Անցեալ շաբաթ մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայացուցինք մազերու խնամքի եւ անոնց ձեւին ընտրութեան մասին բաժին մը՝ քզքզուած, շատ շիտակ եւ մոխրագոյն արմատներ ունեցող մազերուն մասին:
Այս շաբաթ եւս կը խօսինք մազերու մասին, սակայն այս անգամ կը սերտենք այլ երկու տեսակի մազերու խնամքն ու ձեւերը:
Իւղոտ մազեր
Իւղոտ մազին եւ առողջ երեւոյթին մէջ փոքր տարբերութիւն կայ: Ուշադրութեամբ հետեւինք խնամքի այս ձեւերուն:
1- Ամէն օր խնամեցէք: Իւղոտ մազերը ամէն օր պէտք է լուացուին, որպէսզի իրենց տեսքը մնայ բնական եւ սիրուն: Այս պարագային, սակայն, եթէ շամփուն շատ ուժեղ մաքրող յատկութիւններ կը պարունակէ, ապա բնականաբար անոր գործածութիւնը նաեւ կրնայ գլխուն մորթը շատ չորցնել: Ասոր հետեւանքով մորթը աւելի իւղ կ՛արտադրէ հաւասարակշռելու համար այդ չորութիւնը եւ անլոյծ օղակի կը վերածուի տուեալ հարցը: Նախընտրելի է ուրեմն իւղոտ մազեր ունեցողները զայն ամէն օր լուան մեղմ շամփուներով, որպէսզի մորթը շատ չչորնայ:
2- Մազին ձեւը եւ հասակը: Եթէ ձեր մազը ուսերու հասակէն աւելի է, ապա անոր իւղոտ վիճակը կը նմանի ձախող մազի «extension»ի: Նաեւ իւղոտ մազեր ունեցողները պէտք է խուսափին մազի bang-էն: Այդ մէկը ճակատին վրայ գիծ մը կը յառաջացնէ ժամանակի ընթացքին:
3- Մի՛ ուղղէք ձեր մազերը: Եթէ իւղոտ մազեր ունիք, ամէն գնով խուսափեցէք ուղիղ վիճակէն: Նաեւ շատ մի կախէք կամ հաւաքէք զանոնք, այսպէս անոնք աւելի իւղոտ կ՛երեւին, քան թոյլ կապուած կամ նոյնիսկ թեթեւ ոլորուած վիճակէն:
4- Մազերուն թելերը հաստացնող սրսկոցները բաւականաչափ կը նպաստեն այս պարագային: Տուեալ սրսկիչներուն հիմնական նիւթը կը ներծծէ իւղը, հետեւաբար անոնք թելադրելի են իւղոտ մազեր ունցողներուն: Եթէ թեթեւ ալիք կ՛ուզէք ձեր մազերուն մէջ, պարզապէս կրնաք շատ քիչ քանակով մազի «ճէլ» դնել ձեր մազերուն եւ թեթեւօրէն շփել: Ընդհանրապէս բոլոր «ճէլ»երն ալ, որոշ քանակութեամբ ալքոլ կը պարունակեն եւ անիկա ինքնաբերաբար կը չորցնէ իւղոտ մազը:
5- Նաեւ կարելի է իւղոտ մազին վրայ ցանել չոր շամփու կամ նոյնիսկ թափանցիկ փոշի ցրուել, որպէսզի ներծծէ իւղը: Այս մէկը շատ աւելի լաւ է, քան երեխաներու փոշին, որ անպայման իր հետքը կը ձգէ գլխուն վրայ:
Չորցած ու կեղուըւած մաշկով (Dandruf) մազերու համար
Այս պարագային, պէտք է յստակացնել, թէ միայն չորցած ու կեղուըւած մորթ չէ, այլ նաեւ որոշ մորթային սունկերու գոյութիւն կայ մաշկին վրայ: Իսկ մարմինը զանոնք յաղթահարելու համար, կ՛օգտագործէ կեղուըւելու իր յատկութիւնը:
Մորթի թափթփուքէն ինչպէ՞ս կարելի է ձերբազատիլ:
1- Երկու ձեւի շամփու գործածեցէք: Առաջին հերթին՝ այն մէկը, որ կրնայ ձեր մաշկէն հեռացնել այս սունկային ախտը, երբ անոր կարիքը զգաք, ապա գործածեցէք պարզ շամփու մը, որ սնուցանող եւ խոնաւցնող յատկութիւն ունի:
2- Լաւ լուացէք ձեր մազերը: Մի ձգէ՛ք, որ շամփուն ձեր մազերուն վրայ մնայ լաւ չլուալու պատճառով: Նուազագոյն շամփուի քանակն անգամ կրնայ վնասել ձեր մորթին: Dandruf-ի յատուկ շամփուն գործածեցէ՛ք, ձեր մազերը լա՛ւ շփեցէք անով եւ ապա 1-2 վայրկեան ձգեցէք ձեր գլխուն վրայ, որպէսզի շատ լաւ ձեւով իր ազդեցութիւնը գործէ: Լաւ լուացէք ձեր գլուխը քաղջ ջուրով: Այսպէս շարունակեցէք օրական: Քանի մը օր ետք պէտք է փոփոխութիւն նկատէք: Անկէ ետք, շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ կրկնեցէք յատուկ շամփուին գործածութիւնը: Եթէ ամիս մը ետք ոչ մէկ փոփոխութիւն նկատէք, ուրեմն պէտք է մորթային հիւանդութեանց մասնագէտ բժիշկի մը օգնութեան դիմէք: Ան հաւանաբար որոշ ցուցմունքներ կամ նոյնիսկ յատուկ դեղեր կը թելադրէ ձեր մորթին համար:
3- Այս պարագային նաեւ նկատելի է, որ մութ գոյնով մազերը, աւելի յայտնի կը դարձնեն մորթի չորացումը եւ կեղուըւիլը: Նախընտրելի է ձեր մազը բաց գոյնով ներկէք այնքան, որքան կ՛արտօնէ ձեր մորթին գոյնը: Կարելի է նաեւ highlight-ներ ընել որոշ չափով:
4- Եթէ լողաւազանի մէջէն դուրս ելլէք, անմիջապէս ձեր մազերը շամփուով լուացէք, որովհետեւ «գլորին»ը կրնայ ձեր մորթը աւելի չորցնել ու կեղուըւելու հիմնական պատճառ դառնալ:
5- Շատ ուղիղ մի պահէք ձեր մազերը, որպէսզի ձեւով մը կարենաք թաքցնել այդ կեղեւները: Կարելի է թեթեւ ոլորելով թէ՛ մորթը պահպանել եւ թէ՛ որոշ չափով թաքցնել իրական պատկերը:
Յիշեցէ՛ք, սիրելի կիներ, որ մազերը մեր գեղեցկութեան կարեւոր մէկ մասնիկը կրնան ըլլալ, եթէ անոնք լաւ խնամուած ըլլան ու անոնց ձեւը ճիշդ սերտուած ըլլայ: