Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի Զ. ու Է. կարգերու աշակերտութիւնը կը պատկանի այն բախտաւոր փաղանգին, որ ունի ազատ, անկախ հայրենիք։ Իրենց սրբազան պարտականութեան գիտակից, զոյգ կարգերու աշակերտները, կազմակերպութեամբ իրենց հայերէն լեզուի դասատու Ազատուհի Ղազարեանի, պատրաստեցին ու ներկայացուցին անկախութեան դէպքերն ու դէմքերը փոխանցող տպաւորիչ յայտագիր մը։
Իւրաքանչիւր աշակերտ ուսումնասիրեց ազատամարտ ֆետայիի մը կեանքն ու գործունէութիւնը եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ ամփոփելով՝ զանոնք ցուցադրեց պաստառներու վրայ, գրաւելով բոլորին սրտերը։
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցող աշակերտները ներկայացուցին ազգային երգերու նուագներ՝ դաշնակով եւ ջութակով։
Պարուսոյց Լիլիա Մելքոնեանի ղեկավարութեամբ, աշակերտները պարեցին «Շալախօ» պարը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց հանդիսատեսին մօտ։
Օրուան պատգամը փոխանցեցին դարձեալ Զ. ու Է. կարգերու աշակերտները։ Անոնք Մայիսեան անկախութեան ճակատամարտերու, քաղաքական պայմաններու ու ֆետայիներու մասին սահիկներ ցուցադրեցին ու բացատրեցին անոնց պատմական արժէքը։ Պատգամը յստակ էր՝ Սփիւռքի ափերուն, նոր սերունդին պարտականութիւնն է սորվիլ հայոց պատմութիւնը, զօրավիգ կանգնիլ Հայ Դատի աշխատանքներուն ու հայեցի դաստիարակութիւնը փոխանցել սերունդէ սերունդ։
Վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսաքեան գնահատեց զոյգ կարգերու աշակերտութիւնն ու պատասխանատու ուսուցչուհին։ Ան յանձնարարեց վառ պահել հայրենիքին սէրը ու պահանջատիրութեան ոգին, «մինչեւ հասնինք սրբազան լերան կատարին»։
Տօնախմբութեան աւարտին,աշակերտութիւնը միաձայն երգեց «Սարդարապատ»ը: