ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Էյ.-Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնը քաղելով թրքական «Տողան» լրատու գործակալութենէն՝ կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ Իգտիր շրջանի ելեւմտական հարցերու տնօրէն եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներու խումբ մը այցելած է Հայաստան։ Իգտիրի մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարներէն Մահմուտ Շէք եւ պատուիրակութեան միւս անդամները երեք օրերու ընթացքին այցելած են Հայաստանի մէջ պատմական եւ տեսարժան վայրեր, եւ ամէնուր յայտնած են, թէ թուրք են ու որեւէ ժխտական հակազդեցութեան չեն հանդիպած։
Շէք յայտնած է, որ պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ կ՛ուզէ, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բացուի։
«Հայաստանի մէջ ծախուող արտադրութեանց մեծամասնութիւնը Թուրքիոյ մէջ արտադրուած է։ Սակայն Իգտիր, որ Հայաստանի ամէնէն մօտ վայրն է, չի կրնար այս առեւտուրին մէջ բաժին ունենալ։ Ասոր համար սահմանները պէտք է բացուին», ըսած է Շէք։