ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկեան «Էսոշիէյթըտ Փրէս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան վեց ընկերութիւններ, որոնցմէ հինգը զինուորական ճարտարարուեստի, իսկ մէկը՝ ուժանիւթի մարզէն, լուռ կերպով լոպպիական աշխատանք կը կատարեն Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ քննարկուող Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ։
«Պի.Էյ.Ի. Սիսթըմզ», «Կուտրի»չ, «Նորթրոփ Կրամըն», «Եունայթըտ Թեքնոլոճիզ», «Ռէյթիան» եւ ուժանիւթի «Շեւրոն» ընկերութիւնները այս տարուան առաջին քառորդին զանազան ծրագիրներ առաջ մղելու համար լոպպիական աշխատանքներու համար տրամադրած են 14 միլիոն տոլար։ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ աշխատանքին կողքին, անոնք մեծ գումարներ ծախսած են Փենթակոնէն ապսպրանքներ ստանալու, կենսոլորտի ապականման դէմ պայքարող կազմակերպութեանց դէմ դնելու, տուրքերը նուազեցնելու եւ այլ հարցերու համար։
Ըստ լրատու գործակալութեան, այդ ընկերութիւնները տարբեր հարցերով լոպպիինկի համար ծախսած են հետեւեալ գումարները. «Շեւրոն»՝ 6.8 միլիոն տոլար, «Նորթրոփ Կրամըն»՝ 2.6 միլիոն տոլար, «Եունայթըտ Թեքնոլոճիզ»՝ մօտաւորապէս 1.9 միլիոն տոլար, «Ռէյթիան»՝ մօտաւորապէս 1.4 միլիոն տոլար, «Պի.Էյ.Ի. Սիթըմզ»՝ աւելի քան 1.1 միլիոն տոլար, իսկ «Կուտրի»չ՝ 542,195 տոլար։
«Եունայթըտ Թեքնոլոճիզ», որ Թուրքիոյ «Սիքորսքի» տիպի ուղղաթիռներ կը վաճառէ, կը յայտնէ, թէ օրէնսդիրներու տրամադրած է տեղեկութիւն, «որ օժանդակած է ընդլայնելու առնչակից միջազգային առեւտուրի եւ ազգային ապահովութեան շահերու իրենց հասկացողութիւնը»։
«Նորթրոփ» ընկերութիւնը թրքական ընկերութեան մը հետ 3 միլիառ տոլարի համաձայնութիւն մը կնքած է Թուրքիոյ պատերազմական օդանաւեր մատակարարելու համար։ «Կուտրի»չ եւ թրքական ընկերութիւն մը համաձայնութիւն գոյացուցած են միատեղ շարժակներու նորոգութեան համար։ «Պի.Էյ.Ի. Սիսթըմզ» եւ թրքական ընկերութիւն մը միասնաբար թրքական բանակին զրահապատ մեքենաներ կը տրամադրեն։
«Շեւրոն»ի բանբեր մը լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ շարք մը շահերու, «ներառեալ ուժանիւթի քաղաքականութեան նեղ շրջանակէն դուրս եղող միջազգային հարցերով», լոպպիական աշխատանք կը կատարէ: