ԵՐԵՒԱՆ. «Ազգ».- Ըստ Կեդրոնական դրամատան «Վճարահաշուարկային յարաբերութիւններու զարգացումը 2009 թուականի առաջին եռամսեակի» հրապարակման, «Դէպի Հայաստան» դրամական միջոցներու զուտ ներհոսքը՝ դրամատուներու միջոցով, կազմած է 44 միլիառ դրամ:
Այս ցուցանիշը, 2008ի առաջին եռամսեակի դրամական փոխանցումներու ցուցանիշին համեմատ, նուազած է 18 միլիառ դրամով, կամ՝ 30 տոկոսով: Անդրադառնալով այս տարուան առաջին եռամսեակին առեւտրային դրամատուներու միջոցով դէպի Հայաստան կատարուող դրամական փոխանցումներուն՝ կը նշուի, որ անոնք կազմած են 51.6 միլիառ դրամ, ինչ որ 6.8 անգամով կը գերազանցէ Հայաստանէն արտասահման կատարուած փոխանցումներուն ծաւալը:
Նոյն աղբիւրը կը տեղեկացնէ, որ դրամատուներու թղթակցային հաշիւներով ֆիզիքական անձերու ուղղուած վճարումները կազմած են 34 միլիառ դրամ, ինչ որ ութ միլիառ դրամով կամ 19 տոկոսով նուազ է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին ֆիզիքական անձերու ուղղուած վճարումներու ծաւալէն: