ՔԱՆՈԿԱ ՓԱՐՔ.- Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄի Ասպետներ կազմակերպութեան, Հինգշաբթի, Յունիս 18ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, ՀԲԸՄի Մանուկեան Տէմիրճեան վարժարանի «Աղաճանեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հայ-թրքական յարաբերութեան նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով հայերէն ներողութիւն խնդրելու արշաւը սկսողներ՝ տոքթ. Ճէնկիզ Աքթար եւ Միշիկընի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեան:
Մուտքը ազատ է, իսկ վարժարանին հասցէն է՝ 6844 Oakdale Ave.:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (626) 794-7942 թիւին կամ Asbeds@agbuca.org համացանցային հասցէին: