Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Լաւ եւ սննդարար ուտելիքը մեր առողջութեան նպաստող լաւագոյն միջոցն է: Իւրաքանչիւր պատառ, որ մեր բերանը կը դնենք, մեզի կը պարգեւէ լաւ կամ վատ իրավիճակ: Բոլորս ալ գիտենք, թէ մեր ուրախ ըլլալն անգամ կախեալ է մեր առողջութենէն: Երբ լաւ կ՛ուտենք, առողջ կ՛ապրինք:
Այս թիւով կը ներկայացնենք կարգ մը ուտելիքներ, որոնք նոյնիսկ կարգ մը անհանգստութիւններ կանխարգիլելու եւ մեզի աւելի առողջ վիճակի մէջ պահելու հնարաւորութիւնը ունին: Այսպէս՝
1- Գլխացաւ: Անոնք, որոնք կը տառապին գլխացաւէ, կը թելադրուի իրենց ձուկ ուտել: Ձուկը հարուստ է ձկանիւղով, որ հիմնականօրէն կրնայ կանխարգիլել գլխացաւը: Նոյնը նաեւ կը կատարէ ginger-ը, որ ունի նաեւ բորբոքումը նուազեցնելու յատկութիւն:
2- Բարձր æերմութիւն: Բարձր ջերմութիւն ունենալու պարագային, պէտք է առատ մածուն ուտել:
3- Առատ թէյ խմելր կը նպաստէ կաթուածը կանխարգիլելու: Թէյ խմելը լաւագոյն միջոցներէն մէկը կը համարուի երակներու մէջ իւղի կուտակումները կանխարգիլելու: Նաեւ թէյ խմելը որոշ չափով կուշտ կը պահէ մեզ: Յատկապէս կանաչ թէյի պարագային, որ կը նպաստէ մարմինի դիմադրողական համակարգի զարգացման ու հզօրացման:
4- Անքնութիւն: Անոնք, որոնք կը տառապին անքնութենէ, կրնան օգտագործել մեղրը իբրեւ բուժիչ, հանդարտեցուցիչ եւ քնաբեր յատկութիւններով հարուստ սննդանիւթ:
5- Ազմա: Անոնք, որոնք կը տառապին շունչի նեղութենէ եւ լուրջ ազմայի յարձակումներու կ՛ենթարկուին, անոնց թելադրելի է սոխ ուտելը: Սոխը իր բուժիչ յատկութիւննեով կրնայ մեղմացնել շնչառական խողովակներու խցումը:
6- Յօդացաւ: Անոնք, որոնք յօդացաւէ կը տառապին, շատ կարեւոր է, որ ձուկ սպառեն իրենց սննդականոնին մէջ: Հիմնականօրէն սալմոն ձուկը, թունան, մաքէրէլ եւ սարտին ձուկերը աւելի շատ օգտակար են այս պարագային, քան այլ տեսակի ձուկերը: Ձկանիւղը կրկին մեծ նպաստ ունի մեր մարմինի դիմադրողականութիւնը զօրացնելու գործին:
7- Երբ ստամոքսդ խանգարուած է, անմիջապէս դիմէ տաք ջուրին, պանանին եւ ապա ginger-ին: Յղի կանանց համար ginger-ը կրնայ նպաստել առաւօտեան անհանգիստ վիճակը աւելի թեթեւ տանելու համար:
8- Միզամանի բորբոքումներու համար կարելի է օգտագործել գրէնպէրրի հիւթ: Բարձր տոկոսով դդու կը պարունակէ իրեն մէջ այս հիւթը:
9- Ոսկորային հարցեր: Արքայախնձոր կերէք ձեր ոսկորներուն համար: Մանկանէզ նիւթը, որ առատօրէն կը գտնուի արքայախնձորին մէջ, կրնայ ոսկորներու փտախտը կանխարգիլել:
10- Յիշողութեան եւ սուր միտք ունենալու համար, օգտագործեցէք ոստրէները (oyster) ձեր սննդականոնին մէջ: Հիմնականին մէջ «զինք» նիւթն է, որ շատ կարեւոր է ուղեղի աշխատանքին եւ յիշողութեան համար:
11- Պաղին դիմանալու դժուարութիւն ունիս, ուրեմն՝ սխտոր կե՛ր: Անշուշտ իր հոտով այնքան ալ բաղձալի չէ այս մէկը, սակայն իր պարունակած նիւթերով եւ սննդարար յատկութիւններով նախանձելի է: Մինչեւ իսկ մարմինը պաղ եղանակին վարժ պահելու համար սխտորը իր ներգործութիւնը ունի:
12- Հազացողները կրնան դիմել ձեր խորհուրդին: Պաղ օդին, փոխանակ հազալու՝ կարմիր կծծու պղպեղ օգտագործեցէք: Պղպեղը իր բուժիչ յատկութիւններուն պատճառով նաեւ կ՛օգտագործուի հազի բոլոր դեղերուն մէջ ընդհանրապէս:
13- Կուրծքի քաղցկեղ: Անոնք, որոնք կը տառապին անկէ եւ կամ նախապէս հասած են այս վիճակին, պէտք ունին հացահատիկներու, ցորենի եւ նաեւ բանջարեղէններէն՝ կաղամբի:
14- Թոքերու քաղցկեղ: Այն բանջարեղէնները, որոնք կանաչ գոյնի տերեւներ ունին, անհրաժեշտ է զանոնք օգտագործել՝ հեռու մնալու համար քաղցկեղէն: Նաեւ նարինջը շատ կարեւոր պտուղ մը կը համարուի քաղցկեղի դէմ պայքարողներուն համար:
—————————————————————————————————
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Հաւու Կտորներ Օրզոյով
Եւ Իտալական Դդումով
4 հոգիի համար
Բաղադրեալներ
1 գաւաթ չոր յունական օրզօ
4 կտոր հաւու կուրծք՝ առանց մորթի ու ոսկորի
1 թ. դգալ չոր ռեհան
3 ա. դգալ ձիթաիւղ
2 հատ շերտուած միջակ դդում (zucchini)
2 ա. դգալ կարմիր գինիի քացախ
1 ա. դգալ ջարդուած թարմ dill
լիմոնի շերտեր
Պատրաստութիւն
1- Օրզոն պատրաստեցէք ըստ տրուած բացատրութեան: Անոր ջուրը պարպեցէք ու մէկ կողմ դրէք՝ բերանը գոց, որպէսզի տաք մնայ:
2- Միջոցին հաւու կտորներուն վրայ ցանեցէք չոր ռեհանը եւ համեմեցէք աղով ու սեւ պղպեղով:
3- Մեծ տապակի մը մէջ դրէք մէկ դգալ ձիթաիւղը եւ տաքցուցէք: Աւելցուցէք հաւու կտորները եւ ձէթին մէջ տապկեցէք երկու երեսները շուրջ 10-15 վայրկեան: Նաեւ կրնաք հասկնալ, թէ պատրաստ է կամ ոչ, երբ անոր գոյնը կը փոխուի: Հաւու կտորները հեռացուցէք տապակէն ու անոր մէջ դրէք դդումի շերտերը, ապա շուրջ 3 վայրկեան տապկեցէք մինչեւ երեսի մաշկին կարմրիլը:
4- Խորունկ ամանի մը մէջ միասին խառնեցէք քացախը, մնացեալ ձէթը, եւ մէկ դգալ թարմ dill-ը: Աւելցուցէք օրզոն ու լաւ խառնեցէք: Վրան ցանեցէք աղ եւ սեւ պղպեղ՝ ըստ փափաքի: Հաւու կտորները հրամցուցէք օրզոյով եւ դդումով: Զարդարանքի համար կրնաք օգտագործել լիմոնի կտորները եւ նաեւ թարմ dill-ը: