ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մայիս 21ին, քառասուն տարի առաջ, յառաջացած տարիքի մէջ եւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, յոգնաբեկ ու մարող իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մեծանուն երախտաւորներէն Սիմոն Վրացեան։
Իրա՛ւ մեծութեան հիմնական ստորոգելիները լիարժէք մարմնաւորող վաստակաւորը եղաւ Սիմոն Վրացեան՝ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած սերունդին բազմաշնորհ այս ներկայացուցիչը։
Երկար ապրեցաւ եւ մինչեւ 87 տարեկան հասակը պատնէշի վրայ մնաց Վրացեան՝ գործելով եւ պատասխանատու առաքելութիւններ ստանձնելով ամէնուր եւ այն բոլոր մարզերուն մէջ, ուր հայ ժողովուրդը պէտք ունեցաւ իրեն եւ Դաշնակցութիւնը պարտականութեան գլուխ կոչեց զինք։ Ո՛ւր որ եղաւ ու ի՛նչ պատասխանատուութիւն որ ստանձնեց, Սիմոն Վրացեան մնայուն աւանդի ներդրում ունեցաւ եւ վաւերական մեծութեան բարձունք նուաճեց։ Այդ առումով ալ դժուար է, մեծանուն հայուն մահուան քառասնամեակին առիթով, յուշատետրի մը նեղ սիւնակին մէջ ըստ արժանւոյն գնահատումը կատարել այն մեծակշիռ իրագործումներուն, որոնք յաւերժութեան արժանացուցին Սիմոն Վրացեանի անձն ու գործը։
Կարելի է միայն թուումը կատարել Ս. Վրացեանի կեանքին, գործունէութեան եւ մտածողութեան հիմնական հանգրուաններուն, ցայտուն երեսներուն ու նուաճած բարձունքներուն։
Ճակատագիրը դասաւորեց այնպէս, որ Վրացեան յայտնուեցաւ հայ կեանքի հանգուցային պահերուն՝ պատմական տարողութեամբ զարգացումներու յառաջապահ դիրքերուն վրայ։
Ծնած էր 1882ին, Մեծ Սալա գիւղը, Նոր Նախիջեւան (հիւսիսային Կովկաս)։ Տեղւոյն հայկական եւ ռուսական վարժարաններուն մէջ տարրական ուսումը ստանալէ ետք, 1900ին ան ընդունուեցաւ Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանը, որուն փայլուն շրջանաւարտներէն հանդիսացաւ։ Իր ազգային-յեղափոխական խմորումներու վարակիչ մթնոլորտով, ինչպէս եւ հայոց հոգեմտաւոր ժառանգութեան վերանորոգման շունչով, ճեմարանը վճռորոշ անդրադարձ ունեցաւ Սիմոն Վրացեանի դաշնակցական կազմաւորման եւ անոր քաղաքական, կազմակերպական ու մտաւորական ընդունակութիւններու զարգացման վրայ։
Վրացեան արդէն դաշնակցական պատրաստուած գործիչ էր 1906ին, երբ աւարտեց Գէորգեան ճեմարանը։ 1903ի հայկական եկեղեցապատկան կալուածներու ցարական բռնագրաւումին դէմ ծաւալած համաժողովրդային ըմբոստացման մէջ ճեմարանի ուսանողութեան բողոքի բուռն ելոյթները, այնուհետեւ ՀՅԴ Կովկասեան գործունէութեան նախագիծի որդեգրման մէջ ճեմարանի դաշնակցական ուսանողութեան աշխոյժ մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ 1905ի համառուսական առաջին յեղափոխութեան եւ, անոր զուգահեռ, հայ-թաթարական ընդհարումներուն դաշնակցական ուսանողութեան յանձնառու մասնակցութիւնը կոփեցին Վրացեանի յեղափոխական նկարագիրն ու դաշնակցական աշխարհայեացքը։
1907ին Վիեննայի մէջ գումարուած ՀՅԴ Չորրորդ Ընդհանուր ժողովին, Սիմոն Վրացեան մասնակցեցաւ իբրեւ Ուսանողականի պատգամաւոր։ Արեւմտահայ եւ Արեւելահայ դատերու միջեւ խաչաձեւման ու թրքահայու եւ ռուսահայու հակադրութեան դժուարին Ընդհանուր ժողովն էր, որմէ Դաշնակցութիւնը դուրս եկաւ աւելիով միաձոյլ եւ միակամ։ ՀՅԴ հիմնադիր սերունդի ջանքերով ձեռք բերուած գաղափարական այդ միասնականութիւնն ու կազմակերպական հզօրացումը ամրակուռ հիմքը կազմեցին Վրացեանի հետագայ ոգորումներուն։
Ընդհանուր ժողովէն ետք, ան անցաւ Ս. Փեթերզպուրկ, ուր հետեւեցաւ համալսարանական բարձրագոյն ուսման՝ իրաւագիտութեան, գիւղատնտեսութեան եւ մանկավարժութեան ճիւղերուն մէջ։ 1910ին, երբ ցարական հալածանքը իր գագաթնակէտին հասած էր դաշնակցական գործիչներու դէմ, Սիմոն Վրացեան անցաւ Կարին, ուր Ռոստոմ հաստատուած էր՝ իր քով մէկտեղելով Դաշնակցութեան փորձառու եւ խոստմնալից ուժերը, միասնաբար լծուելու համար բուն Երկրի հայութեան հասարակական եւ մշակութային զարգացման, ինչպէս եւ ազգային-յեղափոխական կազմակերպումին։
Տարի մը Կարնոյ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յառաջ»ը խմբագրելէ ետք, 1911ին, Ռոստումի յանձարարութեամբ, Սիմոն Վրացեան ղրկուեցաւ Պոսթըն, Մ. Նահանգներ, իբրեւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»ի խմբագիր։ 1914ին, իբրեւ Ամերիկայի շրջանէն պատգամաւոր, Վրացեան վերադարձաւ Կարին՝ մասնակցելու համար ՀՅԴ Ութերորդ Ընդհանուր ժողովին, որուն աւարտին ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ անցաւ Թիֆլիս։ Ստանձնեց ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը՝ զուգահեռաբար Թիֆլիսի Հայոց Ազգային խորհուրդին անդամ ընտրուելով եւ լծուելով Հայ կամաւորական շարժման կազմակերպումին։
Սիմոն Վրացեանի հրապարակագրական, քաղաքական եւ կազմակերպական գործունէութեան թիֆլիսեան այս աշխոյժ շրջանը շարունակուեցաւ մինչեւ 28 Մայիս 1918ի՝ Հայաստանի անկախութեան նուաճումը։ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Ազգային խորհուրդի խառն նիստին կողմէ վարչապետ նշանակուած Յովհաննէս Քաջազնունիի աջ բազուկը դառնալով՝ Վրացեան իր կարգին տեղափոխուեցաւ Երեւան։ Կառավարութեան գլխաւոր բանագնացներէն եղաւ ինչպէս Պաթումի մէջ թուրքերու հետ հաշտութեան բանակցութիւններուն ընթացքին, այնպէս ալ համատարած սովին յաղթահարման համար Մ. Նահանգներու հետ տարուող բանակցութիւններուն՝ Պարէնի ապահովման նպատակով։ Ընտրուեցաւ Հայաստանի Խորհուրդի պատգամաւոր եւ տենդագին լծուեցաւ նորահաստատ հանրապետութիւնը ժողովրդավարական հիմերու վրայ հաստատելու եւ միջ-կուսակցական գործակցութեամբ օժտելու աշխատանքին։
Իրաւագէտի եւ գիւղատնտեսի իր մասնագիտական պատրաստութեամբ ալ նշանակալի ներդրում ունեցաւ աշխատանքի եւ տնտեսական յառաջդիմական օրէնսդրութեան մշակումին մէջ։
Պետական շինարարութեան գործին Սիմոն Վրացեանի փարիլը եղաւ ամբողջական եւ արդիւնաւոր։ Եղաւ սերտ գործակիցը Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան։ Իսկ երբ Մայիս 1920ին կեանքի կոչուեցաւ Համօ Օհանջանեանի Բիւրօ-կառավարութիւնը, Վրացեան ստանձնեց աշխատանքի եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը մինչեւ Հոկտեմբեր 1920, երբ Հայ-թրքական պատերազմի ծանր օրերուն, իր ուսերուն դրուեցաւ ծանր բեռը Հայաստանի հանրապետութեան վերջին վարչապետի պատասխանատուութեան։ Ինք եղաւ թէ՛ 2 Դեկտեմբեր 1920ին Հայաստանի հանրապետութեան իշխանութիւնը Յեղկոմին զիջելու պայմանագիրը ստորագրող վարչապետը, թէ՛ Փետրուար 18ի համաժողովրդային ապստամբութենէն ետք կազմուած Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէին նախագահը։
Հայաստանի հանրապետութեան վերջնական խորհրդայնացումէն ետք, Սիմոն Վրացեան իր կարգին անցաւ Թաւրիզ, Պարսկաստան, ուրկէ մեկնեցաւ Փարիզ եւ ստանձնեց ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի վերահրատարակութեան խմբագրութիւնը։ Մինչեւ 1933 շարունակուած «Դրօշակ»ի հրատարակութեան այս շրջանը պատուանդանը կազմեց Վրացեանի գաղափարագրական ժառանգութեան։ Հայ քաղաքական մտքի եւ յատկապէս դաշնակցական մտածողութեան մէջ յառաջ եկած բեկումներու, խզումներու եւ խոտորումներու դժուարին այդ հանգրուանին, «Դրօշակ»ի շուրջ համախմբուած ուժերու ստորագրած յօդուածներով թէ ուղղակի իր առաջնորդողներով՝ Սիմոն Վրացեան բառին բուն իմաստով ուղի հարթեց տարագիր հայութեան եւ նոյնպէս տարագրուած Դաշնակցութեան առջեւ։ Եղաւ ոչ միայն արթուն պահապանը հայ ազգային-ազատագրական շարժման քաղաքական-գաղափարական աւանդներուն, այլեւ նորարար ու լայնախոհ դրօշակիրը դարձաւ ծանրագոյն ցնցումներէ վերականգնող աշխարհի մը մէջ հայ ժողովուրդին նոր տեղն ու դերը գաղափարականօրէն հունաւորելու շարժումին։
Միեւնոյն այդ շրջանին, Սիմոն Վրացեան գրեց նաեւ իր կոթողական գործը՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւն»ը, որ մնայուն աւանդ մը կազմեց ոչ միայն պատմագրական առումով, այլեւ՝ նոր ժամանակներու հայ քաղաքական մտքի ինքնուրոյն ուղղութիւնը՝ ազգային արեւելումը հիմնաւորելու իմաստով։
«Դրօշակ»ի հրատարակութեան ընդհատումէն ետք, Վրացեան խմբագրեց պատմութեան եւ մշակոյթի հանդէս «Վէմ»ը, որ Հայաստանի անկախութեան սերունդի ժամադրավայրը դարձաւ, նոյնպէս՝ սփիւռքահայ առաջին սերունդի մտաւորականութեան ինքնադրսեւորման բեմը։ «Վէմ»ը փրկարար դեր կատարեց հայ քաղաքական մտքի ազգային յիշողութիւնը խորհրդային նենգափոխումներու դէմ անաղարտ պահելու եւ պաշտպանելու գաղափարական պայքարի ճակատին վրայ։
Վրացեանի քաղաքական վաստակին սփիւռքեան կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկը կազմեց ՄԱԿի կազմութեան հիմնադիր ժողովներու շրջանին՝ Հայ Դատի վերարծարծման ուղղութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տարուած բանակցութիւններուն իր աշխոյժ դերակատարութիւնը, որ թէեւ անմիջական արդիւնքի չյանգեցաւ, այսուհանդերձ, ամուր նախադրեալներ հաստատեց Հայ Դատի պահանջատիրական հետագայ նախաձեռնութեանց համար։ Սիմոն Վրացեանի աշխատունակութիւնն ու եռանդը յոգնութիւն չճանչցան նաեւ անոր յառաջացեալ տարիքին։ 1952ին, Լեւոն Շանթի մահէն ետք, Վրացեան նշանակուեցաւ Պէյրութի Ճեմարանի տնօրէն եւ մեծ ներդրում ունեցաւ «Համազգային»ի կրթական այդ մեծ հաստատութեան տնտեսական հիմերու ամրապնդումին մէջ։
Նաեւ հրատարակութեան պատրաստեց եւ լոյս ընծայեց իր յուշերը՝ «Կեանքի Ուղիներով» վեց-հատորեակը, որ համադրումը եղաւ ազգային-քաղաքական եւ հոգեմտաւոր իր ժառանգութեան ու պատգամին։
Եւ մինչեւ վերջին շունչ, մինչեւ 21 Մայիս 1959ին պատահած իր մահը, Սիմոն Վրացեան թէ՛ մեր մամուլի էջերէն, թէ՛ հրապարակային հանդիսութեանց բեմերէն անլռելի վկան ու պատգամախօսը դարձաւ այն պատմակշիռ երթին, որ հայ ժողովուրդը կտրեց քսաներորդ դարու առաջին քառորդին:
Լիբանանի հայութիւնը պետական ղեկավարի բարձրագոյն հանդիսաւորութեամբ յուղարկաւորութեան եւ ազգային-ժողովրդային խուռներամ թափօրով թաղումի արժանացուց հայութեան մեծ զաւակին՝ Անկախ Հայաստանի հանրապետութեան վերջին վարչապետին, որ իր կեանքով ու գործով, նուիրումով եւ գաղափարապաշտութեամբ մարմնաւորեց դաշնակցական մեծութիւնը հայ յեղափոխականի, պետական ղեկավարի եւ ներհուն մտաւորականի։