ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ
Շաբաթ, Ապրիլ 3ին տեղի ունեցաւ Սահակ Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանի նախադպրոցի Ս. Զատկուան նուիրուած հանդիսութիւնը, որ սկսաւ նախադպրոցի տնօրէնուհի դոկտ. Մերի Իսկիկեանի բացման խօսքով։ Ան նշեց, թէ ուսուցիչներու, փոքրիկ աշակերտներուն եւ ծնողաց յարատեւ ջանքերուն շնորհիւ, կարելի եղած էր կազմակերպել ձեռնարկը եւ ամսուան մը տքնաջան աշխատանքին որպէս արդիւնք՝ ներկաները այժմ պիտի վայելէին մանուկներու գեղեցիկ ելոյթները, Զատկուան նուիրուած երգերով, սաղմոսներով եւ ասմունքներով։
Ի ներկայութիւն 150ի շուրջ ծնողներու եւ մեծ հայրիկ-մայրիկներու, նախադպրոցի երեք դասարաններու մանուկները իրենց ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ ունեցան գեղեցիկ եւ անթերի ելոյթներ, որոնցմէ ետք, բեմ բարձրացաւ «Հոյլարի» խումբը՝ կատարելով հինգ մանկական երգեր, որոնց ամբողջ ընթացքին մեր մանուկները շարունակեցին աշխոյժ պարել։
Յայտագրի վերջին մասը բակլայի (ֆուլ) նախաճաշն էր՝ պատրաստուած ուսուցչուհիներուն եւ օգնականներուն կողմէ։
ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներ եւ հայ քրիստոնեայ վարժարանի մը հպարտ ընտանիք, որոշեցինք այս տարի եւս մեծ շուքով եւ մի քանի հաւաքներով յարգել յիշատակը Մեծ Եղեռնի մեր անմեղ զոհերուն։
Մեր առաջին սգահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Ապրիլ 17ին։ Հանդիսութեան բացումը կատարեց տնօրէն Շահէ Կարապետեանը եւ ներկաները հրաւիրեց պահ մը յոտնկայս յարգելու Եղեռնի զոհերուն յիշատակը: Ապա ան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Խորէն քհնյ. Պապօշեանը։ Տէր Հայրը իր խօսքով յարգանքի պատշաճ տուրք մատուցեց բոլոր նահատակներուն եւ շեշտեց, որ կազմակերպուած Ցեղասպանութիւնը չհասաւ իր ամբողջական նպատակին ու անոր ապացոյցը մենք ենք՝ օրէ օր աճող եւ բարգաւաճող հայ ազգի զաւակներս, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։
Երեկոն շարունակուեցաւ աշակերտներու պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրով։ Երաժշտութեան ուսուցիչներ Ժաննա եւ Արտաշէս Սինանեաներու եւ հայերէնի դասատու Սօնա Պատալեանի առաջնորդութեամբ, հայ երգերն ու ասմունքները մեր մատղաշ սերունդի շրթներէն հնչած՝ կրկնակի ապացոյցներ էին օրուան բանախօսի արտայայտած մտքերուն։
Ըստ աւանդութեան, Ապրիլեան ոգեկոչման այս երեկոն իր աւարտին հասաւ վարժարանի շրջափակին մէջ կանգնեցուած, Քսաներորդ դարու Հայկական երկու Ցեղասպանութիւններուն՝ Ապրիլեան եւ Սումկայիթի նուիրուած խաչքարին շուրջ։ Զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ, հնչեցին շարականներ, աղօթքներ, իսկ աւարտին՝ Տէր Հօր «Պահպանի»չը։
Ապրիլ 23ին, վարժարանին երկրորդ մասնաբաժնին մէջ, վարժարանի ընտանիքը շարունակեց մատուցել իր յարգանքի տուրքը, մէկուկէս միլիոն զոհերուն։ Յատկանշական էր այն, որ փակին մէջ տեղադրուեցաւ Երեւանի Ծիծեռնակաբերդի բարձրունքին վրայ գտնուող Մեծ Եղեռնի յուշարձանին մանրակերտ օրինակը, իսկ վարժարանի սաները, տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ, ծաղիկներ զետեղեցին անոր շուրջ։
Այդ տպաւորիչ արարողութենէն ետք, վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն, որուն ընթացքին բանախօսեց Արեւմտեան թեմի կրօնական տեսուչ Մաշտոց Չօպանեանը։ Վարժարանի սաներու գեղեցիկ երգերով ու խմբային ասմունքներով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին։
Ապրիլ 26ին, Հայ եղբայրութեան Աւետարանի եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման վերջին ձեռնարկը, որ թատերական ներկայացում մըն էր: Տոքթ. Արա Իսկիկեան կատարեց բացման խօսքը՝ յատկապէս շեշտելով. «Հայերը սպաննուեցան պարզապէս իրենց հայ ու քրիստոնեայ ըլլալուն պատճառով, սակայն այսօր, իբրեւ հայ քրիստոնեաներ, մենք կը հաւատանք, որ Տիրոջ շնորհքով արդարութիւնը ի վերջոյ պիտի յաղթանակէ եւ համայն աշխարհը պիտի ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։
Ապա տեղի ունեցաւ «Երկու անունով աղջիկը» գործին ներկայացումը՝ բեմադրութեամբ հեղինակին՝ դոկտ. Ճան Ահմարանեանի։ 10րդ դասարանի աշակերտները շատ հարազատ ու վարպետօրէն ներկայացուցին Մեծ Եղեռնի ամբողջ տառապանքը ճաշակած հայ մօր մը ու անոր դստեր սրտաճմլիկ պատմութիւնը։ Մեծապէս գնահատելի է դոկտ. Ահմարանեանի, օգնական ուսուցիչներու, ծնողաց ու աշակերտներու հսկայական աշխատանքը։ Դերակատարները, անխտիր, գերազանցօրէն կատարեցին իրենց վստահուած դերերը, սակայն կարելի է առանձնացնել յատկապէս Թենի Ճէպեանի եւ Աննա Իսկիկեանի տպաւորիչ խաղարկութիւնը։
ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Կիրակի, Մայիս 3ին, «Արարատ» տան մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի տարեկան ճաշկերոյթը, որ սկսաւ լուռ աճուրդով: Ապա, ի ներկայութիւն բազմաթիւ բարձրաստիճան հիւրերու, հոգեւոր հայրերու, նախկին տնօրէններու, նախկին եւ ներկայ հոգաբարձուներու, բարերարներու եւ բարեկամներու, սկսաւ ընթրիքը, հոգաբարձու Նունէ Սէբէթճեանի ողջոյնի խօսքերով։ Վարժարանի սաներու նուագախումբը, Արտաշէս Սինանեանի առաջնորդութեամբ, հնչեցուց ազգային զոյգ քայլերգները, որմէ ետք օրուան հանդիսավարը՝ տնօրէն Շահէ Կարապետեանը, կատարեց բացման խօսքը, իսկ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հովիւ վեր. Յովսէփ Մաթոսեան՝ բացման աղօթքը։
Ներկաները վայելեցին գեղարուեստական բարձրաճաշակ յայտագիր մը։ Նախ, ասմունքի վարպետ Նունէ Աւետիսեան ներկաներուն նուիրեց գրական գոհարներու փունջ մը, իսկ «Էլէմընթ» նուագախումբի տաղանդաշատ երիտասարդները՝ իրենց յատուկ ոճով երգաշար մը։
Օրուան բանախօս, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, ներկաներուն հետ կիսեց իր խոհերը այն մասին, թէ ինչո՛ւ պէտք է տալ հայ դպրոցին եւ ինչքա՜ն անհրաժեշտ եւ էական է հայ քրիստոնեայ վարժարանը հայ մանուկներուն դաստիարակութեան համար։
Մեր վարժարանի աւանդութիւններէն է, ամէն տարի աւանդական ճաշկերոյթին ընթացքին պատուել վարժարանէն ներս տասը եւ աւելի տարիներ ծառայած ուսուցիչ մը։ Այս տարի այդ բարձր գնահատանքին ու պարգեւատրումին արժանացաւ մանկապարտէզի դաստիարակչուհի Աշխէն Թիւալակեանը։ Տնօրէնը անոր յանձնեց յուշագիր մը։
Տնօրէնը նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի բոլոր կազմակերպիչներուն, օժանդակներուն եւ մասնակիցներուն։
Երեկոն փակուեցաւ Հայ եղբայրութեան Աւետարանի եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Կալվին Սաղրեանի օրհնութեան աղօթքով։
«ՌՈՄԻՕ ԵՒ ԺՈՒԼԻԷԹ»
Ուրբաթ, Մայիս 8ին, վարժարանի շրջափակին մէջ հաւաքուած էր մեծ բազմութիւն մը։ Կը հնչէր գեղեցիկ երաժշտութիւն, տեղի կ՛ունենար տօնավաճառ եւ հիւրասիրութիւն։ Հաւաքին հիմնական նպատակը բացօթեայ թատերական ներկայացումն էր Շեքսփիրի անզուգական «Ռոմիօ եւ Ժուլիէթ»ը՝ պատրաստուած Ը. դասարանի աշակերտներուն կողմէ։ Բակին մէջ գտնուող բեմին գունագեղ, սքանչելի յարդարանքը մեզ կը տանէր դէպի Իտալիա եւ աւելի կը բարձրացնէր մեր տրամադրութիւնը եւ ակնկալիքները։ Մեր պատանի դերասանները գեղեցիկ հանդերձանքով եւ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցին ողբերգական աւարտով սիրոյ այս պատմութիւնը՝ յուզելով բոլորը: Շնորհաւորելի են դաստիարակներ Ռոլանտ Ուայլիի եւ Սեւակ Շանլեանի տարած մեծ աշխատանքը։
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
Շաբաթ, Մայիս 9ին տեղի ունեցաւ նախաճաշ-հաւաք մը՝ նուիրուած մեր աննման մայրերուն։ Մայրերուն եւ անոնց դերին նուիրուած օրուան խօսքը փոխանցեց վարժարանի հոգեւոր առաջնորդ Ռիթա Դաւիթեանը, ապա վարժարանի սաները պատուեցին թէ՛ իրենց եւ թէ՛ աշխարհի բոլոր մայրերը՝ քանի մը գեղեցիկ արտասանութիւններով։