Իբրեւ 96ամեայ կազմակերպութիւն, ՀՄԸՄը իր գործունէութեան ընթացքին հաստատած է շարք մը աւանդութիւններ, որոնցմէ մէկն է Նաւասարդեան խաղերու Պատուոյ նախագահի պաշտօնին հաստատումը, որ յաւելեալ փայլք մը տուած է այս խաղերուն:
Այս տարուն Նաւասարդեան 34րդ խաղերը բացառութիւն մը չէին այս առումով, սակայն նորութիւնը այն է, որ նախկին պատուոյ նախագահներէն խումբ մը, նկատի առնելով այն իրողութիւնը, որ այս տարուան ընթացքին շարք մը ուրախալի ծրագիրներ գործադրութեան մէջ են, սկսելով Շրջանային նոր կեդրոնէն, հասնելով մինչեւ նոր բանակավայրն ու Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի, Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի եւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի նոր կեդրոնները մէջտեղ բերելու աշխատանքները՝ առաջադրած են ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, որ պատուոյ նախագահները միասնաբար ստանձնեն այս տարուան նախագահութիւնը՝ զայն աւելի ազդեցիկ դարձնելով:
Ընդունելով այս առաջարկը, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ պատուոյ նախագահներուն, որոնք այս շինիչ առաջարկով աւելի եւս հարստացուցած են այս տարուան խաղերը:
Ստորեւ կու տանք պատուոյ նախագահներուն ցանկը.
Վահան եւ Անուշ Շամլեաններ (1983), Էնտի եւ Ալին Անտոնեան (1984), Ճորճ եւ Ալիս Ադամեան (1985), Սարգիս եւ Թամարա Արեւեան (1986), Կարօ Սողանալեան (1987), Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան (1988), տէր եւ տիկին Մարտիկ Յովսէփեան (1989), Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան (1990), Վարդգէս եւ Ֆլորա Ալահայտոյեան (1991), Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան (1992), Գերոբ Արաքելեան (1993), Երուանդ Սիսեանի յիշատակին (1994), Հրաչ եւ Մարինէ Անտոնեան (1996), Կարպիս եւ Թերէզ Քեմանճեան (1997), տէր եւ տիկին Տիգրան Տէր Ղազարեան (1998), Աշխէն Փիլաւճեան (2000), տէր եւ տոքթ. Վաչէ Սողոմոնեան (2001), Ալպերթ Շահինեան (2002), Սարգիս եւ Սուզան Կիցինեան (2003), Չարլի եւ Ժիւլի Կալեան (2004), Շանթ եւ Վերժին Հայթայեան (2005), Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան (2006), Վարուժ Պետիկեան (2007) եւ Վահագն ու Պայծար Թովմասեան (2008):