ԱՐՑԱԽ.- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 15ին ստորագրած է հրամանագիր մը՝ Լեռնիկ Յակոբեանը մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնէն ազատելու մասին՝ վերջինիս դիմումին համաձայն:
Նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար նշանակուած է Նարինէ Աղաբալեանը:
Նշենք, որ Նարինէ Աղաբալեան երկար տարիներ աշխատած է Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան մէջ, Ղարաբաղի մէջ եղած է Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեան թղթակից, ինչպէս նաեւ՝ Ղարաբաղի մէջ գործող «Ծիր կաթին» գովազդային ընկերութեան ղեկավարը:
Ղարաբաղի 12 նախարարներէն Նարինէ Աղաբալեանը 4րդ կին նախարարն է՝ արդարադատութեան, քաղաքաշինութեան եւ ընկերային ապահովութեան նախարարներէն ետք: