Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ խումբ մը արաբ գործարարներ, որոնցմէ շատեր թրքական համալսարաններու մէջ ուսած են, իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ գործակցաբար ձեռնարկած են «Շնորհակալութիւն Թուրքիա» նախաձեռնութեան՝ գնահատելու համար Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի ու Իսրայէլի նախագահին միջեւ անցեալ Յունուարին տեղի ունեցած հանրային վէճին ընթացքին Էրտողանի կեցուածքը։ 25 երկվայրկեաննոց գովազդը պիտի ցուցադրուի արաբական պատկերասփիւռի կայաններէ։ Գովազդի ճամբով շուրջ 30 արաբական եւ թրքական քաղաքացիական կազմակերպութիւններ, արաբական աշխարհի ժողովուրդներուն կոչ կ՛ուղղեն թրքական արտադրութիւններ գնելու, թուրք գործարարներու հետ գործակցելու եւ դէպի Թուրքիա ճամբորդելու։
Ըստ թերթին, արշաւը արդէն իսկ նախատեսուածէն աւելի մեծ ուշադրութեան արժանացած է:
Թուրքիոյ Անկախ արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու ընկերակցութեան նախկին ղեկավար Էօմէր Պոլաթ կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ եւ արաբական երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ծաւալը նախորդ եօթը տարուան ընթացքին աճած է 11 միլիառ տոլարէն 62 միլիառ տոլարի: «Կը նախատեսենք այս տարի Թուրքիոյ մէջ 1 միլիոն արաբ զբօսարշրջիկներ տեսնել», կ՛աւելցնէ ան: Այս տարուան առաջին չորս ամսուան ընթացքին արդէն իսկ 250 հազար արաբ այցելած էր Թուրքիա։