ՇԻՔԱԿՕ, «Էյ.Փի.».- Երկուշաբթի, Յունիս 15ին, Ամերիկեան բժշկական միութեան առջեւ ելոյթ մը ունենալով՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, թէ երկրին առողջապահական սպասարկութեան մարզը կը դիմագրաւէ հսկայական դժուարութիւններ, որոնց հետեւանքով հարկաւոր է յատկանշական բարեկարգումներ կատարել այդ մարզէն ներս:
Ներկայ վիճակը «պայթելու պատրաստ ռումբ»ի մը նմանցնելով՝ Օպամա անընդունելի նկատեց այն իրողութիւնը, որ տասնեակ միլիոնաւոր ամերիկացիներ կարողութիւնը չունին առողջապահութեան ապահովագրութիւն գնելու, միաժամանակ քննադատելով երկրէն ներս ստեղծուած այն մշակոյթը, որ իրենց դէմ բացուելիք հաւանական դատերուն հետեւանքով՝ բժիշկներուն քայլերը կը սահմանափակէ:
Նախագահը շեշտեց, թէ «Ճի.Էմ.»ի եւ «Քրայզլըր»ին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութեանց գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր առողջապահական ծախսերուն բեռը, որ նուազ մրցունակ ու նուազ շահաբեր դարձուցած էր ամերիկեան այդ ընկերութիւնները:
«Եթէ հարցը չլուծենք, ապա Ամերիկա եւս կրնայ, «Ճի.Էմ.»ի նման, աւելի շատ վճարելով ու նուազ սպասարկութիւն ստանալով՝ սնանկացման սեմին գտնուիլ», ազդարարեց Օպամա՝ միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնելով տագնապը լուծելու նպատակով բոլոր առաջարկները լսելու: