ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի արդի ժամանակաշրջանի պատմութեան բախտորոշ էջերէն մէկը կը կազմէ Իրանի Սահմանադրական Շարժումին Դաշնակցութեան բերած աշխոյժ մասնակցութիւնը, թէ՛ քաղաքական–ռազմավարական ճակատի վրայ՝ Ռոստոմի ղեկավար դերակատարութեամբ, թէ՛ մարտական–զինուորական ճակատի վրայ՝ Եփրեմի հերոսական հրամանատարութեամբ։
Իսկ այս վերջինի՝ անզուգական Եփրեմի նահատակութեամբ կը յատկանշուի հայկական յուշատետրի այսօրուան –20 Մայիսի– էջը, երբ 97 տարի առաջ, 1912ին, Իրանի հակասահմանադրական ուժերը Համատան քաղաքի մերձակայքը պարտութեան մատնած, դաւադիր գնդակի մը զոհ գնաց եւ հերոսի մահով յաւերժութեան դափնեպսակին արժանացաւ Դաշնակցութեան քաջարի Զինուորը, հայ ժողովուրդի ազգային–ազատագրական պայքարէն ծնած Արդարութեան Մարտիկի դաշնակցական ռահվիրան։
Երեւոյթ է Եփրեմ՝ ե՛ւ հայ ժողովուրդի, ե՛ւ Իրանի պատմութեան մէջ։ Միայն Դանիէլ Վարուժանի հանճարեղ գրիչը կրնար Եփրեմ երեւոյթին խորհուրդն ու մեծութիւնը խտացնել այսպէ՛ս.
«Զքեզ խրճիթ մը ծնաւ,
«Հայ վիշտը քեզ օրօրեց,
«Այդ վշտին չափ եղար մեծ»։
Սիւնեաց աշխարհէն էր Եփրեմ Դաւթեանց. ծնած էր Գանձակի Բարսում գիւղը. ծննդեան թուականը ամենայն հաւանականութեամբ 1868ն է, թէեւ կենսագիրները կու տան նաեւ 1869 եւ 1871 թուականները։ Հայրազուրկ էր, ծերունի մօր մը միակ զաւակը, որ հազիւ երիտասարդ՝ 17 տարեկանին, ուսումը կիսատ թողած, հեռացաւ իր ծննդավայրէն եւ միացաւ Երկիր անցնող ու թրքական լուծին դէմ ըմբոստացած առաջին հայ յեղափոխականներու հրոսակային շարժումին։
Գաբրիէլ Լազեան, իր «Յեղափոխական Դէմքեր»ուն մէջ ներկայացնելով Եփրեմը, մեծանուն հերոսին կրակի մկրտութիւնը կը կապէ Մշոյ Սուրբ Կարապետ Վանքի շրջակայքը «Ղօջլիտի Տղայ» անունով ծանօթ հրոսակապետի մղած կռիւներուն, որոնց ընթացքին 19ամեայ Եփրեմ ուշադրութիւն կը գրաւէ իր խիզախութեամբ եւ մարտական ընդունակութիւններով։
21 տարեկանին Եփրեմ արդէն միացած էր նորակազմ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան եւ Յունոյի հրամանատարութեան տակ, իբրեւ տասնապետ, իր մասնակցութիւնը բերաւ Սարգիս Կուկունեանի արշաւախումբին։ Երբ ցարական իշխանութեանց կողմէ հալածանքը սկսաւ արշաւախումբին դէմ եւ հայ յեղափոխականները ցարական բանտերը նետուեցան, պաշտօնապէս 1971ի ծնունդ՝ անչափահասի տարիքով արձանագրուած Եփրեմը, Կարսի մէջ բանտարկուելով եւ դատուելով, միայն հինգ տարուան (տասի փոխարէն) աքսորի դատապարտուեցաւ։ 1892ին աքսորուեցաւ Սիպիր, Սախալին, ուր միայն երկու տարի մնաց. յղացաւ գերաններով նաւակ մը շինելու եւ գետը նետուելով փախուստ տալու ծրագիր մը, որ գործադրեց իր հայ ընկերոջ եւ երեք ռուս ճակատագրակից բանտարկեալներու հետ։ Երկու ամիս եւ 23 օր տեւողութեամբ արկածախնդրալից ճամբորդութենէ մը ետք՝ եփրեմ վերադարձաւ հայրենիք։
1895–1897 տարիներուն, իբրեւ ՀՅԴ Բագուի Ոսկանապատ Կ. Կոմիտէի գործիչ, Եփրեմ ուսուցչական աշխատանքի լծուեցաւ Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Հայերէնի կողքին ռուսերէն, պարսկերէն եւ թուրքերէն լեզուներուն իր քաջածանօթութիւնը օգնեց, որպէսզի շրջագայի հայկական գիւղերով եւ յեղափոխական գաղափարներով տոգորէ հայ երիտասարդութիւնը՝ «Դէպի Երկիր» ուղղելով անոնց քայլերը։ Իր կարգին կ՚ուղարկուի Ատրպատական, Թաւրիզ, որ սահմանը կտրող հայ յեղափոխականներու եւ զինատար խումբերու խարիսխն էր՝ Դաշնակցութեան զէնքի գործարանով եւ հայդուկային պատրաստուած գործիչներու կեդրոնացումով։
1897ին Եփրեմ իր մասնակցութիւնը բերաւ Խանասորի Արշաւանքին, իբրեւ ձիաւոր խումբի տասնապետ՝ մարտական իր խիզախութեամբ ու հերոսական քայլերով մեծ հռչակի արժանանալով։ Արշաւանքի յաջող աւարտէն ետք Եփրեմ վերադարձաւ Արցախ, քանի մը տարի եւս շարունակեց շրջիկ ուսուցիչ–գործիչի իր գործունէութիւնը, մինչեւ որ 1902ին, Ռոստոմի խորհուրդով, վերջնականապէս անցաւ Ատրպատական ու հաստատուեցաւ Ռաշտի մէջ, ուր ամուսնացաւ, աշխատեցաւ ճամբու շինարարական ընկերութեան մը մէջ, մինչեւ որ հաստատեց աղիւսի արտադրութեան իր սեփական գործը։
1906ին, երբ Իրանի մէջ Սահմանադրական շարժման յեղափոխական առաջին խմորումները երեւան եկան, Եփրեմ ղեկավար դէմքերէն էր Ռաշտի ՀՅԴ «Վրէժ» Կոմիտէութեան, որուն ներկայացուցիչի հանգամանքով մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Ատրպատականի Կ. Կոմիտէութեան խորհրդակցական ժողովներուն, ուր հասունցաւ Իրանի Սահմանադրական շարժման Դաշնակցութեան լիարժէք մասնակցութեան գաղափարը։ Եփրեմ հիմնական դեր ունեցաւ, համադաշնակցական առումով, այդ գաղափարին որդեգրման ու իրականացման մէջ՝ Ռոստոմը ունենալով իբրեւ միեւնոյն այդ գաղափարին ջերմեռանդ պաշտպանը։ ՀՅԴ Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովը, 1907ի գարնան, որոշում կայացուց լիարժէք մասնակցութիւն բերելու Իրանի Սահմանադրական շարժումին եւ անոր գործադրութիւնը վստահեցաւ յեղափոխական մեծ վարպետին՝ Ռոստոմին։
1907ի Դեկտեմբերին Ռոստոմ արդէն Թաւրիզ է. բանակցութիւններ կը վարէ Սահմանադրական շարժման պարսիկ ղեկավարներուն հետ։ Ոչ միայն Իրանը բռնապետական լուծէ ազատագրելու նպատակը, այլեւ ու մանաւանդ հայկական Ատրպատականի գրաւման թրքական ախորժակները իրենց սաղմին մէջ խեղդելու ռազմավարական հրամայականը առաջնորդեցին Ռոստոմը, մինչեւ Յունուար 1908 երկարած այդ բանակցութեանց ընթացքին։ Իր կողմէ՝ Եփրեմ եւ ՀՅԴ Ռաշտի կազմակերպութիւնը գործնապէս արդէն մասնակից էին Սահմանադրական շարժման մարտական ինքնակազմակերպումին, յեղափոխականի իրենց փորձառութեամբ ինքնավստահութիւն ներշնչելով պարսիկ նորընծայ յեղափոխականներուն։
1908ի գարնան ընդհարումները սկսան Շահի բռնապետական ուժերուն հետ։ Դաշնակցութիւնը զէնքով ու փորձառու մարտիկներով նետուեցաւ կռուի դաշտ՝ Եփրեմին վստահելով դաշնակցական ուժերուն ընդհանուր հրամանատարութիւնը։ Մինչեւ 13 Յուլիս 1909ի Թեհրանի ամբողջական ազատագրումը եւ Շահի գահընկէցութիւնը, շարունակուած կռիւները, Եփրեմ դրսեւորեց Իրանի Սահմանադրական շարժման իսկական հրամանատարի փառահեղ գործունէութիւն, որուն համար արժանացաւ ոչ միայն Խանի տիտղոսին, այլեւ՝ Սարդարի (Ընդհանուր Հրամանատար) զինուորական աստիճանին։ Սահմանադրական նորահաստատ կառավարութեան կողմէ նշանակուեցաւ նախ մայրաքաղաք Թեհրանի, ապա նաեւ ամբողջ Իրանի Ոստիկանապետ։ Թէեւ այդ պաշտօնին համար Եփրեմ մեղադրուեցաւ իր կուսակցական ընկերներուն կողմէ՝ իբրեւ դաշնակցական յեղափոխականին ոչ– պատշաճ պաշտօն, մինչեւ իսկ Ռոստոմ՝ Եփրեմին ուղղուած իր մէկ նամակին մէջ, ընկերաբար խորհուրդ տուաւ անոր, որ ձեւը գտնէ հրաժարելու այդ պաշտօնէն, այսուհանդերձ՝ Իրանի սահմանադրական շարժումը պէտք ունէր թագաւորական ուժերու յամեցող սպառնալիքին դէմ յեղափոխութեան ձեռքբերումները պաշտպանող երկաթեայ բազուկի, որուն ամէնէն յուսալի եւ ժողովրդականութիւն վայելող մարմնաւորումը ինք՝ Եփրե՛մն էր։
Այդպէս ալ եղաւ։ Եփրեմ իր կեանքն ու անունը վերջնականապէս կապած էր Իրանի սահմանադրական շարժումին։ Շարունակեց մնալ Սահմանադրական շարժման քաղաքական նուաճումները պաշտպանողի յառաջապահ դիրքերուն վրայ։ Նորանշանակ Շահը իր կարգին սկսաւ դաւել Սահմանադրականներու դէմ, պատահեցան շարք մը քաղաքական սպանութիւններ՝ Սահմանադրական կառավարութեան ղեկավարներուն դէմ, բայց այդ բոլոր սադրանքներն ալ իրենց դէմ գտան Սահմանադրական շարժման մշտարթուն պահակին՝ Եփրեմի վճռական եւ զսպիչ, այլեւ անպարտելի բազուկը։
Մինչեւ 1912 Մայիս երկարած ընդհարումներուն եւ Սահմանադրական կարգերու պաշտպանութեան կռիւներուն Դաշնակցութիւնը դարձեալ բերաւ իր նկատառելի մասնակցութիւնը։ Դաշնակցական Խեչոյի եւ Քեռիի գլխաւորութեամբ դաշնակցական ուժերու նորովի կեդրոնացումներ կատարուեցան՝ Եփրեմի գործունէութիւնը փորձառու մարտիկներու աջակցութեամբ ուժեղացնելու առաջադրանքով։ Արդիւնքը եղաւ հերոսական յաղթանակներու նոր շղթայի մը նուաճումը Եփրեմի կողմէ, որ արդէն անպարտելի հռչակուած էր Իրանի ժողովուրդին կողմէ։
Բայց ճակատագիրը տարբեր խաղ սահմանած էր մեծանուն հերոսին համար։
20 Մայիսին, 1912ին, թագաւորական Սալար–էլ–Տաուլէի զօրքերուն դէմ փայլուն յաղթանակ մը տանելէ ետք, երբ Եփրեմ օգնութեան կը փութար իր վիրաւոր զինակիցին, դարանակալ գնդակը վերջ տուաւ անոր Հերոսի կեանքին։ «Վահանով, կամ Վահանի վրայ» ռազմադաշտէն վերադառնալու դաշնակցական պատուէրով ճամբայ ելած անզուգական Եփրեմի անկենդան մարմինը, Թեհրանի հայոց եկեղեցին բերուեցաւ վահանի վրայ։
Եւ արժանացաւ ազգային հերոսի ու Սահմանադրական շարժման անվիճելի հրամանատարի փառաշուք յուղարկաւորութեան եւ թաղումին։
Իրապէս ազգային հերոսի փառքին արժանի եղաւ Եփրեմ, որուն Արդարութեան Մարտիկի հերոսական կերպարը չկրցան ուրանալ կամ սեւցնել մինչեւ անգամ խորհրդայինները, որոնք սակայն, Եփրեմի պարագային եւս, տասնամեակներով փորձեցին Դաշնակցութենէն անջատել եւ Դաշնակցութեան հակադրաբար արժեւորել անոր անձն ու գործը։
Եւ որքա՜ն հեգնական կը թուի այսօր «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»ի կողմէ Եփրեմի ներկայացման այն տողերը, որոնք անհեթեթաբար սեւով ճերմակի վրայ գրեցին, թէ իբր Եփրեմի «Կապը Դաշնակցութեան հետ ոչ միայն սերտ չէր, այլեւ շարունակ հալածուել է վերջինիս կողմից»…
Խորհրդայինները արդէն անհետ կորած անցեալ են, բայց Եփրեմը կայ ու կը մնայ իբրեւ Արդարութեան Մարտիկի Դաշնակցական Ռահվիրա։
«ԱԶԱՏ ՕՐ»