ՀՈԼԻՎՈՒՏ, «Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Հիմնադրամի հանգանակային թելեթոնին արդիւնքները գերազանցեցին ամէն ակնկալութիւն:

Արդարեւ, տնտեսական ճգնաժամի ստեղծած բարոյալքիչ պայմաններու տակ իսկ ամերիկահայութիւնը գիտակցեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներու կարեւորութիւնը եւ իր կարելիէն աւելիով մասնակցեցաւ այս հանգանակային թելեթոնին գոյացնելով 2.6 միլիոն տոլար (ժամը ինի դրութաեմբ, երբ հնչեց ծրագրի աւարտի զանգը, հաւաքուած էր 2,580,000 տոլար)՝
ԱՄՆի տարածքին վեց ժամուան հեռասփռուած ծրագրի մը ընթացքին:
Ծրագրի բոլոր մասնակիցները, հաղորդավարներէն սկսեալ, մինչեւ հեռախօսներուն պատասխանող երիտասարդները, աննախադէպ ոգեւորութեամբ նշեցին ծրագրի աւարտը:
Թելեթոնի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը փոխացնենք մեր յաջորդ հաղորդումներով: