ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պետական համալսարաններուն մէջ, տարբեր միջպետական համաձայնագիրներու ծիրէն ներս, այլ երկիրներէ եկած ուսանողներուն թիւը աւելի է քան 2000: Ըստ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան միջազգային համագործակցութեան ու սփիւռքի վարչութեան միջազգային համագործակցութեան եւ կապերու բաժինի պետ Վահէ Գրիգորեանի, շուրջ 900 ուսանող կ՛ուսանի «Մ. Հերացի»ի անուան Երեւանի պետական բժշկական համալսարանին մէջ, որուն կը յաջորդէ Երեւանի պետական համալասարանը՝ 350 ուսանող, Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանը՝ աւելի քան 200 ուսանող:
Օտարերկրեայ ուսանողներ կան նաեւ Վ. Բրիւսովի անուան լեզուաբանական, Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական, ինչպէս նաեւ Տնտեսագիտական համալսարաններուն մէջ: Ուսանելու նպատակով Հայաստան կու գան յատկապէս Իրանէն՝ 1400 եւ Հնդկաստանէն՝ 500 ուսանող: Կան նաեւ Եգիպտոսէն, Չինաստանէն, Վրաստանէն, Իրաքէն, ինչպէս նաեւ Մեքսիքայէն: Անոնք կը նախընտրեն բժշկութիւնը, արհեստագիտական գիտութիւնները, ինչպէս նաեւ օտար լեզուները:
Հայաստանի մէջ քիչ չեն նաեւ ասպիրանտական կրթութիւն ստացող այլ երկիրներու քաղաքացիները:
Միջպետական ծրագիրներու ծիրէն ներս, այս տարի Հայաստանէն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ՝ Ռուսաստան, Չինաստան, Պուլկարիա, Ռումանիա, եւ Սուրիա, իրենց ուսումը պիտի շարունակեն շուրջ 70 ուսանողներ, որոնց նախընտրելի մասնագիտութիւններն են տնտեսագիտութիւն, միջազգային յարաբերութիւններ, քաղաքագիտութիւն: