«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները աւարտեցան եւ արձանագրուած արդիւնքները ամփոփելու, անոնցմէ բխած հետեւութիւնները կատարելու անհրաժեշտութենէն մեկնելով՝ անցեալ Ուրբաթ օր, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած է հաւաք մը, որուն ներկայ եղած են բազմահազար հայորդիներ: Հաւաքին ընթացքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները ամփոփած են Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ տուած անոնց գնահատականը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք առնելով՝ Աւօ Կիտանեան ընտրութիւններու արդիւնքներուն մասին տուեալներ փոխանցած է եւ բացատրած արձանագրուած «ձախողութեան» պատճառները:
Կիտանեան յայտնած է, որ Մեթնի մէջ քուէարկած են 13,800 լիբանանահայեր, 10,800ը՝ ի նպաստ Դաշնակցութեան թեկնածուներուն, 2900ը՝ միւսներուն, այսինքն՝ 80 առ հարիւրը՝ ի նպաստ Դաշնակցութեան։ Ան հաստատած է, թէ Դաշնակցութիւնը առանց անուն աւելցնելու կամ պակսեցնելու, քուէարկած էր այն ցանկին, որուն շուրջ նախապէս համաձայնութիւն գոյացած էր:
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ քուէարկած են 6800 լիբանանահայեր, 5100ը՝ ի նպաստ Դաշնակցութեան թեկնածուներուն, 1700ը՝ միւսներուն, այսինքն՝ 75 առ հարիւրը՝ ի նպաստ Դաշնակցութեան։
Զահլէի մէջ քուէարկած են 3300 լիբանանահայեր, 3000ը՝ ի նպաստ Դաշնակցութեան թեկնածուներուն, 300ը՝ միւսներուն, այսինքն՝ 80 առ հարիւր ի նպաստ Դաշնակցութեան։ Իբրեւ ընդհանուր համեմատութիւն, լիբանանահայութեան 80 առ հարիւրը քուէարկած է Դաշնակցութեան, հաստատեց Կիտանեան՝ աւելցնելով, որ հակառակ ասոր, կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուները ձախողած էին զանազան պատճառներով, որոնց կարգին՝ ընտրական դրամ, իշխանութեան օգտագործում, կրօնաւորներու միջամտութիւն, արտերկրի լիբանանցիներու կազմակերպուած հոսք, կարգ մը շրջաններու մէջ քուէարկողներու թիւի անտրամաբանական աճ եւ այլն:
«Բայց հակառակ մեր պարտութեան, այսօր ձեր ներկայութիւնը՝ ձեր կուսակցութեան կողքին, բացարձակ եւ կտրուկ փաստ է կուսակցութեան նկատմամբ ձեր վստահութեան, ինչպէս նաեւ վկայութիւն այն մասին, որ ժողովուրդին եւ կուսակցութեան կապը կախեալ չէ երեսփոխանական կամ նախարարական աթոռներէն, այլ անիկա վստահութեան ու հաւատքի առնչուած է՝ հանդէպ կուսակցութեան, որ պաշտպանը հանդիսացած է լիբանանահայութեան իրաւունքներուն՝ տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր պայմաններու մէջ», հաստատած է Կիտանեան։
Իր խօսքը աւարտելով՝ Աւօ Կիտանեան շեշտած է, թէ Դաշնակցութիւնը խորհրդարանական կեանքին պիտի մասնակցի երկու երեսփոխանով, իսկ միւս կուսակցութիւնները՝ չորս, բայց եւ այնպէս, ամէն մարդ գիտէ, որ լիբանանահայութեան մեծամասնութեան իսկական ներկայացուցիչը Դաշնակցութիւնն է։
Ապա խօսք առած է Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ անոնց արդիւնքներուն մասին խօսելէ ետք հաստատած է, թէ լիբանանահայութեան մեծամասնութեան խօսքն ու գործը եկան անգամ մը եւս փաստելու, որ լիբանանահայերուն վստահութեան եւ հաւատքին շնորհիւ, կարելի է վերականգնել Հայկական երեսփոխանական պլոքը այնպիսի երեսփոխաններով, որոնք հայորդիներուն իսկական ներկայացուցիչներն են։
Յ. Բագրատունի դիտել տուած է, որ ժողովուրդը պարտաճանաչ կերպով իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն, սակայն կարելի չեղաւ հասնիլ ակնկալուած արդիւնքին, բայց եւ այնպէս, հաւաքին ժողովուրդի ներկայութիւնը Դաշնակցութեան կողքին կրկին կը փաստէ, որ հակառակ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն ձախողութեան, լիբանանահայութիւնը տակաւին իր կողքին է, որովհետեւ իր միակ ծառան կուսակցութիւնը կը նկատէ։ Ան նշած է, որ հաւանաբար որոշ տխրութիւն, յուսախաբութիւն եւ վախ յառաջացած է լիբանանահայութեան մօտ, սակայն առաջին անգամ չէ, որ ընտրութիւններուն աւարտը ակնկալուածին պէս չէ եղած, բայց կուսակցութիւնը անցեալին ալ փաստած է, որ հակառակ ամէն ինչի, ան տէր կը կանգնի լիբանանահայութեան շահերուն։ Բագրատունի բարձր գնահատած է ժողովուրդին կեցուածքը, որ իր վստահութեան քուէն նետեց քուէատուփերուն մէջ, որովհետեւ եկաւ փաստելու, որ Դաշնակցութեան ազատ կամքը, ազատ քուէն ու ազատ կեցուածք ունենալու իրաւունքը մարմնաւորուած է լիբանանահայութեան 80 առ հարիւրին մէջ, որուն ընտրած երեսփոխաններով պիտի կազմուի Հայկական երեսփոխանական պլոքը։
Բագրատունի դիտել տուած է, որ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն լոյսին տակ հաւանական է, որ լիբանանահայերուն մտքերուն մէջ Դաշնակցութեան ընտրանքներուն եւ կնքած դաշինքներուն նկատմամբ կրնան ծագած ըլլալ հարցադրումներ, որոնց հիմնական պատասխանը այն է, որ կուսակցութիւնը չէր կրնար իր ազատ խօսքը ծախելով՝ այլ կեցուածք ունենալ, որովհետեւ ժողովուրդը կը մերժէր նման քայլ ի՛ր կուսակցութեան կողմէ։
Ան նշած է, որ թէեւ այսօր երկու երեսփոխան ունի Դաշնակցութիւնը, բայց Լիբանանի վերջին տասնամեակի պատմութեան ընթացքին բացայայտ դարձած է, թէ ոչինչ կրցան ընել այն չորս երեսփոխանները, որոնք լիբանանահայութեան ձայնով աթոռներու չէին տիրացած, որոնք դիւրաւ գոյն կը փոխեն, մինչ թէկուզ փոքրաթիւ, սակայն լիբանանահայութեան մեծամասնութեան ներկայացուցիչները եղող Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամները, միշտ ու ամէն առիթի պայքարած էին ի շահ լիբանանահայութեան իրաւունքներուն։
Ան հաստատած է, թէ Հայկական երեսփոխանական պլոքը իր ձեռքը կ՛երկարէ Լիբանանի մէջ բաժնեկից քաղաքական բոլոր ուժերուն, ներառեալ հայ համայնքի զաւակներուն եւ միւս երեսփոխաններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնաբար կերտել աւելի լաւ Լիբանան մը:
Ընտրութիւններու արդիւնքներուն մասին «Սաֆիր» օրաթերթին միջոցաւ բացատրութիւններ տուած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանը, որ յատկապէս անդրադարձած է երեսփոխան Միշէլ Մըրի հայերէ ստացած կամ չստացած քուէներուն հարցին:
Յ. Մխիթարեան յայտնած է, որ Մեթնի մէջ քուէարկած է 13,700 լիբանանահայ, որոնցմէ 10,900ը՝ ի նպաստ ՀՅԴի։ Ան նկատել տուաւ, որ երեսփոխան Միշէլ Մըր 10,900 լիբանանահայու քուէներէն ստացած է 2200ը, այսինքն՝ 20 առ հարիւրը, այլ խօսքով՝ այն տարբերութիւնը, որ արձանագրուած է Մըրի եւ անոր անմիջական մրցակիցներուն միջեւ։
Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շեշտած է, որ ՀՅ Դաշնակցութեան համակիրները անհանգիստ եղած են երեսփոխան Միշէլ Մըրի ի նպաստ քուէարկելու իմաստով։
Անդրադառնալով այն իրականութեան, որ Մըր տիրացած է ՀՅԴի քուէներուն միայն 20 առ հարիւրին՝ Յ. Մխիթարեան ըսած է, թէ այդ իրականութիւնը ունի հիմնական քանի մը դրդապատճառ. ան նշած է, որ յանուն ՀՅԴին, կարելի է խնդրել կուսակցականներէն եւ համակիրներէն քուէարկել որոշ ուղղութեամբ եւ անոնք պատրաստակամօրէն կ՛ընդառաջեն ՀՅ Դաշնակցութեան, սակայն ընտրութիւններէն 10 օր առաջ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին հասած են այնպիսի արձագանգներ, թէ՝ ՀՅ Դաշնակցութեան համակիրներէն շատեր կրնան պոյքոթի ենթարկել իրենց քուէարկութիւնը, եթէ անոնց պարտադրուի ի նպաստ Մըրի քուէարկել։
«Լիբանանահայութիւնը նեղացած էր Մըրի կատարած յայտարարութիւններէն, գործելաձեւէն եւ Փոփոխութիւն ու բարեկարգում համախմբումէն դուրս գալու եղանակէն։ Հակառակ այս բոլորին, մենք վերահաստատեցինք մեր յանձնառութիւնը՝ Մըրի անձին ի նպաստ քուէարկելու շուրջ, սակայն ան շարունակեց կուտակել մեզի հետ յարաբերելու առումով իր գործած սխալները։ Ան շարունակեց գործակցիլ այլ կուսակցութեանց հետ», յայտնած է Մխիթարեան՝ աւելցնելով, որ միայն կուսակցական կարգապահութեան շնորհիւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կրցած է Մըրին համար ապահովել անոր յաղթանակը կարելի դարձնող քուէները: