ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 4ին գումարուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստը՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: Արծարծուեցան օրակարգի վրայ դրուած բազմաթիւ հարցեր եւ տրուեցան որոշումներ ու լուծումներ, յատկապէս՝ հակաճգնաժամային նպատակներով:
Կառավարութիւնը «ՀՀ 2009թ. պետական պիւտճէ»ի օրէնքին համապատասխան, որոշեց աջակցիլ 300 միլիոն դրամ դրամագլուխի արժէք ունեցող հաստատութիւններուն, որոնք շինարարական կամ հիմնանորոգման, առողջապահական, մշակութային, կրթական ու մարզական կառոյցներու, նաեւ անօթեւան մնացած ընտանիքներու բնակարաններ եւ մեքենաներու ճանապարհներ կառուցելու աշխատանքներ կ՛իրականացնեն:
Երեւանի Կեդրոն համայնքի Ձորափ շրջանին մէջ կառուցուող բազմագործարարական շէնքի շինարարութիւնը աւարտին հասցնելու համար, որոշուեցաւ «Էլիթ Կրուփ» ընկերութեան տրամադրել պիւտճէական երաշխիք՝ 2,500,000 ամերիկեան տոլարի համարժէք դրամ, երեք տարի մարման ժամկէտով, որպէսզի նշեալ ընկերութիւնը կարենայ «Ամերիապանք» ընկերութենէն վարկային միջոցներ ներգրաւել՝ իր սկսած աշխատանքները աւարտելու համար:
Գիւղատնտեսական արդիւնաբերութիւնը քաջալերելու համար, կառավարութիւնը որոշեց ընդլայնել ցած տոկոսադրոյքով կամ անտոկոս օժանդակութիւն ստացող 60 աղքատ համայնքներուն շրջագիծը, եւ անոնց միացնել նոր շրջաններ, որպէսզի նման բացառիկ առիթէն կարենան օգտուիլ շատերը:
Հիմք ընդունելով «Մանկապատանեկան մարմնամարզ» օրէնքի 7րդ յօդուածի 2րդ մասը՝ հաստատուեցաւ կառավարական աջակցութիւնը մարմնակրթական եւ բժշկական այն միջոցներուն, որոնք կը գործադրուին հաշմանդամ մանուկներու եւ պատանիներու վիճակի բարելաւման համար: Սոյն որոշումը նպատակ ունի կանոնակարգել մարմնամարզով զբաղող հաշմանդամ մանուկներու բժշկական հսկողութեան գործընթացը:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան հաւանութիւն տուաւ նաեւ այն առաջարկին, ըստ որուն, մանրածախ առեւտուրի եւ բնակչութեան տրամադրուող ծառայութիւններու պարագային, պարտադիր է հաշուիչ-դրամարկղային մեքենաներու օգտագործումը:
Միւս կողմէ, մաքսային ծառայութիւններու բարելաւման ու ամրապնդման համար, կառավարութիւնը վաւերացուց Հայաստանի ու Պելճիքայի, Հոլանտայի միջեւ մաքսային համագործակցութիւնը ընդլայնելու համաձայնագիրը: Կառավարութիւնը նաեւ որոշում կայացուց Հայաստանի միջազգային օդակայաններուն մէջ անվտանգութեան հսկողութիւնը համապատասխան դարձնելու միջազգային եւ Եւրոմիութեան չափորոշիչներուն: