Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ինչի՞ կը ծառայէ մամուլին մէջ իբրեւ յօդուածաշարք լոյս տեսած գրութեան մը առանձնատիպ հատորով լոյս ընծայումը…
Հարցումին շարժառիթը՝ ծանօթ գրագէտ ու մտաւորական Ստեփան Ալաճաճեանի «Յորձանուտը» հատորն է։ Արդարեւ, 2009ի սկիզբները, Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսած այս հատորին բովանդակութեան հաւանաբար ծանօթ են պարբերական մամուլի ընթերցողները, որոնք յուշագրական սիւնակներուն հետեւեցան ամիսներ շարունակ։ Այսուամենայնիւ, հատորը շահեկան է ու հետաքրքրական՝ բազմաթիւ պատճառներով։ Նախ, հատոր մը մնայուն տեղ կը գրաւէ գրասէր-գրականասէրին գրադարանին մէջ ու չի դատապարտուիր օրաթերթի կամ պարբերաթերթի հետ կորսուելու ճակատագիրին. քանի՞ հոգի թերթի հաւաքածոյ կը պահէ…։ Յետոյ, նման հատոր մը ընթերցողը կը փրկէ «մասնավճարով» կարդալու տաղտուկէն։ Վերջապէս, գիրքը միշտ ալ ունի իր իւրայատուկ գրաւչութիւնը բոլոր անոնց համար, որոնք չեն տարուիր այն խաբուսիկ քարոզչութեամբ, թէ՝… գիրքի դարաշրջանը անցած է, ընթերցասիրութիւնը հին դարու արժէք է։
Վերի տողերը, ինչպէս կը նկատէ ընթերցողը, կապ չունին մեր բուն նպատակին հետ, որն է վեր առնել Ս. Ալաճաճեանի այս հատորին արժէքն ու արժանիքները, հպանցիկ ակնարկով մը անդրադառնալ անոր բովանդակութեան՝ ընթերցողը մղելու, որ չդառնայ «ընթերցումի դարը անցած է»ի պատանդը։
«Յորձանուտը» հատորը, ինչպէս նշեցինք, յուշագրական գործ է. իսկ երբ յուշագրողը արուեստագէտ գրող է, ապա հատորը չի կրնար զերծ մնալ գրական արժանիքի… «մեղք»էն։
Ս. Ալաճաճեանի գրիչին առաջին արգասիքը արդէն վաթսուն տարեկան է. իբրեւ արուեստագէտ, ան ծանօթ է իբրեւ բանաստեղծ, վիպագիր ու պատմուածագիր. անոնց վրայ կ՛աւելնան, անշուշտ, գրականագէտն ու գրական քննադատը։ Վերջին 25 տարիներուն, յիշեալ վաստակին վրայ աւելցած են յուշագրական հատորներ, որոնք նոյնքան արժէքաւոր են ո՛չ միայն մեր նորագոյն պատմութեան ու գրական աշխարհի «ներքին ծալքերուն» ծանօթացման իմաստով, այլ նաեւ պատմական իրադարձութեանց քննական ու վերլուծական մօտեցումին պատճառով:
«Յորձանուտը» հատորը, ուրեմն, Ս. Ալաճաճեանի յուշագրական նորագոյն ստեղծագործութիւնն է )դիտումնաւոր կերպով գործածեցինք ստեղծագործութիւն բառը(։ Զայն կարելի է համարել հեղինակին նախընթաց յուշագրութեանց շարունակութիւնը, բայց մանաւանդ ուղղակի շարունակութիւնը «Վաթսունական»ին, որ լոյս տեսաւ եօթը տարի առաջ։
Յուշերու այս շարքը կը տարածուի աւելի քան երեք տարիներու վրայ, թէեւ հատորին բնոյթն իսկ կ՛ենթադրէ, որ անիկա անխուսափելիօրէն դիտարկումներ պիտի կատարէ նախընթաց տարիներու եւ պատմական հանգրուաններու մասին։
Պատումին առաջին «արարը»՝ Չեխոսլովաքիոյ 1968ի շարժումին ճնշումն է Խորհրդային միութեան հրասայլերու շղթաներուն տակ, ու Փրակայի ազատատենչ ըմբոստներուն հաւաքական ձերբակալութեամբ։ Զուգահեռ գիծերու վրայ ակնարկութիւններ կը կատարուին արեւելեան եւրոպական այլ երկիրներու շարժումներուն, Ֆրանսայի 1968ի ուսանողական շարժումին ու մանաւանդ նշանաւոր գիտնական Անտրէ Սախարովի նոյնքան հռչակաւոր ազատական-այլախոհական շարժումին։ Այս բոլորը կը ներկայանան իրարու կից, կողք-կողքի զետեղուած պաստառներու վրայ, եւ ընթերցողին առիթ կու տան տեսնելու, որ 80ականերու վերջերուն փուլ եկած համայնավար կայսրութեան բերդին պատերը ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս սկսած էին ճաթռտիլ քսան-երեսուն եւ աւելի տարիներ առաջ, նախ՝ յետ-ստալինեան ազատականութեան առաջին )բայց վիժած( ալիքով, ապա նաեւ խրուշչովեան ու պրեժնեւեան տասնամեակներու թաւալումով, «դարաշրջաններ», որոնք սկսան յուսատու նշաններով, սակայն անկարող եղան ձերբազատելու բռնատիրական տրամաբանութենէն, կայսրութիւնը ի վերջոյ հասցնելով այնպիսի վիճակի, ուր գորբաչովեան կլասնոսթն ու փերեսթրոյքան անկարող պիտի մնային կացութիւն փրկելու…
Վերոյիշեալներուն պէս «մեծ զարգացումներու» զուգահեռ, հատորը լուսարձակի տակ կը բերէ հայկական, մեծ մասամբ՝ խորհրդահայ աշխարհը, սակայն նաեւ որոշ պատուհաններով՝ Հայաստան-արտերկիր-արտաքին աշխարհ յարաբերութիւններն ու գործակցութեան առիթները։
Մեր՝ հայկական քաղաքական-գրական անդաստանին դիտանկիւնէն, ու յատկապէս Խորհրդային Հայաստանի ներքին քաղաքական ու գրական խոհանոցներուն քիչ ծանօթներուն համար, հատորը ունի շահեկան եւ ուսանելի բաժիններ, որոնք կը զգենուն վաւերագրական ու պատմական կարեւորութիւն։ Հեղինակը լայն տեղ տուած է, օրինակի համար, Պարոյր Սեւակի «Եղիցի Լոյս» հատորին ծանօթ ոդիսականի նուազ ծանօթ ծալքերուն։ Կը բացուին որոշ չափով մութ մնացած ծալքերը այն խաղերուն, որոնց առարկայ եղած է Սեւակի գործը, վերածուելով քաղաքական մարդոց ու «քաղաքականացած» եւ օրուան կարգերուն հաւատարմութիւն հռչակած գրողներու համար ոտնագնդակի խաղի մը սեռի խնդիրին…։ Ազգային արժէքներու հետամուտ մտաւորականութեան արժեզրկումի, նաեւ, որոշ գրողներու պարագային՝ ինքնարժեզրկումի իրավիճակներ կը պատկերուին հատորի էջերուն։ Զուգահեռաբար, կը տրուին հանրածանօթ գրողներու, մտաւորականներու եւ ղեկավար դէմքերու մտերմիկ արտայայտութիւններէն քաղուած նկարագրային գիծեր ու դիմաստուերներ. այս ուրուագիծերուն մէջ ի յայտ կու գան հայրենասիրական, ոխակալութեան, փառամոլութեան ու այլամերժութեան արտայայտութիւններ, որոնց համատեղումը կը կազմէ յիշեալ տասնամեակներու մեր կեանքին մէկ կարեւոր բաժինին պատկերը:
Յուշերու պատումին միաձուլուած են վերլուծումներ, քննարկումներ, խորհրդածութիւններ, մտածումներ, որոնք հեղինակինն են եղած նոյնինքն այդ օրերուն, եւ չեն ներկայանար իբրեւ ուշացած մարգարէութիւն։ Կան նաեւ մանրապատումներ ու քովնտի դրուագներ, որոնց շարքին՝ Պետրոս Դուրեանի գանկին Հայաստան «մաքսանենգութեան» դրուագը։
Հատորին նախամուտը չորս տողնոց էջ մըն է, ուր հեղինակը արձանագրած է. «Անբարոյութիւն ու անիրաւութիւն է լուռ մնալ այն մասին, թէ ինչ անցաւ-դարձաւ մեր ժողովրդի գլխով, ե՛ւ 1915-1923 թուականներին, ե՛ւ կոմունիստների իշխանութեան տարիներին»։
Ս. Ալաճաճեան ապրած է ստալինեան ու յետ-ստալինեան տարիներու ողբերգական պայմանները, սակայն նաեւ ճաշակած է նոյն շրջանի բարեշրջական ու հայրենաշինական ծլարձակումները։ «Յորձանուտը» կը փորձէ ըլլալ մանր հայելիներով կազմուած խճանկար մը. ընթերցողը կրնայ դիւրութեամբ տեսնել, որ այդ «հին օրեր»էն մնացած հետքեր այսօր ալ ներկայութիւն են Հայաստանի ու աշխարհի մէջ։ Ս. Ալեաճաճեան այդ մասին ուղղակի ակնարկութիւն չի կատարեր, սակայն պատմական սխալներու մասին յուշ գրողը ստիպուած չէ նման ուղղակի մատնանշումներ կատարելու։ Մտաւորականի մը պատգամը կարելի է կարդալ նաեւ տողերուն միջեւ, տողատակի։ Հեղինակը չ՛արհամարհեր ընթերցողին ուշիմութիւնը։ Յամենայնդէպս, անոր ուղղակի պատգամները կը ներկայանան այլապէս, օրինակի համար՝ հետեւեալ մտածումով ու մօտաւորապէս հետեւեալ բառերով. «Բնակավայր կրնայ ըլլալ որեւէ երկիր, սակայն հայուն հայրենիքը միայն մէկ տեղ կրնայ ըլլալ. Հայաստանը…»:
Յուշերու շարքը կը հասնի մինչեւ Պարոյր Սեւակի եղերական մահուան օրերը։