ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ համայնքներու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը նախկին «եօթի գործով» մեղադրեալներէն Միասնիկ Մալխասեանի դատավճիռը պիտի հրապարակէ Յունիս 22ին: Ըստ Վճռաբեկ դատարանի բանբեր Ալինա Ենգոյեանի, Յունիս 16ի դատական նիստին ընթացքին, վերջին խօսքով հանդէս եկած է ամբաստանեալը, ապա դատարանը անցած է խորհրդակցութիւններու սենեակ՝ դատավճիռ կայացնելու: Յիշեցնենք, որ Մ. Մալխասեանը կը մեղադրուի Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 225 յօդուածի 1ին եւ 38-316 յօդուածի 2րդ մասերով:
Նոյն դատարանին մէջ, երէկ՝ Յունիս 16ին, շարունակուած է նաեւ Ալեքսանդր Արզումանեանի եւ Սուրէն Սիրունեանի վերաբերերող քրէական գործի քննութիւնը, որուն ընթացքին ամբաստանեալները հանդէս եկած են պաշտպանական ճառով, վերլուծած են ձեռք բերուած ապացոյցները եւ գտած, որ իրենք պէտք է արդար նկատուին: Այնուհետեւ, անոնք դատարանէն ժամանակ խնդրած են՝ վերջին խօսքին նախապատրաստուելու համար: Դատարանը բաւարարած է միջնորդութիւնը եւ յաջորդ նիստ նշանակած է Յունիս 17ին:
Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ համայնքներու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ, երէկ՝ Յունիս 16ին, ընթացած է նաեւ Գրիգոր Ոսկերչեանի վերաբերող քրէական գործը, որուն ընթացքին դատաւորը որոշած է դիմել Փաստաբանական պալատ՝ նախորդ դատական նիստին ընթանքին դահլիճը լքած փաստաբաններ Ոսկանեանի եւ Շուշանեանի նկատմամբ կարգապահական վարոյթ յարուցելու համար, իսկ քրէական գործ յարուցելու միջնորդութեամբ՝ որոշած է դիմել ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն: Յաջորդ նիստը պիտի կայանայ Յունիս 17ին: