ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Չորեքշաբթի, Յունիս 17ին տեղեկացած է, թէ Քալիֆորնիոյ քոնկրէսականներէն Լորա Ռիչըրտսըն խոստացած է հովանաւորել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող նորագոյն քոնկրէսական բանաձեւը, որ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած էր:
Թիւ 252 բանաձեւին նեցուկ կանգնելու որոշումը Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին փոխանցելով՝ Ռիչըրտսըն յայտնած է, թէ 1915-1923 թուականներուն միջեւ հայերուն դէմ թուրքերու կողմէ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը աննախընթաց իրադարձութիւն մըն էր եւ տեղի ունեցած ջարդերուն միակ յարմար անունը պէտք է «ցեղասպանութիւն» ըլլայ, նաեւ՝ «Պէտք չէ վախնանք, անոր իսկական անունը արտայայտելէ»:
Ռիչըրտսըն աւելցուցած է, թէ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը եւ գրեթէ բոլոր վաստակաւոր պատմաբանները կ՛ընդունին, որ հայերը զոհ գացած են 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան, սակայն Թուրքիա կը շարունակէ ուրացման այս իրականութիւնը:
Քոնկրէսականը նաեւ ողջունած է պատմական այս իրականութիւնը միջազգային հանրութեան եւ ամերիկացի ժողովուրդին ծանօթացնելու նպատակով՝ ամերիկահայութեան տարած աննկուն աշխատանքը: