ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այս տարուան Ֆրանսայի Քան քաղաքի շարժապատկերի աշխարհահռչակ փառատօնին ընթացքին ցուցադրուած Շանթ Համասեանի նորագոյն կարճ շարժապատկերը՝ «Spaceman On Earth»ը, Լոս Անճելըսի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ Յունիս 4ին, Հոլիվուտի «Փարամաունթ» շարժապատկերի ընկերութեան սրահներէն մէկուն մէջ:
Յատկանշական է, որ Համասեանի առաջին կարճ շարժապատկերը եւս ցուցադրուած էր Քան-ի մէջ:
Փասատինայի Art Center College of Design-էն աւարտած Համասեան իր գծագրական ձիրքերը լաւապէս կ՛օգտագործէ՝ հարստացնելու համար իր շարժապատկերներուն տեսական բաժինը, նուազագոյն գումարներ ծախսելով: Համասեան կը պատրաստուի իր նորագոյն ֆիլմին առնչուող խաղերու ու պատկերասփիւռային յայտագիրի մը ձեռնարկելու:
«Spaceman On Earth»ի գլխաւոր հերոսին դերը կը խաղայ ինքն՝ բեմադրիչը, իսկ դերակատարներուն մէջ կան Օսթին Հայսմիթ, Ալեքս Քալոկնոմոս, մինչ ձայնային բաժին մը ունի Էնկըս Սքրիմը:
Համասեանի մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել shanthamassian.blogspot.com համացանցային կայքը: