կը դառնայ համաշխարհային շուկայական համակարգին վրայ:
Քաղաքացիական առաջին «Sukhoi Superjet 100» օդանաւը կը տրուի Հայաստանի «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութեան: Ըստ անցեալ շաբաթավերջին պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Ս. Իւանովի, հայ գործընկերներուն հետ արդէն իսկ քննարկուած են հիւլէական ուժի, տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան, կապի եւ տիեզերական ոլորտներուն մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցեր:
Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ իր զրոյցին ընթացքին Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ս. Իւանով գոհունակութիւն յայտնած է ռուս-հայկական յարաբերութիւններու զարգացման համար, որոնք բացի ուժանիւթի ոլորտէն, կը ներառեն նաեւ գիտարուեստի ոլորտը: