ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Մայիս 26ին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ ՀՅԴաշնակցութիւնը պիտի ընէ առաւելագոյնը, որպէսզի նախորդ անգամներու նման վերահսկէ ընտրական գործընթացը:
«Այս անգամ մենք միայնակ կը վերահսկենք ընտրութիւնները՝ օգտագործելով սեփական լծակները, տեղամասային ընտրական յանձնաժողովներում տեղերը, վստահուած անձանց ինստիտուտը (կառոյցը-Խմբ.)», ըսաւ Ա. Ռուստամեան: ՀՅԴն 439 տեղամասերու մէջ պիտի ունենայ 2-3 ներկայացուցիչ՝ Տեղական ընտրական յանձնախումբի անդամ, երկու վստահուած անձ՝ հերթափոխով աշխատելու համար: Ա. Ռուստամեան հաւաստեց, որ այս իմաստով ՀՅԴ անձնակազմը պատրաստ է աշխատանքի, եւ եթէ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ վերահսկէ իր ձայնը, ապա տեղի պիտի ունենայ շահերու առողջ բախում, որ կը յանգեցնէ բնական ընտրութիւններու:
Երեւանի աւագանիի ընտրարշաւին ընթացքին ՀՅԴի քարոզչութիւնը բոլորովին տարբեր է միւսներէն. իր որդեգրած յստակ քաղաքական ընթացքով, ան դէմ է աւագանիի ընտրութիւններու քաղաքականացման: Առաջին անգամն է, որ Երեւանի մէջ կը մրցին կուսակցութիւնները, ինչ որ պայքարին կու տայ քաղաքական եւ թէժ բնոյթ, բայց Ռուստամեան նաեւ դիտել տուաւ, որ այս ընտրութիւններուն եւս առարկայական բանավէճ չկայացաւ՝ ընտրութիւններու համամասնական ըլլալու պատճառով, մինչ բանավէճի առարկան պէտք է ըլլար Երեւանի կառավարման մէկ համակարգէն միւսին անցումը, քանի որ աւագանին եւ քաղաքապետը պիտի գործեն յստակօրէն ճշդուած լիազօրութիւններու հիման վրայ:
Ռուստամեան կոչ ըրաւ չկորսնցնել բնականոն ընտրութիւններ կազմակերպելու առիթը:
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն, ՀՅԴի ցուցակը գլխաւորող Արծուիկ Մինասեանի խօսքերով, այս ընտրութիւններու ժամանակ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ կը փորձէ իր տեսակէտները ներկայացնել, եւ ՀՅԴն կ՛երթայ ազգային բեւեռի ձեւաւորման ուղղութեամբ, իսկ ընտրութիւններէն ետք, ըստ Մինասեանի, հնարաւոր պիտի ըլլայ ձեւաւորել ազգային ընդդիմադիրներու ճակատ մը: ՀՅԴի համար առաջնային է նաեւ ազգային քաղաքապետարան ձեւաւորելու հարցը: Երեւանի քաղաքապետը ընդդիմադիր քաղաքական ուժի ներկայացուցիչ պէտք է ըլլայ, որպէսզի հաւասարակշռէ կեդրոնական քաղաքական իշխանութիւնը:
Դաշնակցութեան ցուցակի գլխաւոր թեկնածու Մինասեան նշեց, որ իրենց քարոզչական պաստառները ձեւաւորուած են՝ «Սա Երեւանն է, այստեղ դու տանն ես» գաղափարախօսութեամբ: